MAP

Երիտասարդներ, հաւատք եւ ապագայ. Լեւոն ԺԴ.ի պատասխանները յոյս որոնող երիտասարդներուն

«Եթէ Իսկապէս կը ցանկանաք հանդիպել Յարութիւն առած Տիրոջը։ Ունկնդրեցէք անոր Խօսքը, որը փրկութեան Աւետարանն է։ Փնտռեցէք արդարութիւնը՝ նորոգելով ձեր կեանքի ուղին՝ աւելի մարդկային աշխարհ կառուցելու համար։ Ծառայեցէք աղքատներուն՝ վկայելով այն բարութեան մասին, որ մենք միշտ կը ցանկանանք ստանալ մեր մերձաւորներէն։ Երկրպագութիւն ըրէք Սուրբ Հաղորդութեան՝ յաւիտենական կեանքի աղբիւր։ Սորուեցէք, աշխատեցէք և սիրեցէք Յիսուսի նշման՝ բարի Ուսուցիչը, որ միշտ կը քալէ մեր կողքին», յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ երկուշաբթի օր` 28 Յուլիսին սկիզբ առած երիտասարդներու յոբելենական ուխտագնացութիւնը որ այս օրերուն Հռոմի մէջ համախմբեց աշխարհի 146 երկիրներէն ժամանած կէս միլիոնէն մէկ միլիոն երիտասարդներ, որոնք ապրեցան ապաշխարութեան, աղօթքի, ուրախութեան եւ եղբայրութեան անմոռանալի պահեր, ահա կը հասնի իր աւարտին, շաբաթ 2 օգոստոսի երեկոյեան Թոր Վերկաթա շրջանին մէջ տեղի ունեցած հսկումի աղօթքով եւ վաղը` կիրակի 3 օգոստոսի առաւօտեան նոյն վայրին մէջ նախատեսուած պատարագով։

Առաւօտ կանուխէն բոլոր երիտասարդները` որոնք այս օրերուն հիւրընկալուած էին Հռոմի ու Հռոմի մօտակայքը գտնուող իրենց վերապահուած վայրերուն մէջ ուղղուեցան Թոր Վերկաթա, ուր կէսօրէն ետքը ժամը երեքին սկիզբ առաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ մի քանի արուեստագէտներու, որոնք առաւօտեան առիթը ունեցած էին հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։

Երգերով, ներկայացումներով վկայութիւններուն ու աղօթքի ընդմիջումներով յայտագիրը աւարտեցաւ երբ Լեւոն ԺԴ. Պապը ինքնաթիռով ժամանեց երիտասարդներու համախմբումի վայր, իր մասնակցութիւնը բերելու հաւաքին ու երիտասարդներուն հետ կիսելու իր մտորումները։

Արդարեւ աղօթքի ու երկխօսութեան երեկոյի ընթացքին երեք երիտասարդներ յանուն բոլոր ներկաներուն իտալերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով հարցումներ ուղղեցին Քահանայապետին, հարցումներ բարեկամութեան, ընտրելու քաջութեան ու լռութեան եւ Յիսուսի հետ հանդիպելու հաւաստիութեան մասին, որոնց Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ներկայացնելով խորհրդածութեան նիւթեր` անոնց համար, որոնք այսօր կը դիմագրաւեն թուային առանձնութեան մարտահրաւէրը, անորոշութիւնը ու իսկական ապրումի մը իմաստի որոնումը։

Երիտասարդներու Յոբելեանի հսկումը

Բարեկամութիւն ու սէր ընկերային ցանցերու դարաշրջանին մէջ

«Սրբազան Հայր մենք զաւակներ ենք մեր ժամանակներուն ու կ՛ապրինք մշակոյթ մը որ մեզի կը պատկանի ու մեզ կը ձեւաւորէ, ու յատկանշուած է յատկապէս ընկերային ցանցերով. Յաճախ պատրանքն ունինք որ բազմաթիւ բարեկամներ ունինք բայց եւ այնպէս յաճախ կը փորձարկենք առանձնութիւնը։ Մենք մօտիկ ենք ու կապուած բազմաթիւ անձերու բայց եւ այնպէս այս կապերը յաճախ իսկական ու մնայուն չեն այլ փխրուն ու խաբէական։ Ինչպէս կարելի է գտնել իսկական բարեկամութիւն մը եւ ինչպէս հաւատքը կարող է մեզի օգնել կառուցելու համար ապագան» եղաւ Լեւոն ԺԴ. ին ուղղուած առաջին հարցումը որուն պատասխանելով Ան յիշեցուց` որ իւրաքանչիւր կեանք կը ծնի եւ կ՛աճի շնորհիւ կապերու եւ յարաբերութիւններու ու թէ այդ գործընթացին մէջ մշակոյթը հիմնարար դեր կը խաղայ. Անիկայ այն զօդն է, որով մենք կը մեկնաբանենք մեզ և աշխարհը։ ... «Իւրաքանչիւր մշակոյթ կը պարունակէ ազնիւ եւ անպարկեշտ բառեր, զոր մենք պէտք է սորուինք ճանչնալ» եւ «Ճշմարտութիւնը կրքոտօրէն փնտռելով՝ մենք ոչ միայն ձեռք կը բերենք մշակոյթ, այլեւ մեր կեանքը կը վերափոխենք ընտրութիւններու միջոցաւ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը մատնանշելով որ` արհեստագիտութիւնը եւս հանդիպումի հոյակապ հնարաւորութիւն է, բայց ան կարող է նաեւ մասնատել յարաբերութիւնները, երբ այնտեղ կը գերակայէն շուկայական ու մսխումի տրամաբանութիւնները։

«Երբ գործիքները կը գերիշխեն մարդուն վրայ, մարդը կը դառնայ գործիք. այո՛, շուկայական գործիք, ինքնին ապրանք։ Միայն անկեղծ յարաբերութիւններն ու կայուն կապերը կը ծնին լաւ կեանքի պատմութիւններ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. այս ծիրէն ներս որպէս օրինակ ներկայացնելով Սուրբ Օգոստինոսը որ ապրեցաւ «փոթորկալից երիտասարդութիւն» բայց երբեք չի դադրեցաւ որոնելու ճշմարտութիւնը եւ իսկական բարեկամութիւնը, զոր գտաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Արդարեւ միայն Քրիստոսին հետ բարեկամութիւնն է որ երջանկութիւն կու տայ եւ առ յաւէտ է։ Սիրելի երիտասարդները իրար սիրեցէք։ Իրար սիրեցէք Քրիստոսի մէջ։ Միւսներուն մէջ տեսնելով Յիսուսը։ Բարեկամութիւնը կարող է իսկապէս փոխել աշխարհը։ Բարեկամութիւնը ճանապարհն է խաղաղութեան։

Երիտասարդներու Յոբելեանի հսկումը

Ընտրելու քաջութիւնը եւ իսկական ազատութիւնը

Երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր ընտրելու վախին, դարաշրջանի մը մէջ որ յատկանշուած է անորոշութեամբ։ Այս առնչութեամբ Քահանայապետը բացատրեց որ իւրաքանչիւր ընտրութիւն միայն արտաքին արարք մը չէ, այլ արտայայտութիւնը այն բանին զոր մենք կը փափաքինք դառնալ։

Սիրելի երիտասարդներ, ընտրութիւններ կատարել կը սորուինք կեանքի փորձանքներուն ընդմէջէն ու նախ եւ առաջ յիշելով որ մենք ընտրուած ենք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ մենք կեանքը ստացանք ձրի կերպով առանց ընտրութեան ու թէ ան պտուղն է սիրոյն անոր` որ մեզ ուզեց։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ թէ ընտել կը նշանակէ նաեւ հրաժարիլ բանէ մը որ շատ անգամ մեզ կը կաշկանդէ, ուստի ազատ ըլլալու համար պէտք է հիմնուիլ հաստատ մէկ հիմքէ մը եւ այդ հիմքը սէրն է, Աստուծոյ սէրը, որ ոչ մէկ բան կը պակսեցնէ, այլ իւրաքանչիւր մէկ բան կը հասցնէ աւարտին։

«Ընտրելու քաջութիւնը կը ծնի այս սէրէն զոր Աստուած կը յայտնէ Քրիստոսով» յարեց Քահանայապետը հաստատելով որ Յիսուսին հետ հանդիպումը կը համապատասխանէ մեր սրտին ամենախոր սպասումներուն որովհետեւ Ան Աստուծոյ մարդեղացած Սէրն է։

«Յիսուսն է զոր կը փնտռէք երբ կ՛երազէք երջանկութիւնը. Ան է որ ձեզ կը սպասէ երբ ոչինչ ձեզ կը բաւարարէ։ Ան է գեղեցկութիւնը, որ այդքան ձեզ կը ներգրաւէ։ Ան է որ ձեզ կը գրգռէ արմատականութեան այն ծարաւով, որ թոյլ չի տալ համակերպիլ փոխզիջումներուն։ Ան է, որ կը դրդէ ձեզ մէկ կողմ դնել կեանքը կեղծող դիմակները։ Ան է, որ ձեր սրտին մէջ կը կարդայ ամենաճշմարիտ որոշումները, որոնք ուրիշները կցանկանային խեղդել» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. կրկնելով երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Նոյն վայրին մէջ քսանհինգ տարիներ առաջ արտասանած խօսքերը ԵՀ ԺԵ Օրուան հսկումին առիթով ու հրաւիրեց ներկաները չի վարանելու արմատական ընտրութիւններ կատարելէ ինչպիսիք են ամուսնութիւնը, քահանայութիւնը ու կրօնական կեանքը, որոնք ազատութեան ու լիութեան նշաններ են, որոնք մեզ իսկապէս երջանիկ կը դարձնեն ու իմաստ կու տան մեր կեանքին, զայն վերածելով Կատարել Սիրոյն պատկերին համաձայն, սէրը զոր ստեղծեց մեր կեանքը ու զայն փրկեց չարէն։

Այս մէկը կ՛ըսեմ մտաբերելով երկու երիտասարդուհիներ` սպանացի քսանամեայ Մարիան եւ տասնութամեայ եգիպտացի Փասքալը, երկուքն ալ ընտրեցին Հռոմ գալ երիտասարդներու Յոբելեանի առիթով ու մահը զանոնք խլեց այս օրերուն։ Միասին աղօթենք անոնց համար, յոյսի ուխտաւորներ, աղօթենք անոնց ընտանիքներուն, բարեկամներուն եւ հասարակութիւններուն համար։ Թող որ Յարուցեալ Յիսուս զանոնք ընդունի իր Արքայութեան խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ։ Եւ աղօթենք նաեւ սպանացի երիտասարդին համար որ կը գտնուի «Պամպինօ Ճեզու» հիւանդանոցին մէջ ըսաւ Սրբազան Պապը։

Լռութեան արժէքը ու բարիին կոչը

«Սրբազան Հայր մենք կը ձգտինք դէպի ներքին կեանքը, նոյնիսկ եթէ յաճախ նկատուած են մակերեսային և անհոգ։ Մենք մեր մէջ խորապէս կը զգանք գեղեցկութեան և բարութեան կոչը՝ որպէս ճշմարտութեան աղբիւր։ Լռութեան արժէքը, ինչպէս այս հսկումի ժամանակ, մեզ կը գրաւէ, նոյնիսկ եթէ երբեմն ան վախ կը ներշնչէ՝ դատարկութեան զգացողութեան պատճառով։ Ինչպէ՞ս կարող ենք իսկապէս հանդիպիլ Յարութիւն առած Տիրոջ և վստահ ըլլալ որ Ան իսկապէս ներկայ է նոյնիսկ դժուարութիւններու և անորոշութիւններուն մէջ» եղաւ Քահանայապետին ուղղուած երրորդ ու վերջին հարցումը որուն պատասխանելով Ան հրաւիրեց նախ եւս առաջ սրտին ու խղճին մէջ գտնել բարիի իղձի ակնաղբիւրը։ Քրիստոսն է արդարեւ այն բարեկամը որ մեզի կ՜ընկերանայ միշտ ու Աստուած ներկայ կը դարձնէ մեր կեանքին մէջ, նաեւ դժուար պահերու ժամանակ։

«Եթէ Իսկապէս կը ցանկանաք հանդիպել Յարութիւն առած Տիրոջը։ Ունկնդրեցէք անոր Խօսքը, որը փրկութեան Աւետարանն է։ Փնտռեցէք արդարութիւնը՝ նորոգելով ձեր կեանքի ուղին՝ աւելի մարդկային աշխարհ կառուցելու համար։ Ծառայեցէք աղքատներուն՝ վկայելով այն բարութեան մասին, որ մենք միշտ կը ցանկանանք ստանալ մեր մերձաւորներէն։ Երկրպագութիւն ըրէք Սուրբ Հաղորդութեան՝ յաւիտենական կեանքի աղբիւր։ Սորուեցէք, աշխատեցէք և սիրեցէք Յիսուսի նշման՝ բարի Ուսուցիչը, որ միշտ կը քալէ մեր կողքին», յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով Քրիստոսին հանդիպիլ Եկեղեցւոյ մէջ ու խրախուսելով երիտասարդները դառնալու յոյսին վկաները։

Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Օգոստիսնոսի մէկ խօսքին որուն մէջ կը հաստատէ որ մարդուն սիրտը խաղաղութիւն չի գտնէր մինչեւ այն ատեն որ չի հանգչիր Աստուծոյ մէջ ապա խօսքը աւարտեց երիտասարդներուն յանձնելով երախտագիտութեան ու յանձնառումի աղօթք մը` ուղղուած Յիսուսին Անորմէ հայցելով մաս մնալ անոր բարեկամներուն, որպէսզի կարող ըլլան զայն ճանչցնելու ուրիշներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2025, 22:11