Սրբազան Պապը այցելեց Պամպին Ճեզու հիւանդանոցին մէջ գտնուող սպանացի երիտասարդը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր երեկոյեան Լեւոն ԺԴ Պապը այցելութիւն տուաւ Ինիացիօ Կոնզալէսին Երիտասարդներու Յոբելեանի առիթով Հռոմ ժամանած սպանացի երիտասարդին որ անցեալ օրերուն բուժման համար փոխադրուեցաւ Պամպին Ճեզու – Յիսուս Մանուկ հիւանդանոց։ Քահանայապետը Անոր ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ ունեցաւ սիրալիր զրոյց մը։ Աւարտին Ան ողջունեց ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի մի քանի հիւանդներ ապա նախ քան Վատիկան վերադառնալը անհատական հանդիպումներ ունեցաւ երիտասարդ որոշ հիւանդներու հարազատներուն, երեխաներուն և հիւանդանոցի անձնակազմին հետ։
Յուզմունքով լի մթնոլորտի մէջ Քահանայապետը Հայր Մեր աղօթքը արտասանեց ներկաներուն հետ անոնց տալով իր օրհնութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը Թոր Վերկաթայի տարածքին Երիտասարդներու Յոբելեանի Հսկումի ժամանակ հրաւիրած էր երիտասարդները աղօթելու Ինիացիոյի եւ երկու երիտասարդ աղջիկներ քսանամեայ սպանացի Մարիայի եւ տասնըութը տարեկան եգիպտացի Փասքալին համար, որոնք ընտրած էին Հռոմ գալ Երիտասարդներու Յոբելեանին առիթով, սակայն մահը վրայ հասնելով զանոնք խլեց երիտասարդ հասակին։
Ինիացիոյի ընտանիքին զգացումներն ու յոյզերը
Երիտասարդ Ինիացիոյին ընտանիքը, հայրը` Փետրօ Փապլօ, մայրը` Քարմեն Կլորիա, եղբայրը` Փետրօ Փապլօ Ժունիոր եւ քոյրը Ատելան, որ անոր մօտիկ կը գտնուին մեծ յուզմունքով ընկալեցին Քահանայապետի այս անսպասելի այցը։ Ան անոնց մօտ մնաց գրեթէ կէս ժամ անոնց հետ աղօթելով «Ողջոյն քեզ Մարիամ» եւ «Հայր մեր» աղօթքները, անոնց հետ խօսելով Աւետարանի, յաւիտենական կեանքի եւ Աստուծոյ կամքի մասին։
«Անոր խօսքերը մեծապէս օգնեցին մեզի» ըսաւ Ինիացիոյին հայրը Փետրօ Փապլոն Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Ան մեզի ըսաւ որ կարեւորը Աստուծոյ կամքը կատարելն է, ու թէ մեր իսկական տեղը յաւիտենական կեանքն է, երկինքի մէջ։ Այս մէկը մեծապէս մխիթարեց մեզ, որովհետեւ մենք անձեր ենք, որոնք կը փափաքին ապրիլ հաւատքը...եւ այսպիսի տառապալից պահի մը ընթացքին Քահանայապետը ունկնդրելը ամենագեղեցիկ բանն էր որ կարող էր մեզի պատահիլ» ըսաւ ի միջի այլոց Փետրօ Փապլոն։
Նոյն համոզումով է նաեւ Քարմեն Կլորիան որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետին այդ գեղեցիկ անակնկալին համար։ Սրբազան Պապը ինծի ըսաւ որ եթէ Ինիացիոն մինչեւ Հռոմ եկած էր մասնակցելու Յոբելեանին, ինք եւս կարող էր մինչեւ հիւանդանոց գալ, զինք տեսնելու համար։ Պարզ բարեր` բայց լի քնքշութեամբ ու սիրով» ըսաւ Քարմեն Կլորիան, որ ապա աւելցուց թէ Սրբազան Պապը իրենց ըսաւ թէ այս մէկը խորհուրդ մըն է, ու նոյնիսկ եթէ մենք շատ բան չենք հասկնար, գիտենք« որ Աստուած այնտեղ է եւ մեզի համար կ՛ուզէ միայն լաւագոյնը։
«Որպէս մայր ես տեսայ Յիսուս Քրիստոս, որ մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. Դուն միայնակ չես, ահա թէ ինչ նշանակեց ինծի համար Քահանայապետին ներկայութիւնը հիւանդանոցին մէջ, հաւաստիութիւնը` որ Աստուած մեզ չի լքեց» ըսաւ Ինիացիոյին մայրը, որ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որ իրենց միացած են աղօթքով։
«Չենք գիտեր թէ ինչպէս պիտի աւարտի այս հարցը բայց Լեւոն Պապը մեզի յորդորեց, թէ Աստուծոյ կամքը ընդունիլը մեզի պիտի օգնէ։ Ինքն ալ մտահոգ էր եւ հասկցաւ մեր ապրած տառապանքը» եղան Ինիանցիոյին եղբօր խօսքերը, որ իր կարգին, Ինիացիոյի եւ իրենց քրոջ հետ միասին, Հռոմ եկած էր մասնակցելու Երիտասարդներու Յոբելեանին։ Այս խօսքերուն արձագանգեց նաեւ Ատելան որ յուզմունքով լեցուեցաւ երբ Քահանայապետը Թոր Վերկաթայի տարածքին արտասանեց եղբօր անունը` աղօթք խնդրելով անոր համար։
«Հազիւ Քահանայապետը հիւանդանոց հասաւ ես լացի եւ աղօթեցի» ինծի համար անսպասելի էր այս մէկը, ըսաւ Ատելան, որ յոյսի յոբելեանի ուխտագնացութեան իր մասնակցութեամբ հասկացաւ մէկ բան` թէ կայ յոյս մը` որ յուսախաբ չի թողուր, եւ ինք ու իր ընտանիքը դարձան այդ յոյսին վկաները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ