Ժամադրութիւն կու տամ Սէուլ. Լեւոն ԺԴ. հրաժեշտը երիտասարդներէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մեր Տէրը Յիսուս ներկայ է մեր միջեւ ու մեր մէջ...միացած անոր կ՛ուզենք մեծ շնորհակալութեան խօսք մը բարձրացնել առ հայր ձեր Յոբելեանի այս օրերուն համար, որոնք եղան շնորհքներու ջրվէժ մը` Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին համար». Այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Կիրակի 3 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան, Հռոմի Թոր Վերկաթա տարածքին վրայ գլխաւորած Երիտասարդներու Յոբելեանի եզրափակիչ պատարագի աւարտին ու նախ քան նոյն վայրէն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, ողջունեց այնտեղ համախմբուած մէկ միլիոնէ աւելի երիտասարդները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մէկիկ մէկիկ, իրենց ներկայութեան համար։
Մարիայի եւ Փասքալի յիշատակը
Ան ապա յատուկէն յիշեց ու Տիրոջ բարեգթութեան յանձնեց «Մարիան եւ Փասքալը, երկու երիտասարդ ուխտաւորները, մէկը սպանացի մէկը եգիպտացի, որոնք մեզ թողուցին այս օրերուն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով երկու երիտասարդ աղջիկներուն, որոնք դժբախտաբար մահացան Հռոմի մէջ, մինչ կը մասնակցէին երիտասարդներու Յոբելենական ուխտագնացութեան, մահեր որոնք ցնցեցին համայն երիտասարդները ու նաեւ Լեւոն ԺԴ. որ երէկ երեկոյեան եւս զանոնք յիշեց հսկումի աղօթքի ժամանակ։
Շնորհակալութիւն կղերական դասին ու դաստիարակներուն
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կղերական դասին` եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու նաեւ դաստիարակներուն, որոնք ընկերացան երիտասարդներուն ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք աղօթեցին ու աղօթքով ընկերացան եւ հոգեպէս մասնակցեցան այս օրերու տօնախմբութիւններուն։
Կազայի եւ Ուքրանիոյ երիտասարդներուն ողջոյնի խօսք
Սրբազան Պապը ապա անգլերէն լեզուն օգտագործելով մօտիկութիւն արտայայտեց բոլոր երիտասարդներուն որոնք «կը տառապին ծանր չարիքներու հետեւանքով, զոր պատճառուած են այլ մարդ էակներէ» ու յայտնեց թէ իրենք մօտիկ են Կազայի երիտասարդներուն, Ուքրանիոյ երիտասարդներուն ու նաեւ բոլոր անոնց` որոնք կ՛ապրին պատերազմով յատկանշուած որեւէ երկրի մը մէջ։
Տարբեր աշխարհ մը կարելի է
«Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք նշանն էք` որ տարբեր աշխարհ մը կարելի է, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան աշխարհ մը, ուր հակամարտութիւնները կը լուծուին ոչ զէնքերով այլ երկխօսութեամբ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. սպաներէն լեզուով հաստատելով, որ այս մէկը կարելի է Քրիստոսին հետ, Անոր սիրով, անոր ներումով ու Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ։
«Սիրելի եղբայրներ, շարունակեց Սրբազան Պապը, միացած Յիսուսին` որպէս որթատունկի ճիւղեր, դուք շատ պտուղներ պիտի բերէք, պիտի ըլլաք երկրին աղը եւ աշխարհին լոյսը, պիտի ըլլաք յոյսի սերմեր, բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր կ՛ապրիք, ընտանիքին մէջ, բարեկամներուն հետ, դպրոցի, աշխատաքի ու մարզանքի ժամանակ։ Յոյսի սերմեր` Քրիստոսի մեր լոյսին հետ» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ այս Յոբելեանի յոյսի ուխտագնացութիւնը կը շարունակուի ու մեզ պիտի տանի Ասիական ցամաքամաս։
Ժամադրութիւն Սէուլ
Կը նորոգեմ Ֆրանչիսկոս Պապին Լիզպոնի մէջ ուղղած հրաւէրը երկու տարիներ առաջ հանդիպելու Պետրոսի յաջորդին հետ Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ կայանալիք ԵՀՕ 3-էն 8 օգոստոս 2027-ին, ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով .Օրուան բնաբանին. «Քաջ եղէք ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ 16,33) որմէ մեկնելով նշեց որ «ճիշտ այն յոյսը, որ կը բնակի մեր սրտերուն մէջ մեզի ուժ կը պարգեւէ հռչակելու Յարուցեալ Քրիստոսին յաղթանակը մահուան ու չարին վրայ, եւ ասոր` դուք յոյսի երիտասարդ ուխտաւորներ, պիտի ըլլաք վկաները մինչեւ աշխարհիս կատարածը»։
«Ձեզի ժամադրութիւն կու տամ Սէուլ, շարունակենք երազել միասին, յուսալ միասին» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները իրենք զիրենք յանձնելու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին, աղօթելով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Ողջոյն բոլոր երիտասարդներուն որոնք չկարողացան Հռոմ գալ
Նախ քան հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը ուզեց վերջին ողջոյնի խօսք մը ուղղել երիտասարդներուն անգամ մը եւս շնորհակալութին յայտնելով անոնց, ու բոլոր անոնց որոնք աշխատեցան պատրաստելու համար այս շաբաթը այս Յոբելեանը, ըսաւ Ան ու յատուկ ողջոյն մը ուղղեց Քորէացի երիտասարդներուն ապա բոլորէն խնդրեց` որ իր ողջոյնները տանին բոլոր այն երիտասարդներուն որոնք չկարողացան Հռոմ գալ ու մասնակցիլ տարբեր պատճառներու բերումով, ի միջի այլոց պատերազմի պատճառաւ։
«Այս ձեր ուրախութիւնը ձեր խանդավառութիւնը տարէք համայն աշխարհ դուք երկրին աղն էք ու աշխարհին լոյսը» կրկնեց Սրբազան Պապը եւ աւլեցուց իմ ողջոյնս տարէք բոլոր ձեր բարեկամներուն. Բոլոր երիտասարդներուն, որոնք կարիքը ունին այս յոյսի պատգամին»։
«Դարձեալ շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ եւ բարի ճանապարհ» եղան Լեւոն ԺԴ. հրաժեշտի վերջին խօսքերը ուղղուած երիտասարդներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ