Իրավիճակներէն օգտուելու փոխարէն սորվինք ծառայել. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 31 օգոստոս 2025-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց օգոստոս ամսուայ վերջին Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը ներշնչում քաղելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածէն (Ղուկաս 14։1, 7-14)։
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ուրախ կիրակի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։
«Սեղանի շուրջ միասին նստիլը, յատկապէս հանգիստի և տօնակատարութեան օրերուն, խաղաղութեան և հաղորդակցութեան նշան է իւրաքանչիւր մշակոյթի մէջ։ Այս կիրակնօրեայ Աւետարանին մէջ (Ղուկաս 14։1, 7-14) Յիսուս ճաշի հրաւիրուած է փարիսեցիներու ղեկավարներէն մէկու մը մօտ։ Հիւրեր ունենալը կ՛ընդլայնէ սրտին տարածքը, իսկ հիւր ըլլալը կը պահանջէ խոնարհութիւն՝ ուրիշներուն աշխարհը մտնելու համար։ Հանդիպման մշակոյթը կը սնուի այս ժեստերով, որոնք կը մօտեցնեն» ըսաւ ապա Քահանայապետը նկատել տալով` որ «Հանդիպիլը միշտ ալ դիւրին չէ» ու թէ «Աւետարանիչը դիտել կու տայ, որ սեղանի շուրջ նստածները Յիսուսը «կը քննէին», և ընդհանրապէս Ան որոշակի կասկածանքով դիտուած էր աւանդապահներու կողմէ։ Այնուամենայնիւ, հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ Յիսուս իրապէս մօտիկ կը դառնայ եւ չի մնար իրավիճակներէն դուրս։ Ան իսկապէս կը դառնայ հիւր՝ յարգանքով և իսկութեամբ»։
Կեանքը մրցում չէ
Ան կը հրաժարի այդ ձևակերպութիւններէն՝ որոնք միայն փոխադարձ ներգրգռուածութենէն խուսափելու ձեւեր են։ Այսպիսով, իր ոճով, առակ մը կ՛օգտագործէ նկարագրելու համար այն, ինչ որ կը տեսնէ. առաջին տեղերը գրաւելու մրցավազքը, որ կը պատահի նաեւ այսօր այն առիթներու ընթացքին երբ «նկատուիլը» կարևոր կը դառնայ եւ միասին ըլլալը կը վերածուի մրցակցութեան, յարեց ի միջի ալոց Քահանայապետը, դիտել տալով, որ «Տիրոջ նուիրուած օրը Սուրբ Զոհին շուրջ միասին նստիլը կը նշանակէ Յիսուսին թողուլ խօսքը։ Ան մեծ ուրախութեամբ կը դառնայ մեր հիւրը ու կարող է մեզ նկարագրել այնպէս ինչպէս ինք մեզ կը տեսնէ։ Եւ շատ կարեւոր է, որ մենք իրար տեսնենք իր հայեացքով ու վերամտածենք թէ ինչպէս շատ անգամ կեանքը կը դարձնենք լոկ մրցում մը...
Խոնարհութիւնը ազատութեան կատարել ձեւ
«Կանգ առնել և խորհրդածել, ցնցուիլ Խօսքով մը` որ մարտահրաւէր կը նետէ մեր սրտերը զբաղեցնող առաջնահերթութիւններուն։ Ասիկա ազատութեան փորձառութիւն է։ Յիսուս մեզ կը կոչէ ազատութեան» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. ու շարունակեց. «Աւետարանին մէջ Ան կ՛ օգտագործէ «խոնարհութիւն» բառը՝ ազատութեան կատարեալ ձևը նկարագրելու համար (տե՛ս Ղուկաս 14։11): Խոնարհութիւնը արդարեւ մենք մեզմէ ազատիլ է։ Անիկայ կը ծնի երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ու անոր արդարութիւնը իրապէս մեզ գրաւած են ու մենք մեզի թոյլ կու տանք նայիլ հեռուն»։
Սորվինք ծառայել
«Ան` որ ինքզինք կը գովաբանէ ընդհանրապէս կարծես թէ իրմէ աւելի հետաքրքիր ոչ մէկ բան գտած է եւ վերջին հաշուով, այդքան ալ ինքնիր վրայ վստահ չէ։ Բայց ան` որ հասկցաւ որ շատ թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն, ան որ խոր կերպով կը զգայ իր Աստուծոյ զաւակը ըլլալը, շատ աւելի մեծ բաներ ունի որոնցմով կը հրճուի եւ ունի ինքնին փայլող արժանապատուութիւն։ Անիկա առաջին տեղը կը գրաւէ առանց ջանք գործադրելու և առանց ռազմավարութիւններու, երբ իրավիճակներէն օգտուելու փոխարէն կը սորվինք ծառայել»։
«Սիրելիներ խնդրենք այսօր` որ Եկեղեցին բոլորին համար ըլլայ խոնարհութեան մարզասրահ, այսինքն այդ տունը, ուր միշտ ալ բարի եկած ենք, ուր տեղերը չեն գրաւուիր, ուր Յիսուս կարող է տակաւին խօսք առնել ու մեզ կրթել իր խոնարհութեան եւ իր ազատութեան։ Մարիամ` որուն այժմ պիտի աղօթենք այս տան իսկական Մայրն է» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ