MAP

Աւետարանի նեղ դուռը՝ կոչ է հաւատքը ապրելու իսկութեամբ. Լեւոն ԺԴ

Աստուած չի փնտռեր կեանքէն անջատ պաշտամունք, այլ սէր, որ կը վերածուի արդարութեան, ողորմածութեան և ուրիշներու բարօրութեան հանդէպ նուիրուածութեան: Իսկական հաւատքը կը չափուի սիրելու, բարին ընտրելու, դժուար ընտրութիւններու առջև կանգնելու և եսասիրութեան դէմ պայքարելու ունակութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 24 Օգոստոս 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու, որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

Աղօթքին առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը, մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ. 13,22-30) «որուն կեդրոնը կը գտնենք «նեղ դուռին» պատկերը, զոր Յիսուս կը գործածէ պատասխան տալու մէկու մը, որ իրեն հարց կու տայ եթէ քիչ են անոնք` որոնք պիտի փրկուին» ըսաւ Սրբազան Պապը ու մէջբերեց Յիսուսին խօսքերը. ««Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան»։

Չի բաւեր հաւատքը դաւանիլ խօսքերով 

«Եթէ Աստուած սիրոյ եւ ողորմութեան Հայրն է ինչու Յիսուս կ՜ըսէ որ փրկութեան դուռը նեղ է» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու բացատրեց որ «Յիսուս չուզեր մեզ յուսահատեցնել։ Անոր խօսքերը կը ծառայեն ցնցելու կանխավարկածն անոնց, որոնք կը կածեն թէ արդեն իսկ փրկուած են, անոնց` որոնք կրօն կը դաւանին, եւ իրենք զիրենք արդեն հաստատուած կը զգան»։

«Իրականութեան մէջ անոնք չեն հասկցած որ կրօնական գործողութիւններ կատարելը բանարար չէ, եթէ չեն վերափոխեր սիրտը. Տէրը չուզեր որ պաշտամունքը բաժնուած ըլլայ կեանքէն, և Ան չի գնահատեր զոհաբերութիւններն ու աղօթքները, եթէ անոնք մեզ չեն առաջնորդեր սէրը ապրելու մեր եղբայրներու և քոյրերու նկատմամբ ու գործադրելու արդարութիւնը», յարեց Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ այս խօսքերով Յիսուս խուճապի կը մատնէ «հաւատացեալներու վստահութիւնը» ու մեզի կ՛ըսէ թէ չի բաւեր հաւատքը դաւանիլ խօսքերով, մասնակցիլ Սուրբ Հաղորդութեան ու լաւապէս ճանչնալ քրիստոնէական ուսուցումը։

Հաւատքը ընտրութիւններուն չափանիշ

Մեր հաւատքը իսկական է երբ ան կ՛ողջագուրէ մեր համայն կեանքը, երբ ան կը դառնայ մեր ընտրութիւններուն չափանիշը, երբ մեզ կը դարձնէ մարդիկ եւ կիներ որոնք յանձնառու են բարիի մէջ եւ սէրը վտանգի տակ կը դնեն ինչպէս ըրաւ Յիսուս. Ան արդարեւ չ՛ընտրեց դիւրին ճամբան եւ համբաւը, կամ իշխանութիւնը, այլ մեզ փրկելու համար մեզ սիրեց մինչեւ այդ «նեղ դուռէն», Խաչէն անցնիլը։

«Ան է մեր հաւատքի չափանիշը, Ան այն դուռն է, որով մենք պէտք է անցնինք փրկուելու համար (հմմտ. Յովհ. 10։9), ապրելով Անոր նոյն սէրը և մեր կեանքով դառնալով արդարութեան ու խաղաղութեան գործիչներ» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ այս մէկը կը նշանակէ դժուար եւ ոչ ժողովրդական ընտրութիւններ կատարել, պայքարիլ սեփական եսասիրութեան դէմ և նուիրուիլ ուրիշներին, յամառօրէն բարին գործել այնտեղ, որտեղ, կարծես, կը գերակշռէ չարի տրամաբանութիւնը...։

«Հայցենք Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի օգնէ` քաջութեամբ անցնելու Աւետարանի այդ «նեղ դուռէն» որպէսզի ուրախութեամբ բացուինք Հօր Աստուծոյ սիրոյ լայնութեան» եղան Քահանայապետին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2025, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >