Լեւոն ԺԴ. Փերույի երիտասարդներուն. Երբ Փերու կը վերադառնաք այդ հողատարածքը լեցուցէք Աւետարանի ուրախութեամբ եւ ուժով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 28 Յուլիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունեցաւ իրարու յաջորդող հանդիպումներ որոնց շարքին նաեւ Փերույէն ժամանած երիտասարդներու հետ հանդիպումը, որոնք այս օրերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Երիտասարդներու Յոբելեանին, որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր ու պիտի աւարտի յառաջիկայ 3 Օգոստոսին։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց զանոնք ընդունելու համար, ընդգծելով յոյսի եւ հաւատքին կարեւորութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը ուր կը խօսուի մանանեխի Հատիկի եւ թթխմորի առակներուն մասին քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն։
«Կը հայի երկու տարրերը գրեթէ աննշան են, բայց եւ այնպէս, իրենց մէջ կրած կենսական ուժի շնորհիւ, անոնք կարող են վերափոխուիլ, աճիլ և ծառայել այն նպատակին, որուն համար ստեղծուած են», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ, որ մենք «ալ փոքր ենք, սակայն առանձին չենք. Տէրը մեզ ընտրեց որպէսզի մաս կազմենք մեր ընտանիքի մը, Եկեղեցին, որուն մէջ ... կարող ենք աճիլ եւ Տիրոջ շնորհքով պտուղ բերել, աշխարհի մէջ տարածելով Աւետարանը։
«Երիտասարդներու Յոբելեանի այս օրերուն դուք պիտի ապրիք Աստուծոյ Ժողովուրդին մաս կազմելու գեղեցիկ փորձառութիւնը», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու խրախուսեց երիտասարդները այս օրերուն ապրումները կիսելու միւսներուն հետ, «երբ Փերու կը վերադառնաք այդ հողատարածքը լեցուցէք Աւետարանի ուրախութեամբ եւ ուժով, Յիսուս Քրիստոսի Աւետիսով» ըսաւ Ան, յորդորելով սիրել ու ծառայել ձրիութեամբ, դառնալով առաքեալներ, բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր պիտի երթան։
«Եղէք Տիրոջ ներկայութեան արտացոլանքը, ինչպէս մեր սիրելի Փերուացի սուրբերն էին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. յիշեցնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապը Փերույի մասին խօսած է որպէս «սուրբ երկիր» մը, ապա անոնց վրայ հայցեց Աւետարանութեան Սուրբ Կոյսին հովանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ