MAP

2025.06.25 Udienza Generale

Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած են Քահանայապետական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները

Ունկնդրութիւնները կը վերսկսին Յուլիս ամսուայ աւարտին` չորեքշաբթի 30 Յուլիսին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տարիներու սովորութիւն է` որ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները զոր Քահանայապետերը ընդհանրապէս կը կատարեն չորեքշաբթի օրը։

Յուլիս ամիսը կը զուգադիպի նաեւ Քահանայապետերու հանգստեան շրջանի հետ։ Անոնք արդարեւ կը փոխադրուին Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց որտեղէն մերթ ընդ մերթ կը շարունակեն նաեւ իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս կ՜ընէ այս օրերուն Լեւոն ԺԴ. Պապը որ անցեալ 6 Յուլիսէն ի վեր կը գտնուի այնտեղ եւ յառաջիկայ Կիրակի օր` 20 Յուլիսի առաւօտուն այնտեղ գլխաւորած պատարագէն ու Մարեմեան Աղօթքէն ետքը պիտի վերադառնայ Հռոմ։ Վերջին Քահանայապետերէն միայն մէկը Ֆրանչիսկոս Պապը երբեք չի փոխադրուեցաւ այնտեղ ու նախընտրեց ամարային «արձակուրդը» անցնել Վատիկանի իր նստավայրը ընտրած Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ։

Չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք բաց են բոլոր այն հաւատացեալներուն որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ համախմբումին սկզբնական շրջանին տեղի կ՛ունենային Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։

1975-ի Սուրբ Տարուան առթիւ, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կատարուեցան հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի ունեցան ու կը շարունակէն այսօր եւս տեղի ունենալ «Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ», զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այս դիտաւորութեամբ։

Ունկնդրութիւններուն կարող են ազատ ու ձրիօրէն մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները, որոնք ունկնդրութեան սկիզբը առիթը կ՛ունենան մօտէն տեսնելու Քահանայապետը, որ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կը կատարէ Սուրբ Պետրոս հրապարակին, կամ Ներվի սրահին մէջ, քալելով կ՛անցնի անոնց միջեւ, օրհնելով ծերունիներն ու մանուկները։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ, զոր կը կատարուի տարբեր լեզուներով, որմէ ետքը Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որոշ նիւթի մասին մտածական մը, զոր հակիրճ թարգմանութեամբ կը ներկայացուի նաեւ այլ լեզուներով։

2025-ի Յոյսին նուրուած Սուրբ Տարուան առիթով ընտրուած նիւթն է «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը», որուն խորհրդածութիւններու շարքը սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը այս տարուան սկիզբը եւ զոր կը շարունակէ նոր ընտրեալ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկնդրութիւնները կը վերսկսին Յուլիս ամսուայ աւարտին` չորեքշաբթի 30 Յուլիսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2025, 10:05