MAP

TAIWAN-WEATHER-TYPHOON

Թայուան. Լեւոն ԺԴ կ՛աղօթէ փոթորիկի զոհերուն համար ու օգնութիւն կ՛ուղարկէ բնակչութեան

Սրբազան Պապը տեղեակ պահուած է արևադարձային կիկլոնի պատճառած վնասներու մասին և Առաքեալական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակէն խնդրած է աջակցութիւն ցուցաբերել աղէտէն տուժածներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը տեղեակ է Թայուանի Տանասի մէջ արևադարձային կիկլոնի պատճառած զոհերու ու վնասներու մասին։ Ան կ՛աղօթէ անոնց համար որոնք թիրախ դարձան աղէտին եւ Առաքեալական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակէն խնդրած է «շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերել աղէտէն տուժածներուն»։ Լուրը լրագրողներուն հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Թայուանի ափերը հարուածող արևադարձային կիկլոնը աւերներու հետք թողած է իր ետին։ Մինչ այժմ հաստատուած է երկու մարդու մահը, իսկ աւելի քան 500-ի վիրաւորումը, որոնցմէ շատերը տուժած են բեկորներէ և կառոյցներու փլուզումներէ եւ կամ զոհը դարձած են ճանապարհային վթարներու արևադարձային կիկլոնի ընթացքին։ Նախնական հաղորդագրութիւններու համաձայն՝ աւելի քան 3000 մարդ իրենց բնակարաններէն հեռացուած են

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2025, 15:23