Լեւոն ԺԴ. Պապին անակնկալը երիտասարդներուն. Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք աշխարհին համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` 29 Յուլիսի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Երիտասարդներու Յոբելեանի բարի գալուստի պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը անսպասելի անակնկալ մը ըրաւ երիտասարդներուն, որոցմէ ոմանք կը պատրաստուէին լքելու հրապարակը, երբ պատարագիչ արքեպիսկոպոսը Հրաւիրեց զանոնք իրենց տեղերը մնալու. «որովհետեւ Սրբազան Պապը անակնկալ մը ունի ձեզի համար» ըսաւ Ան, մինչ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով մուտք կը գործեր հրապարակ, ուր համախմբուած էին աւելի քան 120 հազար երիտասարդներ, որոնք ծափահարութիւններով եւ հրճուանքի եւ ուրախութեան աղաղակներով ընկալեցին այս անսպասելի անակնկալը։
Հրապարակին ու Քոնչիլիացիոնէ պողոտային շրջանը կատարելէն ետքը Նորին Սրբութիւնը բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն ու անգլերէն, իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով.
«Յիսուս մեզի ըսաւ դուք երկրին աղն էք։ Դուք աշխարհին լոյսն էք։ Եւ այսօր ձեր ձայները, ձեր ոգևորութիւնը, ձեր աղաղակները, որոնք բոլորը Յիսուս Քրիստոսի համար են, լսելի են մինչև աշխարհիս վերջը։ Այսօր կը սկսի մի քանի օրուայ ճանապարհորդութիւն, Յոյսի Յոբելեանը, և աշխարհը կարիքը ունի յոյսի պատգամներու։ Դուք էք այս պատգամը, և դուք պէտք է շարունակէք յոյս տալ բոլորին։ Յաջորդ օրերուն, դուք հնարաւորութիւնը պիտի ունենաք ըլլալու ուժ մը, որ կարող է Աստուծոյ շնորհքով տանիլ յոյսի պատգամ մը, լոյս մը Հռոմ քաղաքին, Իտալիոյ ու համայն աշխարհին. Միասին քալենք Յիսուս Քրիստոսի մէջ մեր հաւատքով։ Մեր աղաղակը պէտք է ըլլայ նաեւ ի սպաս աշխարհի խաղաղութեան։ Միասին կրկնենք. Մենք կ՛ուզենք աշխարհի համար խաղաղութիւն» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը մինչ հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող տասնեակ հազարաւոր երիտասարդները համապատասխանելով Քահանայապետի հրաւէրին կրկնեցին. «Մենք կ՛ուզենք աշխարհի համար խաղաղութիւն»։
«Աղօթենք խաղաղութեան համար եւ ըլլանք Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութեան, հաշտութեան, որոնուած լոյսին վկաները։ Եղբայրներ և քոյրեր, թող Տէրը ձեր հետ ըլլայ, Կը հանդիպինք Թոր Վերկաթայի մէջ։ Բարի շաբաթ» յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաժեշտ առնելով հրապարակէն ու ժամադրութիւնըտալով շաբաթ օր երեկոյեան Թոր Վերկաթայի մէջ կայանալիք աղօթքի հսկումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ