Praedicate Evangelium Առաքելական Սահմանադրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Praedicate Evangelium-ը (Հռչակեցէք Աւետարանը») առաքելական սահմանադրութիւնն է, որով հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը բարեփոխեց Հռոմի Քուրիան: Սահմանադրութիւնը երկար տարիներու աշխատանքէն ետքը հրատարակուեցաւ 2022 թուականի մարտի 19-ին՝ Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, և ուժի մէջ մտաւ նոյն տարուայ Յունիսի 5-ին՝ Հոգեգալուստի տօնին օրը, փոխարինելով ու չեղեալ համարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի 1988 թուականի Յունիսի 28-ին հրատարակած «Pastor Bonus – Բարի Հովիւ» առաքելական կանոնադրութիւնը:
Արդարաեւ 19 մարտ 2022-ին Սուրբ Կոյս Մարիամի փեսայ Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակած էր հաղորդագրութիւն մը` որով կը հաստատէր, թէ նոր առաքելական սահմանադրութեան հրապարակումով «Հռոմէական Քուրիայի վերաբերեալ բարեփոխումներու գործողութիւնը կը ստանայ իր վերջնական ձևը»:
250 յօդուածներէ բաղկացած վերոնշեալ սահմանադրութիւնը պտուղն է երկար տարիներու աշխատանքին, որ սկիզբ առաւ 2013 թուականին եւ կը փոխարինէ, ինչպէս նշեցինք, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի “Pastor bonus” – Բարի Հովիւ – սահմանադրութիւնը որ հրապարակուած էր 28 Յունիս 1988ին եւ ուժի մէջ մտած մէկ մարտ 1989-ին։
Առաքելական այս նոր Սահմանադրութեան համաձայն Սուրբ Աթոռի բոլոր պաշտօնական կառոյցները այսուհետ կը կրեն «Տիքասթեր»՝ «Վերատեսչութիւն» անունը, իսկ անոնց ղեկավարները՝ «վերատեսուչ» տիտղոսը: Նախկին կառոյցներուն աւելցան նոր կառոյցներ, որոնք իրենց կարգին կը կրեն «վերատեսչութիւն» անունը։
Սահմանադրութիւնը կազմուած է 11 Գլուխներէ որոնց մաս կը կազմէ նախաբան մը, եւ ժամանակաւոր կանոն մը։ Անոր Բ Գլուխը նուիրուած է «Հռոմի Քուրիայի ծառայութեան սկզբունքներուն ու չափանիշներուն», մինչ Գ գլուխին մէջ նշուած են «Ընդհանուր կանոնները»։ Չորրորդ գլուխը յատկացուած է Պետական Քարտուղարութեան, ապա հինգերորդին մէջ ներառուած են բոլոր Վերատեսչութիւնները, որոնց թիւը տասնվեց է։ Վեցերորդ եւ եօթներորդ Գլուխները նուիրուած են Արդարութեան եւ Տնտեսութեան Մարմիններու մինչ ութերորդը տարբեր գրասենեակներու։ Ապա կայ փաստաբաններուն նուիրուած Գլուխ մը` իններորդը հուսկ Սուրբ Աթոռին կապուած հաստատութիւններուն հայող Գլուխը որ տասներորդն է։
«Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումը իրական և հնարաւոր կը դառնայ, եթէ ան բխի ներքին բարեփոխումէն, որուն միջոցաւ մենք մերը կը դարձնենք «Տիեզերական Ժողովին հոգևորականութեան տիպարը», որ արտայայտուած է «Բարի սամարացի հին պատմութեան» մէջ, այն մարդուն, որ շեղեցաւ իր ճանապարհէն՝ մօտենալու համար կիսամեռ մարդուն, որ չի պատկանիր իր ժողովրդին և զոր Ան նոյնիսկ չի ճանչնար։ [...]» կը կարդանք Առաքելական Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ։
«Հետևաբար, պէտք է պարզ ըլլայ, որ «բարեփոխումը ինքնանպատակ չէ, այլ միջոց՝ ուժեղ քրիստոնէական վկայութիւն տալու, աւելի արդիւնաւէտ աւետարանութիւն խթանելու, աւելի բեղմնաւոր համամիութենական ոգի խթանելու, բոլորի հետ աւելի կառուցողական երկխօսութիւն խրախուսելու համար» գրուած է ի միշտ Praedicate Evangelium,Առաքելական Սահմանադրութեան Նախաբանին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ