MAP

Udienza generale di Papa Leone a San Pietro

Կը մաղթեմ` որ Յոբելենական այս օրերը աշխարհին հաղորդեն յոյսի, խաղաղութեան ու սիրոյ պատգամ մը. Լեւոն ԺԴ

Չորեքշաբթի օրուայ Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն ու յատկապէս աշխարհի տարբեր երկիներէն ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն որոնք այս օրերուն կ՛ապրին իրենց յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 30 Յուլիսի առաւօտեան` ամարային դադարէն ետքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող բազմահազար ուխտաւոր հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսքեր ուղղելով յատկապէս երիտասարդներուն, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կ՛ապրին իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը եւ երէկ երեկոյեան նոյն հրապարակին վրայ մասնակցեցան ուխտագնացութեան բացման պատարագին։

Ֆրանսալեզու հաւատացեալներուն ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց` որ երիտասարդներու այս յոբելենական օրերը կարողանան աշխարհին հաղորդել յոյսի, խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամ մը, մինչ իտալացի երիտասարդներուն ուղղած խօսքին մէջ Ան հրաւիրեց զանոնք աղօթելու` որպէսզի այս հաւատքի, խորհրդածութեան ու բարեկամութեան օրերը բարի պտուղներ տան։

Սրբազան Պապը քաջալերեց հուսկ անգլիալեզու երիտասարդները իրենց սիրտը բանալու Աստուծոյ բուժող սիրոյն, որպէսզի աշխարհի մէջ դառնան յոյսի լուսաւոր փարոսներ։ Լեհաստանէն ժամանած ուխտաւորները ողջունելով Քահանայապետը մաղթեց, որ Յիսուսին հետ անոնց հանդիպումը աւելիով ամրապնդէ անոնց հաւատքն ու յոյսը, սրտերը լեցնէ խաղաղութեամբ ու զանոնք միացնէ Քրիստոսի սիրոյն։

«Քրիստոսէն ընդունեցէք այս պարգևները և զանոնք կիսեցէք ձեր հասակակիցներու և հայրենիքի մէջ գտնուող ձեր հայրենակիցներուն հետ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ լեհ երիտասարդներուն մինչ սպանալեզու հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու յատկապէս Եկեղեցւոյ համար, որպէսզի ան երբեք չդադրի մարդիկը առաջնորդելու Տիրոջ հետ հանդիպումին։

Գերմանացի երիտասարդներուն ուղղած խօսքին մէջ Քահանայապետը մաղթեց, որ այս օրերուն ապրուած հաղորդութեան փորձառութիւնը անոնց յիշեցնէ` որ «ան որ կը հաւատայ երբեք միայնակ չէ»։

«Եղէք միշտ Քրիստոսի հաւատքին ուրախ վկաները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա արաբական աշխարհի երիտասարդները հրաւիրեց իրենց սրտերը բանալու Յիսուսի եւ յոյսով ու վստահութեամբ ունկնդրելու Անոր խօսքը, որովհետեւ Ան ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք է։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2025, 10:28