MAP

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Բռնութեան անմեղ զոհերուն ոչ մէկ աղաղակ անլսելի պիտի չմնայ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Միացեալ Նահանգներէն ժամանած համամիութենական ուխտագնացութեան մասնակցող անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 17 յուլիսին, Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Միացեալ Նահանգներէն ժամանած Կաթողիկէ Օրթտոսքս համամիութենական ուխտագնացութեան մասնակցող անդամները, որոնք Հռոմի մէջ Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն եւ Կոստանդնուպոլսոյ Անդրէաս առաքեալին վայրին մէջ կատարած են ուխտագնացութիւն մը, որ նաեւ նշանակալից է Նիկիոյ ժողովի տօնակատարութեան 1700 ամեակին լոյսի տակ, ըսաւ Քահանայապետը, Ան ապա իր «մեծայարգոյ յատուկ ողջոյնները» յղելով Բարթողոմէոս Պատրիարքին ընդգծեց, որ հաւատոյ հանգանակը, որ ժողովի հայրերուն կողմէ որդեգրուած հաւատքի խորհրդանիշն է « կը մնայ՝ 381 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողովի կողմէ կատարուած լրացումներու հետ միասին, բոլոր քրիստոնեաներու ընդհանուր ժառանգութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ առ «Աւելին, նախախնամական զուգադիպութեամբ, այս տարի մեր եկեղեցիներուն մէջ օգտագործուող երկու օրացոյցները կը համընկնին այնպէս մը որ մենք կարողացանք միաբերան երգել Զատկուան Ալէլուիա» Քրիստոս Յարեաւ Ի մեռելոց», Ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով «այդ խօսքերը կը հռչակեն, թէ մեղքի եւ մահուան խաւարը յաղթահարուած է մորթուած գառնուկի՝ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Կողմէ ու Սա մեզի յոյս կը ներշնչէ, քանի, որ գիտենք, որ բռնութեան անմեղ զոհերուն ոչ մէկ ճիչ, իրենց երեխաներուն համար սգացող մօր ոչ մի ողբ պիտի մնայ անպատասխան։

«Մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ է եւ ճիշդ այս պատճառաւ է որ մենք անընդհատ կ՝օգտուինք Անոր շնորհքի անսպառ աղբիւրէն, կանչուած անոր վկաները ու կրողները ըլլալու» ու այս կապակցութեամբ Քահանայապետը յիշեց Յոյսի նուիրուած յոբելինական Տարին, ըսելով «ձերդ գերազանցութիւն «Էլբիտոֆորոս» մետրոպոլիտդ, ձեր նոյնիսկ անունը կ՝ըսէ , որ դուք Յոյսի կրող էք։ Կը մաղթեմ որ ձեր ուխտագնացութիւնը ձեզ հաստատէ յոյսին մէջ որ կը ծնի Յարուցեալ Տիրոջ հանդէպ հաւատքէն», ըսաւ Պապը խնդրելով ներկաներէն որ իր ողջոյնները փոխանցեն մեծայարգոյ եղբայր Բարթողոմէոս Պատրիարքին, որ այդքան բարեհամբոյր կերպով մասնակցեցաւ իր Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին յոյս յայտնելով որ քանի ամէս ետք պիտի կարենայ հանդիպիլ ներկաներուն հետ՝ մասնակցելու համար Նիկիոյ ժողովին համամիութենական տարեդարձին։

Անդրադառնալով առաքեալներու միջեւ միութեան մասին, ինչպէս Յիսուսը ըսած էր որպէսզի բոլորը մենք ըլլան (Յովսհ 17,21)քահանայապետը Յիշեց 7 դեկտեմբեր 1965ին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին աւարտէն առաջ Սուրբ Պօղոս Զ եւ Պատիրարք Աթենակորային ստորագրած համատեղ հռչակագիրը, ըսելով որ այդ հռչակագիրէն «առաջ ձեր նման ուխտագնացութիւն մը հաւանական,է որ նոյնիսկ հնարաւոր պիտի չ՝ըլլար» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով Հռոմը, Կոստանդնուպոլիսը եւ միւս բոլոր աթոռները կանչուած չեն մրցելու գերակայութեան համար, վտանգի չ՝ենթարկուելու համար ինչպէս առաքեալները երկար ուղեւորութեան ընթացքին, մինչ Յիսուս կ՝աւետէր իր մօտալուտ չարչարանքի մասին կը վիճէին թէ իրենցմէ ով է մեծը (Մար 9,33-37)։

Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամին մէջ յիշեց Յոբելինական Սուրբ Տարուան կոնդակին մէջ գրած Ֆրանչիսկոս Պապին այն գրութիւնը ուր նշուած է « այս Սուրբ Տարին բոլոր քրիստոնեաներու համար պիտի ուղղորդէ դէպի այլ հիմնարար տարեդարձին, « 2033ին, չարչարանքով, մահով, յարութեամբ մեր Տէր Յիսուսի Փրկութեան 2000 ամեակը։

«Թող որ մեր հաւատքի արմատներուն այս վերադարձը թոյլ տայ մեզի փորձարկելու Աստուծոյ մխիթարութեան պարգեւը եւ մեզ կարող դարձնէ ինչպէս Բարի Սամարացին, այսօր մարդկութեան վրայ լեցնելու մխիթարութեան ձէթը եւ ուրախութեան գինին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2025, 14:09