MAP

VATICAN-RELIGION-POPE-JUBILEE

Թուային աշխարհին մէջ պաշտպանել մարդկայինը եւ կառուցել Սիրոյ ցանցեր. Լեւոն ԺԴ. կաթողիկէ թուային աշխարհի միսիոնարներուն

Սրբազան Պապը նշեց որ անոնք կոչուած են քրիստոնէական յոյսը տանելու ընկերային ցանցի ու թուային աշխարհին մէջ ու թէ խաղաղութիւնը պէտք է հռչակուի ամենուրէք. Պատերազմական վայրերուն մէջ ու իմաստէ դատարկ սրտերուն մէջ։ Կարիքը կայ աշակերտ միսիոներներու որոնք կարող են հասնիլ որոնման մէջ գտնուող որեւէ սրտին` «նոյնիսկ գոյութենական ամենահեռաւոր սահմանները, ուր յոյսը կը պակսի», ըսաւ ի միջի ալոց Սրբազան Պապը իտալերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր խաղաղութիւնը ձեր հետ» այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ողջունեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ համախմբուած Կաթողիկէ թուային աշխարհի առաքեալներն ու ազդեցիկ անձերը, որոնք Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս այս օրերուն ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ եւ առաւօտեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէին ուխտագնացութեան առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագին եւ որուն աւարտին Սրբազան Պապը ուզեց իր ողջոյնի խօսքը ուղղել բոլոր ներկաներուն։

«Որքա՜ն մեծ կարիքն ունինք մենք խաղաղութեան, մեր այս ժամանակաշրջանին մէջ, որ յօշոտուած է թշնամանքով և պատերազմով։ Եւ որքա՜ն Յարուցեալին «Խաղաղութիւն ձեզի» ողջոյնը, այսօր մեզ կը կոչէ վկայութեան։ Խաղաղութիւնը թող ըլլայ մեր հետ։ Մեր սրտերուն մէջ ու մեր գործունէութիւններուն մէջ։ Այս է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` խաղաղութիւնը աւետել աշխարհին։ Խաղաղութիւնը որ կու գայ Տիրոջմէ, որ յաղթեց մահուան, որ մեզի կը բերէ Աստուծոյ ներումը, որ մեզի կու տայ Հօր կեանքը եւ մեզի ցոյց կու տայ Սիրոյ ճանապարհը», ըսաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը ։

Յոյսի թուային միսիոնարներ

Ան ապա նշեց` որ անոնք կոչուած են քրիստոնէական յոյսը տանելու ընկերային ցանցի ու թուային աշխարհին մէջ ու թէ խաղաղութիւնը պէտք է հռչակուի ամենուրէք. Պատերազմական վայրերուն մէջ ու իմաստէ դատարկ սրտերուն մէջ։ Կարիքը կայ աշակերտ միսիոներներու որոնք կարող են հասնիլ որոնման մէջ գտնուող որեւէ սրտին` «նոյնիսկ գոյութենական ամենահեռաւոր սահմանները, ուր յոյսը կը պակսի», ըսաւ ի միջի ալոց Սրբազան Պապը իտալերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ։

Թուային աշխարհին մէջ պաշտպանել մարդկայինը

Ան ապա` անգլերէն լեզուով խօսելով նշեց` թէ այս «առաքելութեան մէջ կայ երկրորդ մարտահրաւէր մը՝ փնտռել «Քրիստոսի տառապող մարմինը» առցանց հանդիպած իւրաքանչիւր եղբօր և քրոջ մէջ։

Արդարեւ կ՛ապրինք արհեստագիտութեամբ բնորոշուած մշակոյթ մը, որ մեզ կը պայմանաւորէ,  թէ ինչպէս մենք կը տեսնենք մենք զմեզ, Աստուած եւ միւսները։ «Ուստի մեզմէ կախեալ է ապահովել որ այս մշակոյթը մնայ մարդկային» յարեց Քահանայապետը հաստատելով որ չի բաւեր բովանդակութիւններ ստեղծել այլ հարկ է ստեղծել սրտերու միջեւ հանդիպումներ։

Կոչուած ենք զարգացնելու նոր ոճեր ու մտքեր, որոնք կարող ըլլան ձայն տալ Սիրոյն, նոյնիսկ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ, եղաւ Քահանայապետին ներկաներուն փոխանցած այլ պատգամներէն մին որմէ ետքը շեշտեց իսկական վկայութեան, անկեղծ ունկնդրութեան եւ ճշմարտութեան ու մարդկային ձեւով հաղորդելու կարեւորութիւնը։

Կառուցել սիրոյ ցանցեր

Նորին Սրբութիւնը հուսկ սպաներէն լեզուն օգտագործելով խօսեցաւ երրորդ կէտի մը մասին այն է «Երթալ և նորոգել ցանցերը»։

«Յիսուս իր առաջին առաքեալները կոչեց, երբ անոնք կը նորոգէին իրենց ձկնորսական ցանցերը (հմմտ. Մատթէոս 4։21-22): Ան այս մէկը կը խնդրէ նաեւ մեզմէ, կը խնդրէ կառուցել այլ ցանցեր՝ յարաբերութիւններու ցանցեր, սիրոյ ցանցեր, ազատ փոխանակման ցանցեր....Ցանցեր, որոնք տարածք կը բանան ուրիշներու համար... Ցանցեր, որոնք կ՛ ազատագրեն, որոնք կը փրկեն։ Ցանցեր, որոնք թոյլ կու տան մեզ վերագտնել մէկը միւսին աչքերու մէջ նայելու գեղեցկութիւնը։ Ճշմարտութեան ցանցեր...այնպէս որ իւրաքանչիւր բարութեան պատմութիւն դառնայ մաս Աստուծոյ ցանցին, հաղորդութեան մեծ ցանց մը» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Կենտրոնացէ՛ք Քրիստոսի վրայ՝ ճշմարտութեան գեղեցկութեամբ և լոյսով յաղթահարելու համար աշխարհի, կեղծ լուրերու և թեթևամտութեան տրամաբանութիւնը (հմմտ. Յովհ. 8։31-32):

Նախ քան խօսքը եզրափակելը Սրբազան Պապը  ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել «բարիքին համար» զոր անոնք կը գործեն, երազներուն զոր յառաջ կը տանին, Յիսուին ու Եկեղեցւոյ նկատմամբ անոնց սիրոյն, օգնութեան` զոր կը մատուցեն տառապողին ու անոնց վկայութեան համար, թուային աշխարհի  ճանապարհներուն վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2025, 11:58