MAP

Կարդինալ Նիումըն Կարդինալ Նիումըն 

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գործունէութիւնը. Կարդինալ Նիումընը մօտ օրէն կը դառնայ Եկեղեցւոյ Վարդապետ

Յայտնենք` որ այս շաբաթավերջին Նորին Սրբութեան օրակարգը նուիրուած է Երիտասարդներու հետ հանդիպումին` Շաբաթ 2 օգոստոսի երեկոյեան Ան պիտի փոխադրուի Հռոմի Թոր Վերկաթա թաղամաս, ուր 25 տարիներ առաջ իր նախորդը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ գլխաւորեց Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերուն անմոռանալի հսկումը եւ ուր ինք եւս պիտի գլխաւորէ Երիտասարդներու Յոբելեանի ծիրէն ներս տեղի ունենալիք երիտասարդական աղօթքին հսկումը, որուն պիտի մասնակցին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 31 Յուլիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական պալատէն ներս ունեցաւ շարք մը առանձնական հանդիպումներ, ընդհանրապէս վերատեսչութիւններու պատասխանատու եպիսկոպոսներու հետ` ինչպէս Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչը Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, կամ Թեմերու գործող ու վաստակաւոր եպիսկոպոսներու հետ ինչպէս Հռոմի Թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան եւ անոր օգնականները կամ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի երբեմնի Քարտուղար եւ Քրաքովիայի երբեմնի եպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչը։

Յայտնենք` որ այս շաբաթավերջին Նորին Սրբութեան օրակարգը նուիրուած է Երիտասարդներու հետ հանդիպումին` Շաբաթ` 2 օգոստոսի երեկոյեան Ան պիտի փոխադրուի Հռոմի Թոր Վերկաթա թաղամաս, ուր 25 տարիներ առաջ իր նախորդը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ գլխաւորեց Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերուն անմոռանալի հսկումը եւ ուր ինք եւս պիտի գլխաւորէ Երիտասարդներու Յոբելեանի ծիրէն ներս տեղի ունենալիք երիտասարդական աղօթքին հսկումը, որուն պիտի մասնակցին տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ, որուն առիթով նախատեսուած է գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը` երգերով եւ եղբայրութեան վկայութիւններով։

Նորին Սրբութիւնը յաջորդ օր` Կիրակի` 3 օգոստոսին դարձեալ պիտի փոխադրուի Թոր Վերկաթա, ուր պիտի գլխաւորէ Երիտասարդներու Յոբելեանի եզրափակիչ պատարագը, ապա Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Օգոստոս ամսուայ ընթացին Սրբազան Պապը դարձեալ պիտի մեկնի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, ուր ուրբաթ` 15 օգոստոսին պիտի մատուցէ Վերափոխման տօնի Սուրբ Պատարագը ու Մարեմեան աղօթքը։ Մարեմեան աղօթք զոր Ան պիտի նախագահէ նաեւ Կիրակի` 17 օգոստոսին Ամարային Պալատի մուտքի հրապարակին վրայ։

Նշենք` որ Կարդինալ Սեմերարոյի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. հաստատեց Սուրբերու դատի վերատեսչութեան անդամներու՝ կարդինալներու և եպիսկոպոսներու լիագումար նիստի դրական կարծիքը Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի կոչման վերաբերեալ, որ պիտի շնորհուի Հռոմէական Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր եւ Անգլիոյ մէջ Սուրբ Ֆիլիփ Ներիի աղօթատան հիմնադիր` Սուրբ Ճոն Հէնրի Նիումընին, Ան ծնած էր Լոնտոն (Միացեալ Թագաւորութիւն) 21 փետրուար 1801 թուականին և մահացած է Էտկպասթոն (Միացեալ Թագաւորութիւն) 11 օգոստոս 1890-ին:

Կարդինալ Նիումընի կեանքը եղած է ուխտագնացութիւն մը դէպի ճշմարտութիւն։ Ան Երիտասարդ տարիքին ձեռնադրուած է սարկաւագ Անկլիքան Եկեղեցւոյ։ Խոկումի եւ աղօթքի երկար ճանապարհ մը կտրելէ ետք կ՝ընդունի կաթողիկէ դաւանանքը։ 1847ին կ՝օծուի քահանայ եւ կը հիմնէ Սուրբ Ֆիլիփօ Ներիի Միաբանութիւնը։ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճան։ Անոր երանացման արարողութիւնը գլխաւորեց Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը, 19 սեպտեմբեր 2010-ին մինչ Սրբադասումը կատարած է հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը 13 Հոկտեմբեր 2019-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2025, 12:04