MAP

2025.06.15 Giubileo dello Sport - Santa Messa

«Երանի անոր` որ չկորսնցուց իր յոյսը». Լեւոն ԺԴ. պատգամը տատիկ պապիկներու եւ տարեցներու համաշխարհային օրուան առիթով

«Աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ կեանքը արդարեւ կը հասկցուի միայն սերունդներուն յաջորդականութեան մէջ ու տարեց մը ողջագուրելը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու թէ պատմութիւնը չ՛աւարտիր ներկայի մէջ եւ ոչ ալ կը սպառի արագ հանդիպումներու ու մասնատուած յարաբերութիւններու մէջ, այլ ուղղուած է դէպի ապագայ»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ` 27 Յուլիս 2025-ին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած տարեցներու եւ տատիկ պապիկներու նուիրուած համաշխարհային հինգերորդ Օրը, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց պատգամ մը, որ կը հանդիսանայ նաեւ անոր այս Օրուան նուիրուած առաջինը, որուն կեդրոնական նիւթն է «Երանի անոր` որ չկորսնցուց իր յոյսը», քաղուած Խօսք Սիրաքայ գիրգէն (Սիրաքայ 14,2) եւ որ կ՛ընդգծէ յոյսին կարեւորութիւնը յատկապէս յառաջացած տարիքի ընթացքին, որպէս քրիստոնէական կեանքի ուղի։

Օրը ինչպէս նշեցինք հաստատուած է` Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ կ՛ուզէ ըլլալ առիթ խորհրդածելու` թէ ինչպէս տարեցներու ներկայութիւնը կարող է յոյս արծարծել ընտանիքներու եւ եկեղեցական հասարակութիւններուն մէջ։

Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. կը խորհրդածէ յոյսի արժէքի մասին ծերութեան ընթացքին։

Ան արդարեւ պատգամը կը սկսի նշելով, որ «մեր ապրած Յոբելեանը, մեզի կ՛օգնէ բացայայտելու, որ յոյսը միշտ ալ ուրախութեան աղբիւրը է, ու երբ ան տաշուած է երկար գոյութեան կրակով, կը դառնայ լիակատար երանութեան աղբիւր»։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ակնարկէ Սուրբ Գիրգի մէջ տարբեր անձնաւորութիւններու փորձառութիւններուն` ինչպէս Աբրահամն ու Սարան, Զաքարիան, Նիկոթէմոսը, որոնք հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին փորձարկեցին յոյսը ու ապագային նկատմամբ հայեացք ունենալը։

Տարեցները յոյսի նշան

«Աստուածաշունչին մէջ Աստուած բազմիցս ցոյց կու տայ իր նախախնամութիւնը՝ դիմելով տարեցներուն։ Այս մէկը տեղի ունեցաւ ոչ միայն Աբրահամի, Սարայի, Զաքարիայի և Եղիսաբեթի, այլեւ Մովսէսի հետ, որ կոչուած էր ազատագրելու իր ժողովուրդը, երբ ութսուն տարեկան էր (տե՛ս Ելից 7։7): Այս ընտրութիւններով Աստուած մեզի սորվեցուց, որ իր աչքերուն առջեւ ծերութիւնը օրհնութեան և շնորհքի ժամանակ է և թէ տարեցները Իրեն համար յոյսի առաջին վկաներն են» կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն որ պատասխանելով «Ի՞նչ է այս ծերութեան ժամանակը» հարցումին կը գրէ. «Աստուած այստեղ կը պատասխանէ։ «Օ՜, թող քու ուժդ իսկապէս թուլանայ, որպէսզի իմ ուժս մնայ քու մէջդ, և դուն կարողանաս ըսել Առաքեալին հետ. «Երբ ես տկար եմ, այն ժամանակ զօրաւոր եմ» (Սաղմոս 70։11):

Պատմութիւնը մղուած է դէպի ապագայ

«Աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ կեանքը արդարեւ կը հասկցուի միայն սերունդներուն յաջորդականութեան մէջ ու տարեց մը ողջագուրելը մեզի կ՛օգնէ հասկնալու թէ պատմութիւնը չ՛աւարտիր ներկայի մէջ եւ ոչ ալ կը սպառի արագ հանդիպումներու ու մասնատուած յարաբերութիւններու մէջ, այլ ուղղուած է դէպի ապագայ», կը գրէ հուսկ Լեւոն ԺԴ. այս ուղղութեամբ օրինակներ բերելով ծննդոց գիրքին ու նկատել տալով, թէ ինչպէս մեր տատիկ պապիկները մեզի համար յաճախ դարձան հաւատքի, քաղաքացիական առաքինութիւններու եւ ընկերային յանձնառումի օրինակներ, ու նաեւ օրինակ յիշողութեան ու փորձանքներուն մէջ յարատեւութեան։

Տարեցներու համար յոյսի նշան

«Յոբելեանը, իր աստուածաշնչական ծագումէն ի վեր, խորհրդանշած է ազատագրման ժամանակ մը. ստրուկները կ՛ ազատագրուին, պարտքերը կը ներուին, հողերը կը վերադարձուին իրենց նախկին տէրերուն: Անիկայ Աստուծոյ կողմէ կամեցած հասարակական կարգի վերականգնման ժամանակ էր, որուն ընթացքին բուժուեցան տարիներու ընթացքին կուտակուած անհաւասարութիւններն ու ճնշումները: Յիսուս կը նորոգէ ազատագրման այս իրադարձութիւնները, երբ Նազարէթի ժողովարանին մէջ բարի լուրը կը հռչակէ աղքատներուն, կոյրերուն կը վերադարձնէ տեսողութիւն, բանտարկեալներուն ազատ արձակումը և ճնշուածներուն ազատութեան վերականգնումը (տե՛ս Ղուկաս 4։16-21):

Տապալել անտարբերութեան պատերը

«Նայելով տարեց անձանց, այս յոբելենական հեռանկարով, մենք եւս կոչուած ենք անոնց հետ ապրելու ազատագրում մը, յատկապէս մենակութենէն ու լքուածութենէն ազատագրում։ Եւ ահա այս տարի պատշաճ ժամանակ է զայն իրականացնելու» կը հաստատէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով` որ «Աստուծոյ իր խոստումներուն հաւատարմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ կայ ծերութեան երանութիւնը, աւետարանական իսկական ուրախութիւն, որ մեզմէ կը խնդրէ տապալել անտարբերութեան պատերը, որուն մէջ յաճախ արգելափակուած են տարեցները»։

Մեր ընկերութիւնները յաճախ վարժ դարձած են անտեսել եւ նկատի չառնել հասարակութեան այսպիսի հարուստ ու կարեւոր տարր մը, եւ այս առումով հարկաւոր է վճռական քայլ ու Եկեղեցւոյ կողմէ պատասխանատուութեան մը ստանձնում, ուր իւրաքանչիւր ժողովրդապետութիւն, ընկերակցութիւն եկեղեցական խումբ կոչուած է դառնալու երախտագիտութեան ու հոգատարութեան «յեղափոխութեան» դերակատարը, այդ մէկը իրականացնելով յաճախակի այցելութիւններ կատարելով տարեցներուն ու անոնց համար ստեղծելով աջակցութեան ու աղօթքի ցանցեր ու յարաբերութիւններ` որոնք կարող ըլլան անոնց նուիրել յոյս եւ արժանապատւութիւն, եղան ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. արտայայտած խրախուսական խօսքերը որ ապա հրաւէր ուղղեց աշխատելու ի սպաս փոփոխութեան մը` որ տարեցներուն վերադրաձնէ յարգանք եւ համակրանք։

«Տարեց մը այցելելը ձեւ մըն է հանդիպելու Յիսուսին` որ մեզ կ՜ազատէ անտարբերութենէն եւ առանձնութենէն» կը գրէ ապա Լեւոն ԺԴ յիշեցնելով թէ ինչպէս Յոբելենական Տարւոյն ընթացքին լիակատար ներում ստանալու կանոններուն մէջ նշուած է թէ «Յոբելենական ներում կը ստանան նաեւ, անոնք որոնք համապատասխան ժամանակով կ՛այցելեն միայնակ տարեցներ […] կարծես թէ ուխտագնացութիւն կատարէին դէպի անոնց մէջ ներկայ Քրիստոսը»։

Ծերութեան ժամանակ կարելի է յուսալ

Խօսք Սիրաքի գիրքը կը նշէ, որ երանութիւնը կը պատկանի անոնց, որոնք չեն կորսնցուցած իրենց յոյսը (հմմտ. 14։2), ինչը կ՛ ենթադրէ, որ մեր կեանքին մէջ, յատկապէս եթէ երկար է, կարող են իրականանալ բազմաթիւ պատճառներ նայելու դէպի ետեւ եւ ոչ թէ դէպի առջեւ։ Այնուամենայնիւ, ինչպէս գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր վերջին հիւանդանոցային կեցութեան ժամանակ. «մեր մարմինները թոյլ են, բայց ոչ մէկ բան կարող է մեզ խանգարել սիրելու, աղօթելու, մենք զմեզ նուիրելու, մէկը միւսին համար ըլլալու հաւատքի մէջ յոյսի լուսաւոր նշաններ» (16 մարտ 2025-ի Հրեշտակ Տեառն աղօթքի խորհրդածութիւնը): Մենք ունինք ազատութիւն, որ ոչ մէկ դժուարութիւն կարող է խլել. սիրելու և աղօթելու ազատութիւնը։ Մենք բոլորս կարող ենք միշտ սիրել և աղօթել», կը հաստատէ պատգամին վերջին հատուածին մէջ Լեւոն ԺԴ. ապա կը քաջալերէ տարեցները իրենց վստահութիւնը դնելու Տիրոջ վրայ` ամէն օր նորոգելով Անոր հետ հանդիպումը, աղօթքի ու պատարագի ընթացքին։

«Սիրով փոխանցենք այն հաւատքը, որ մենք ապրած ենք այդքան տարիներ շարունակ՝ մեր ընտանիքներուն և մեր առօրեայ հանդիպումներուն մէջ. միշտ գովաբանենք Աստուած իր բարութեան համար, միասնութիւն զարգացնենք մեր սիրելիներուն հետ, բանանք մեր սրտերը անոնց համար, որոնք հեռու են և, մասնաւորապէս, անոնց, որոնք կ՛ ապրին կարիքի մէջ։ Մենք այդպիսիով պիտի ըլլանք յոյսի նշաններ՝ իւրաքանչիւր տարիքի մէջ», եղան Լեւոն ԺԴ. տարեցներու եւ տատիկ պապիկներու համաշխարհային օրուան պատգամին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2025, 12:01