MAP

FILE PHOTO: Fleeing Sudanese seek refuge in Chad

Գաղթականներ` յոյսի միսիոնարներ. Կաթողիկէ Գաղթականները իսկական օրհնութիւն մըն են. Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետին պատգամը Գաղթականներու ու Փախստականներու Համաշխարհային 111-րդ օրուան առիթով։ Մարդկային շարժունակութիւնը պայմանաւորուած է այնպիսի երջանկութեան ձգտումով, որ պատերազմները, անարդարութիւնը և կլիմայական ճգնաժամը լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանան այդ ուղղութեամբ: Հարկ է գերազանցել անհատականութիւնը որ լուրջ սպառնալիք է համատեղ պատասխանատուութեան, բազմակողմ համագործակցութեան և հասարակական բարիքի իրականացման համար:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 եւ 5 հոկտեմբեր 2025-ին կայանալիք Գաղթականներու ու Փախստականներու Յոբելեանի ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յոյսի եւ զօրակցութեան զօրեղ կոչ մը ուղղեց` Գաղթականներու ու Փախստականներու Համաշխարհային 111-րդ օրուան առիթով, 25 Յուլիս 2025-ին հրատարակած իր պատգամով։

«Կարևոր է, որ բոլոր մարդոց սրտին մէջ աճի բոլոր մարդ արարածներուն համար արժանապատիւ և խաղաղ ապագայի յոյսի ցանկութիւնը», յատկապէս այնպիսի իրականութեան մը մէջ, ինչպիսին է ներկան, որ խաթարուած է պատերազմի, բռնութեան, անարդարութեան և ծայրայեղ եղանակային իրադարձութիւններու պատճառով. Այս նախադրեալներով է որ Լեւոն ԺԴ. մշակած է «Գաղթականներ յոյսի միսիոնարներ» վերտառութեամբ պատգամին մտորումները:

Սպառազինութիւններու մրցավազքը, կլիմայական ճգնաժամը, տնտեսական անհաւասարութիւնը կը յառաջացնեն «պահանջկոտ» և աւելի ու աւելի բարդ մարտահրաւէրներ, որով միլիոնաւոր մարդիկ, կը ստիպուին լքել իրենց հայրենիքը եւ ճամբայ կ՛ելլեն աւելի անվտանգ ապագայ փնտռելու համար:

Յոյսը որպէս պատասխան ընդհանուր ճգնաժամին

«Սահմանափակ համայնքներու շահերու վրայ բացառապէս կենտրոնանալու լայն տարածուած միտումը լուրջ սպառնալիք մը կը ներկայացնէ համատեղ պատասխանատուութեան, բազմակողմանի համագործակցութեան, հասարակաց բարիքի հասնելու և ամբողջ մարդկային ընտանիքի օգտին համաշխարհային զօրակցութեան» կը գրէ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով յոյսը վերագտնել որպէս աստուածաբանական առաքինութիւն և փոփոխութիւններու շարժիչ ուժ:

Մէջբերելով Զաքարիա մարգարէին խօսքերը, Ան կը յիշեցնէ, որ Սուրբ Գրքին մէջ հռչակուած խաղաղութեան և արժանապատուութեան ապագան արդեն իսկ սկսած է Քրիստոսով: Այս ոլորտէն ներս գաղթականները ոչ միայն զոհեր կը դառնան, այլեւ հաւատքի կենդանի և դիմացկուն վկայութեան գլխաւոր հերոսները:

Գաղթականները մեր ժամանակներու մարգարէներ եւ ուխտաւորներ

«Երջանկութեան հետապնդումը՝ ու զայն այլուր գտնելու հեռանկարը, անկասկած, ժամանակակից մարդկային շարժունակութեան հիմնական դրդապատճառներէն մէկն է» կը հաստատէ Լեւոն ԺԴ. գաղթականներուն ոդիսականը համեմատելով Իսրայէլի ժողովրդի արտագաղթին հետ՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս անոնք եւս Աստուծոյ նկատմամբ ունին վստահութիւն ու ապաւինում։

Իրենց ամենօրեայ քաջութեամբ, անորոշութեան ու փորձութիւններուն դիմանալով՝ անոնք մարգարէական պատգամ մը կը բերեն Եկեղեցւոյ և աշխարհին. նոյնիսկ պատմութեան անապատներուն մէջ կարելի է արդարեւ նոր կեանք և նորոգուած յոյս ստեղծել։

Ուղեւորութեան մէջ եւ ոչ թէ նստած Եկեղեցի մը

Լեւոն ԺԴ. կը զգուշացնէ Եկեղեցւոյ հոգևոր «նստակեաց» իրականութենէն։ Քրիստոնէական հասարակութիւնը արդարեւ բնոյթով ուխտաւոր է, և եթէ ան կը կորսնցնէ այս չափանիշը, վտանգը կայ, որ դառնայ աշխարհիկ և ինքնայղում կատարող: Գաղթականներն ու փախստականները մեզի կը յիշեցնեն, որ «մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է» (Փիլիպպեցիներ 3:20), ու թէ մենք բոլորս ճանապարհորդ ենք դէպի մեր վերջնական հայրենիքը:

Միսիոներ գաղթականներ` Աւետարանի բանբերները աշխարհին մէջ

«Պատերազմով և անարդարութեամբ մթագնող աշխարհի մը մէջ, նոյնիսկ այնտեղ, որտեղ ամէն ինչ կորսուած կը թուայ, գաղթականներն ու փախստականները կանգնած են` որպէս յոյսի պատգամաբերներ։ Անոնց քաջութիւնն ու համառութիւնը հերոսական վկայութիւն են այն հաւատքին, որ կը տեսնէ մեր աչքերուն տեսածէն անդին եւ անոնց ուժ կու տայ յաղթահարելու մահը ժամանակակից գաղթականութեան տարբեր ուղիներով» կը գրէ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէսԿաթողիկէ գաղթականները իրենց հոգեւոր կենսունակութեամբ և ոգևորութեամբ, կարող են նաեւ զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ վերակենդանացնել գերծանրաբեռնուած եկեղեցական համայնքները: Անոնք նոր եռանդ կը բերեն, կը խթանեն միջկրօնական երկխօսութիւնը և իրենց կեանքով կը վկայեն Աւետարանին ուժը: Սակայն անոնց առաքելութիւնը՝ missio migrantium-ը, պէտք է որ ուղեկցուի համապատասխան կազմաւորումով և եկեղեցական աջակցութեան ամուր ցանցով մը, նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը:

Հիւրընկալութիւնը` որպէս յոյսի վկայութիւն

Ան ապա ընկալող համայնքներն ալ կը կոչէ իրենց իրական ընդունելութիւն առաջարկելու պատասխանատուութեան. ոչ միայն օգնութիւն, այլեւ գաղթականներու արժանապատուութեան ճանաչումը` որպէս Աստուծոյ զաւակներ: Եւ ճիշտ մեկնողի եւ հիւրընկալողի հանդիպման մէջ է, որ կը կառուցի իսկական եղբայրութիւնը` որուն մէջ իւրաքանչիւրը կարող է իր տաղանդներով սատարել հասարակական կեանքին, կը հաստատէ Լեւոն ԺԴ.ը որ պատգամը կ՛աւարտէ գաղթականներն ու փախստականները ինչպէս նաեւ անոնց ընկերացողները վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին՝ համայն Եկեղեցիէն խնդրելով` որ շարունակեն աղօթել և աշխատիլ այնպիսի աշխարհի մը համար, որ աւելի ու աւելի նման ըլլայ Աստուծոյ Թագաւորութեան. արդարութեան, խաղաղութեան և յոյսի վայր մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2025, 12:00