Լեւոն ԺԴ. Պապը սննդեղէնի օգնութիւն ուղարկեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ամառը աշխատանքները կը դեդեւնան, սակայն բարեգործութիւնը ոչ։ Լեւոն ԺԴ Պապին Քասթել Կանտոլֆոյին մէջ կատարած հանգստութիւնը չվերաբերիր այն մարդոց համար ձեռնարկուած նախաձեռնութիւններուն, որոնց պատերազմը, ինչպէս ըսած էր Ինք անցեալ կիրակի, Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս
ժողովրդապետութեան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին, «կը սպանէ անոնց կեանքերը»։ Այս մասին Վատիկանի Լրատուամիջոցներուն հաղորդեց Բարեգործական ծառայութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քոնրայ Քրայեւսքին, զրուցելով Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ Ուքրանիոյ ժողովուրդին տրամադրած օգնութեան մասին։
Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան միջոցաւ Քահանայապետը սնունդի փաթեթներ ուղարկեց Ուքրանիոյ Խարքիվ շրջաններու բնակիչներուն, որոնք տուժած են ռուսական հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու զանգուածային յարձակումներէն, ըսաւ Ծիրանաւորը աւելցնելով, որ օգնութեան բեռնակառքերը մեկնած են Հռոմի Սրբուհի Սոֆիա տաճարէն, «Նորին Սրբութիւնը մեզմէ խնդրեց, որ արագօրէն աշխատինք։ Բարեգործութիւնը
արձակուրդի չ՝երթար ու անցեալ օրերուն, Հռոմի Սրբուհի Սոֆիա տաճարէն, որ 2022 Թուականէն եղած է զօրակցութեան կեդրոն, բեռնակառքեր ուղղուեցան դէպի Ուքրանիա փոխադրելով սնունդ, իւղ, ձէթ, ալիւր, միս, ձուկ եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ, ըսաւ Կարդինալ Քրայեւսքին շետշելով որ Սուրբ Աթոռին յանձնառութիւնը կարիքը ունեցողին կողքին է։
Նշենք թէ Ուքրանիա ուղարկուած սնունդը տրամադրուած է Սուրբ Գէորգ Կոսթանթինանոյի Ռազմական Ուխտի կողմէ, որ կազմակերպութիւնը մըն է, որ կը խթանէ հոգեւոր, մշակութային եւ բարեգործական գործունէութիւնը հիմնուելով քրիստոնէական սկզբունքներուն վրայ ըլլայ Իտալիոյ, ըլլայ աշխարհի մէջ,
Նշենք նաեւ որ Պապին կողմէ նուիրուած սնունդի փաթեթներ անմիջապէս ա յանձնուած են ռմբակոծումներէն վերապրող ընտանիքներուն առանց ոչ մէկ բարեսիրական մարմիններուն միջամտութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ