MAP

«Ձեր համախմբումներն ու հասարակութիւնները ըլլան եղբայրութեան եւ հոգեւորութեան մարզասրահներ». Լեւոն ԺԴ.

Քահանայապետը` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Եկեղեցական Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկումի արարողութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եկեղեցական Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու Յոբելեանին առիթով Շաբաթ` 7 Յունիսի կէսօրէն ետքը ժամը չորսէն սկսեալ բազմահազար ուխտաւորներ Համախմբուեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակ` մասնակցելու համար Պենտեկոստէի տօնի նախօրէին կազմակերպուած նախապատրաստական աղօթքի հսկումին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ նախ տօնախմբութեան պահով մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան տարբեր նուագախումբեր, ապա ժամը վեցին սկիզբ առաւ նախահսկումը, որուն առիթով ելոյթ ունեցաւ 130 հոգիներէ բաղկացած երգչախումբ մը, ապա իրենց կեանքի վկայութիւնները ներկայացուցին տարբեր անձինք` ինչպէս Հուսամ Ապու Սինին` Արաբ Քրիստոնեայ ծագումով իսրայէլացի մը, որ յանձնառու է ի սպաս խաղաղութեան, Նիքոլա Պուրրիքին` ժամանակին թմրամոլութեան զոհ եղած հայր ու ամուսին մը, Ալին Մինանին` Քոնկոյի ժողովրդավարական Հանրապետութեան Կոմա քաղաքի արուարձանեայ շրջանին մէջ գտնուող` փախստական ​​և խոցելի երեխաներուն նուիրուած “Floribert Bwana Chui” խաղաղութեան դպրոցին տնօրէնուհին` հուսկ Փետրօ եւ Մարիա Պեկոնա Սանչէս` Ուքրանիոյ մէջ ամուսնացեալ միսիոնարներ` 12 զաւակներու ծնողներ։

Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում
Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում   (@Vatican Media)

 

Երեկոյեան ժամը ութին Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանեց նաեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա գլխաւորեց Պենտեկոստէի տօնին հանդիսաւոր հսկումի արարողութիւնը։

Սուրբ Հոգին Յիսուսի առաքելութեան լռելեան դերակատարը

Արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մտածականը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու կեանքին մէջ ներգործութիւններու մասին յիշելով` որ Սուրբ Հոգին Յիսուս առաքելութեան լռելեան դերակատարն է որ աշխարհը կը փոխակերպէ միացնելով տարբերութիւնները միակ առաքելութեան մը մէջ։

Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում
Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում   (@Vatican Media)

Աստուծոյ Թագաւորութեան վկաներ

Ասկէ մեկնելով Ան ընդգծեց` որ Մկրտութեան ու Դրոշմի խորհուրդները մեզ մասնակից կը դարձնեն Յիսուսի առաքելութեան, մեզի պարգեւելով «Քրիստոսին բոյրը» ու մեզ մղելով ապրելու որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան վկաները։

Ոչ թէ շատ առաքելութիւններ, այլ մէկ առաքելութիւն

«Պենտեկոստէի տօնին Մարիամ, Առաքեալները և անոնց հետ գտնուող աշակերտները պարուրուեցան միութեան Հոգով, որ յաւերժ արմատաւորեց անոնց բազմազանութիւնը` մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Ոչ թէ շատ առաքելութիւններ, այլ մէկ առաքելութիւն։ Ոչ թէ ներամփոփ և վիճաբանող, այլ ընկերական և լուսաւոր» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու աւելցուց. «Այս Սուրբ Պետրոսի հրապարակը, որ նման է բաց և հիւրընկալ ողջագուրումի, հոյակապ կերպով կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը զգայ տարբեր ընկերակցութիւններու և համայնքային փորձառութիւններուն մէջ»։

Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում
Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում   (@Vatican Media)

Սիւնհոդոսականութիւնը` Աստուծոյ կեանքի արտայայտութիւն

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա սիւնհոդոսականութեան դիտել տալով որ այդ կը նշանակէ միասին քալել ու թէ Եկեղեցին եւս ուղեւորութեան մէջ ժողովուրդ մըն է որ Սուրբ Հոգիէն մղուած կոչուած է ապրելու միասին, որպէս եղբայրներ։ Սիւնհոդոսականութիւնը միայն մեթոտ մը չէ, այլ նոյնինքն Աստուծոյ կեանքին արտայայտութիւնը` այսինքն հաղորդութիւն եւ մասնակցութիւն, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, որ ապա այս իրողութենէն մեկնելով խրախուսեց հրապարակին վրայ գտնուող ընկերակցութիւնները, շարժումներն ու նոր հասարակութիւնները դառնալու «եղբայրութեան եւ հոգեւորութեան մարզասրահներ»։

Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում
Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում   (@Vatican Media)

Աւետարանութիւնը նուաճում մը չէ այլ շնորհք

Յիսուսի Հոգին աշխարհը կը փոխէ փոխելով սրտերը, խթանելով ազատութիւնը եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը. Մինչ աւետարանութիւնը նուաճում մը չէ այլ շնորհք։ Արդարեւ անոր համար անհրաժեշտ չեն աշխարհիկ ուժեր կամ ռազմավարութիւններ, այլ իսկական կապեր, որոնք կ՛պարուին տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, եպիսկոպոսներու շուրջ և ներդաշնակութեամբ Քրիստոսի Մարմնի բոլոր անդամներուն հետ։

Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում
Շարժումներու, Միութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու յոբելեանի Պենտեկոստէի նախօրէի աղօթքի հսկում   (@Vatican Media)

Հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին

«Մարտահրաւէրները` որոնք կը գտնուին մարդկութեան դիմաց աւելի պակաս վախցնող պիտի ըլլան, եւ ապագան աւելի պակաս մռայլ պիտի ըլլայ, մինչ զատորոշումը՝ աւելի քիչ դժուար` Եթէ մենք բոլորս միասին հնազանդինք Սուրբ Հոգիին», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին հայցելով Եկեղեցւոյ Մօր` Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2025, 20:50