Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Լիբանանի նախագահ` Ժոզէֆ Աունը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Ժոզէֆ Ասունին որ ապա հանդիպեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիերթօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւի միջազգային յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը Գերապ. Միրոզլաւ Վաչովսքին». Այս լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
«Պետականքարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրուցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմ լաւ յարաբերութիւններու մասին՝ գնահատանք յայտնելով լիբանանեան հասարակութեան մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւանդական և մշտական դերին համար» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա մատնանշուած է որ «զրոյցներու ընթացքին մաղթանք արտայայտուեցաւ որ Երկիրը, կայունութեան ու կայունացման և բարեկարգումներու գործընթացի միջոցաւ վերապրի քաղաքական ներդաշնակութեան և տնտեսական վերականգնման նոր շրջան, որ թոյ տայ ամրապնդել հաւատքներու միջև համակեցութեան և զարգացման խթանման իտէալները, որոնք զայն կը բնորոշեն։
Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ ամբողջ Մերձաւոր Արևելքի տարածաշրջանի խաղաղացման նպաստելու անհրաժեշտ և հրամայական անհրաժեշտութեանը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ