«Բանանք դռներ ու իրար կապենք աշխարհները եւ յոյսը պիտի հաստատի» Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 14 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով նախատեսուած Յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որ եղաւ նաեւ իր նախագահած Յոբելենական առաջին ունկնդրութիւնը եւ որ Հռոմի մէջ կլիմայական պայմաններու բերումով` կատարուեցաւ ոչ թէ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, այլ Մայր Տաճարին մէջ։ Արդարեւ այս օրերուն Հռոմի մէջ սաստիկ տաք կը տիրէ։
Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճար մտաւ ետեւէ դռնէն ու կեդրոնական միջանցքէն անցնելով ողջունեց այնտեղ համախմբուած մօտ վեց հազար ուխտաւորները ապա տաճարի կեդրոնական խորան բարձրանալով սկիզբ տուաւ ունկնդրութեան, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը նշեց` թէ «այս առաւօտեան դարձեալ կը վերսկսին այն Յոբելենական ունկնդրութիւնները, որոնց սկիզբ տուած է Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ Յունուար ամսուայ մէջ, ամէն անգամ առաջարկելով յոյսի աստուածաբանական առաքինութիւններուն յատուկ մէկ ոլորտը եւ այդ առաքինութիւնը վկայող հոգեւոր պատկեր մը։ Ուստի շարունակենք սկիզբ առած ուղեւորութիւնը` որպէս յոյսի ուխտաւորներ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «մեզ համախմբողը այն նոյն յոյսն է` որ մեզի փոխանցուեցաւ Առաքեալներէն, որոնք Յիսուսին մէջ տեսան Երկիրը, որ կը միանայ Երկնքին»։
«Յոբելեանը այդ խորհուրդին վրայ բաց դուռն է», ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ այսօր պիտի անդրադառնանք այն իրականութեան թէ «յուսալը կը նշանակէ կապել» եւ ասկէ մեկնելով, որպէս այս առաքինութեան տիպար ներկայացուց Լիոնի Սուրբ Իրենէոսը` Քրիստոնեայ մեծ աստուածաբաններէն մին, որ ծնած էր Փոքր Ասիոյ մէջ բայց Եւրոպա ժամանած, որովհետեւ Լիոնի մէջ կ՛ապրէր իր երկրէն եկած քրիստոնեաներու փոքր հասարակութիւն մը։
«Աւետարանը Հռոմ ու Արեւմուտք հասած էր դուրսէն եւ այսօր եւս գաղթականներու համայնքները ներկայութիւն են, որոնք կը վերակենդանացնեն հաւատքը զանոնք ընդունող երկիրներուն մէջ» նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «Սուրբ Իրենէոսը Արեւելքը կը կապէ Արեւմուտքին», ու թէ այս մէկը ինքնիր մէջ «յոյսի նշան է, որովհետեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդները կը շարունակեն զիրար հարստացնել փոխադարձաբար»։
Արդարեւ Իրենէոսը դարձաւ Յիսուսի անձին ու անոր Մարմնին երգիչը։ Վարդապետական բաժանումները` որոնց հանդիպեցաւ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ, ներքին առճակատումները ու արտաքին հալածանքները զինք չի հիասթափեցուցին։ Ընդհակառակը` աշխարհի մը մէջ, որ բաժան բաժան էր, ան սորվեցաւ աւելի լաւ մտածել, իր ուշադրութիւնը միշտ աւելի խոր կերպով կեդրոնացնելով Յիսուսին վրայ։ Ան արդարեւ հասկցաւ, որ Յիսուսին մէջ է, որ կը վերականգնուի միութիւնը։ Ան բաժանող պատ չէ այլ դուռ մը` որ մը միացնէ։ Եւ Հարկ է մնալ Անոր մէջ զանազանելու համար իրականութիւնը գաղափարախօսութիւնէն»։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր` այսօր եւս գաղափարները կարող են խելագար կերպով ներկայանալ իսկ բառերը՝ սպանել։ Սակայն մարմինը այն է, որով մենք բոլորս ստեղծուած ենք. այն ինչը` որ մեզ կը կապէ երկրին և միւս արարածներուն հետ։ Յիսուսի մարմինը պէտք է ընկալուի և տեսնուի իւրաքանչիւր եղբօր և քրոջ, իւրաքանչիւր արարածի մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու հրաւիրեց անսալու մարմնի աղաղակին, անսալու ու ներգրաւուելու ուրիշներու ցաւին մէջ, այս առնչութեամբ յղում կատարելով մեզի տրուած «փոխադարձ սիրոյ պատուիրանին»։
«Իրենէոսը՝ միութեան վարպետը, մեզի կը սորվեցնէ, ոչ թէ հակադրել, այլ կապել։ Բանականութիւնը գոյութիւն ունի ոչ թէ այնտեղ, ուր բաժանում կայ , այլ այնտեղ, ուր կապ կայ։ Զանազանելը օգտակար է, բաժնելը ոչ։ Յիսուս մեր մէջ յաւիտենական Կեանքն է. Ան կը հաւաքէ հակադրութիւնները և հնարաւոր կը դարձնէ հաղորդակցութիւնը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ խորհրդածութեան աւարտին հրաւիրեց քալել` որպէս յոյսի ուխտաւորներ ու իւրաքանչիւրը Սուրբ Իրենէոսի նման կառուցէ կամուրջ` այնտեղ ուր կան պատեր։ Բանանք դռները ու իրարու կապենք աշխարհները եւ յոյսը պիտի հաստատի» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւարտելով իր խօսքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ