Այգիի Տիրոջ առակը եւ յոյսը. Լեւոն ԺԴ.-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 4 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց իր Քահանայապետութեան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր երրորդ ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց խորհրդածել «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթի մասին, շարունակելով նաեւ մեկնաբանել Յիսուսին առակները այս անգամ անդրադառնալով ` Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այգիի մը տանտիրոջ իր այգիին համար վարձած աշխատաւորներու առակին, որով Յիսուս կը նմանեցնէ Երկինքի Արքայութիւնը։
Ինչպէս նախորդ ունկնդրութիւններուն այսօր եւս Նորին Սրբութիւնը դուրս եկաւ Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին, ուր համախմբուած էին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ, ողջունելով եւ օրհնելով զանոնք ու մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով ու մօտէն օրհնելով իրեն ներկայացուած մանուկները։
Սուրբ Պետրոս հրապարակին շրջանը կատարելէն ետքը Սրբազան Պապը բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական մուտքին զետեղուած ամպիոն ուրտեղէն գլխաւորեց ունկնդրութիւնը, որուն սկիզբը տարբեր լեզուներով ընթերցուեցաւ օրուան աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանի քսաներորդ գլուխէն։
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս կեդրոնանալ Յիսուսին պատմած առակի մը վրայ։ Այստեղ եւս կը հայի պատմութեան մը` որ կը սնուցէ մեր յոյսը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը, դիտել տալով` որ «երբեմն, մենք կը զգանք, որ չենք կարող իմաստ գտնել մեր կեանքին. մենք մեզ անօգուտ, անբաւարար կը զգանք ինչպէս շուկայի հրապարակին վրայ սպասող աշխատողները՝ սպասելով, որ մէկը զանոնք աշխատանքի կոչէ»։
«Այս շուկայի հրապարակի փոխաբերութիւնը շատ յարմար է մեր ժամանակներուն համար եւս, քանի` որ շուկան առեւտուրի վայր է, ուր, ցաւօք, նաև կը գնուի և կը վաճառուի սէրն ու արժանապատուութիւնը, փորձելով բան մը վաստակել: Եւ երբ մենք զմեզ գնահատուած ու ճանչցուած չզգանք, վտանգը կայ որ դերարժեւորենք մենք զմեզ ու նուիրուինք առաջին գնորդին» յարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով` որ «Տէրը սակայն մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր կեանքը արժէքաւոր է, և Անոր ցանկութիւնն է օգնել մեզի` որպէսզի բացայայտենք այդ մէկը»։
Այսօրուայ առակին մէջ եւս կան աշխատաւորներ, որոնք կը սպասեն, որ մէկը զիրենք վարձէ աշխատանքի համար. Կը գտնուինք Մատթէոս Աւետարանիչի քսաներորդ գլուխին մէջ (Մատթ. 20, 1-7)` ուր կը գտնենք այգիի մը տանտէրը, որ առտու կանուխ կ՛երթայ գործաւորներ փնտռելու եւ այդ մէկը կ՛ընէ բազմաթիւ անգամներ, փնտռելու համար ան որ կը սպասէ իմաստ տալ իր կեանքին։
Ան դուրս կու գայ արշալոյսին, ապա ամէն երեք ժամ անգամ մը, փնտռելով իր այգիին համար աշխատաւորներ։ Այս հերթականութեան հետեւելով, կէսօրէն ետք ժամը երեքին դուրս գալէն ետքը, տանտէրը պատճառ չունէր դարձեալ դուրս գալու, այլ գործաւորներ փնտռելու համար. որովհետեւ աշխատանքային օրը վերջ կը գտնէր ժամը վեցին։ Սակայն այս անխոնջ տանտէրը, որ ամէն գնով կ՛ ուզէ արժէք հաղորդել մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին, դուրս կու գայ նաեւ ժամը հինգին։ Շուկայի հրապարակին վրայ մնացած աշխատողները, հաւանաբար, կորսնցուցած էին իրենց յոյսը։ Այդ օրը ապարդիւն անցած էր։ Բայց եւ այնպէս ահա մէկ մը` որ իրենց վրայ կը վստահի։ Ի՞նչ իմաստ ունի աշխատողներ վարձել միայն աշխատանքային օրուայ վերջին ժամի համար։ Ի՞նչ իմաստ ունի աշխատանքի երթալ ընդամէնը մէկ ժամուայ համար» հարց տուաւ Լեւոն ԺԴ. ու աւելցուց «նոյնիսկ երբ մեզի կը թուայ, որ շատ քիչ բան կարող ենք ընել կեանքին մէջ, միշտ ալ հնարաւորութիւնը կայ իմաստ մը գտնելու, քանի` որ Աստուած կը սիրէ մեր կեանքը»։
Այսպիսով օրուան աւարտին տանտէրը բոլոր աշխատաւորները կը վարձատրէ սկսելով անոնցմէ` որոնք միայն քիչ ժամ աշխատեցան ու անոնց կու տայ մէկ դահեկան, նոյնը կ՛ընէ նաեւ միւսներուն հետ մինչեւ նաեւ անոնց հետ` որոնք օրուան առաջին ժամերէն աշխատեցան։
«Այգիի տիրոջ համար, այսինքն Աստուծոյ համար, արդար է որ իւրաքանչիւր անձ ստանայ ապրելու համար անհրաժեշտը։ Ան մէկիկ մէկիկ կոչեց աշխատաւորները անձնապէս կը ճանչնայ անոնց արժանապատուութիւնը եւ անոր համեմատ է որ կ՛ուզէ վարձատրել զանոնք» դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով` որ «Պատմութիւնն մեզի կ՛ըսէ` որ այդ առաջին աշխատողները հիասթափ կը մնան. անոնք չեն կարող տեսնել այգիի տիրոջ արարքի գեղեցկութիւնը, որ անարդար չէր, այլ պարզապէս առատաձեռն, Ան կը նայէր ոչ միայն արժանիքներուն, այլեւ կարիքին»։
«Աստուած արդարեւ կ՛ուզէ բոլորին տալ իր Արքայութիւնը, այսինքն՝ լիարժէք, յաւերժական և երջանիկ կեանք։ Եւ Յիսուս այդպէս կը վարուի մեզի հետ. Ան չի նայիր դասակարգերուն, այլ անոնց` որոնք իրենց սրտերը կը բանան իր առջև, Ան ինքզինք կու տայ ամբողջութեամբ։
Այս առակի լոյսին ներքոյ այսօրուայ քրիստոնեան կարող է փորձութեան մատնուիլ ու մտածել. Ինչո՞ւ ւ աշխատանքի սկսիմ անմիջապէս եթէ վարձատրութիւնը նոյնն է։ Ինչո՞ւ աւելիով աշխատիմ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ պատասխան տուաւ Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերով. «Ինչո՞ւ կ՛ ուշանաս հետևելու Անոր` որ քեզ կը կոչէ, երբ վստահ ես վարձատրութեան մէջ, բայց անորոշ օրուայ համար։ Զգոյշ եղիր, որ ուշացման պատճառաւ չզրկուիս այն բաներէն, զոր Ան քեզի պիտի տայ իր խոստացածին համաձայն»։
«Կ՛ուզեմ ըսել, մասնաւորապէս երիտասարդներուն, որ չսպասեն, այլ խանդավառութեամբ պատասխանեն Տիրոջ, որ մեզ կը կոչէ գործելու համար իր այգիին մէջ։ Մի յետաձգէք` պատրաստ եղէք, որովհետեւ Տէրը առատաձեռն է եւ դուք երբեք յուսախաբ պիտի չմնաք։ Այգիին մէջ աշխատելով պատասխան պիտի գտնէք այն խոր հարցումին` որ կը կրէք ձեր մէջ. «Ի՞նչ իմաստ ունի իմ կեանքս» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները չի յուսալքուելու. «Նոյնիսկ կեանքի մութ պահերուն, երբ ժամանակը կ՛ անցնի առանց մեզի տալու մեր փնտռած պատասխանները, խնդրենք Տիրոջմէ որ անգամ մը եւս դուրս գայ ու մեզի հասնի այնտեղ` ուր մենք զԻնք կը սպասենք։ Ան առատաձեռն է եւ շուտով պիտի գայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ