Բեթհեզդայի անդամալոյծին բուժումը առանցքը կազմեց Լեւոն ԺԴ. հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը շարունակենք խոկալ Յիսուսի մասին, որ կը բուժէ։ Այսօր կ՛ուզեմ յատուկէն ձեզ հրաւիրել խորհելու այն իրավիճակներու մասին երբ մենք զմեզ «արգելափակուած» ու փակուած կը զգանք կոյր փակուղիի մը մէջ։ Յաճախ մեզի կը թուայ` որ անիմաստ է շարունակել յուսալ, կը յուսալքուինք եւ այլեւս պայքարելու իղձ չունինք։ Այս իրավիճակը Աւետարաններուն մէջ կը նկարագրուի անդամալուծութեան պատկերով։ Ասոր համար է` որ այսօր կ՛ուզեմ կանգ առնել ու խօսիլ անդամալոյծին բուժման մասին, որ պատմուած է Յովհաննէսի աւետարանին մէջ (Գլ 5,1-9)». Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ 18 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներու, որոնք առաւօտ կանուխէն ժամանած էին այնտեղ եւ զոր Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ունկնդրութենէն առաջ, Քահանայապետկան սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կեդրոնական ամպիոնէն ներկայացուց խորհրդածութիւնը, շարունակելով խորհրդածել «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրայ, որ ընտրուած է 2025-ի Յոբելենական տարւոյն առիթով։
«Յիսուս հրեաներու մէկ տօնին առիթով Երուսաղէմ ելաւ։ Յիսուս անմիջապէս տաճար չուղղուիր այլ կանգ կ՛առնէ դռան մը մօտ, որուն կողքին կանգնած էին բազմաթիւ հիւանդներ, որոնք անմաքուր համարուած ըլլալով չէին կարող տաճար մտնել, եւ ահա Յիսուս ինք անձամբ կ՛երթայ անոնց մօտ» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. բացատրելով թէ ինչպէս այդ հիւանդները կը յուսային որ` այնտեղ գտնուող աւազանի հրաշագործ համարուած ջուրերը ալեկոծուէին, տրուած ըլլալով, որ կար համոզում` թէ «առաջինը` որ այդ ջուրերուն մէջ մտներ կը բժշկուէր»։
«Այդ աւազանի անունն էր Բեթհեզդա, որ կը նշանակէ «ողորմութեան տուն»։ Այդ կրնար ըլլալ Եկեղեցւոյ պատկերը` ուր հիւանդներն ու աղքատները կը համախմբուին եւ ուր Տէրը կու գայ բուժելու եւ յոյս պարգեւելու», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
«Յիսուս կը տեսնէ մարդ մը` որ երեսունութը տարիներէ ի վեր անդամալոյծ է եւ յուսալքուած է, որովհետեւ կարելիութիւնը չունի աւազանի ջուրերուն մէջ մխրճուելու երբ անոնք կ՛ալեկոծին։ Յիսուս անոր կը դիմէ հարցումով մը, որ կարող է մակերեսային թուալ. «Կ՛ուզե՞ս բուժուիլ»։ Բայց ասիկա անհրաժեշտ հարցում մըն է, որովհետեւ կարելի է որ այդքան շատ տարիներ փակուած մնալէն ետքը բուժուելու կամքն ալ պակսի։ Շատ անգամ կը նախընտրենք ապրիլ հիւանդութեան պայմաններուն մէջ միւսները ստիպելով, որ հոգ տանին մեզի, բայց Յիսուս այդ մարդը կը մղէ հասկնալու իր ամենախոր եւ իսկական փափաքը։ Արդարեւ Ան նախ կը պատասխանէ թէ մէկը չունի, որ իրեն օգնէ, որպէսզի աւազան մտնէ, կարծես այս մէկը արդարացում մը ըլլար իր անձին վրայէն պատասխանատուութիւնը վերցնելու համար ու զայն վերագրելու ուրիշներուն։
Սուրբ Օգոստինոսը այս առնչութեամբ կը գրէ. «Այո՛ ան բուժուելու համար անպայման կարիքը ունէր մարդու մը, սակայն մարդ մը` որ միեւնոյն ատեն Աստուած է։...Ուստի եկաւ անհրաժեշտ մարդը, ինչո՞ւ տակաւին յետաձգել բուժումը»։
Անդամալոյծը ապա կ՛ աւելցնէ` թէ ամէն անգամ, որ ինք կը ջանայ ջուր մտնել ուրիշ մը իրմէ առաջ կ՛իջնէ։ Այս մարդը կեանքի նկատմամբ ճակատագրական տեսակէտ կ՛ արտայայտէ։ Մենք ալ կը կարծենք, որ մեզի հետ բաներ կը պատահին, որովհետև մենք բախտաւոր չենք, որովհետև ճակատագիրը մեր դէմն է։ Այս մարդը յուսահատ է։ Ան ինքզինք պարտուած կը զգայ կեանքի պայքարին մէջ։
Բայց Յիսուս անոր կ՛օգնէ բացայայտելու թէ իր կեանքը իր ձեռքերուն մէջ է։ Զայն կը հրաւիրէ ոտքի կանգնելու եւ դուրս գալու այդ անել վիճակէն եւ իր անկողինը առնելու։
«Այդ անկողինը պէտք չէ լքուի կամ նետուի, անիկա կը ներկայացնէ հիւանդութեան անցեալը` իրեն պատմութիւնն է։ Մինչեւ այդ պահուն անցեալը զինք կանգնեցուցած էր, ստիպած էր պառկիլ մահացածի մը նման։ Այժմ ինքն է` որ այդ անկողինը կը շալկէ եւ կը տանի ուր որ կ՛ուզէ։ Ան կրնայ որոշել թէ ինչ ընել իր պատմութեամբ։ Եւ այս մէկը շնորհիւ Յիսուսին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, եկէք Տիրոջմէ խնդրենք հասկանալու պարգևը, թէ որտեղ կանգ առած է մեր կեանքը։ Եկէք փորձենք ձայն տալ մեր ապաքինելու ցանկութեան։ Եւ եկէք աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք իրենք զիրենք կը զգան անդամալոյծ եւ ելքի ճամբայ չեն տեսներ։ Խնդրենք վերադառնալ ապրելու Քրիստոսի սրտին մէջ, որ ողորմութեան իրական տունն է» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ