MAP

Յիսուսին առջև վստահութեամբ տանինք մեր փորձութիւնները, մեր սահմանափակումներն ու թուլութիւնները. Լեւոն ԺԴ.

Այսօրուայ քրիստոնէականով մեր հայեացքը կ՛ուզեմ ուղղել Յիսուսի կեանքի այլ մէկ հիմնական ոլորտի վրայ` այսինքն անոր գործադրած բուժումներուն` եւ ասոր համար ձեզ կը հրաւիրեմ Քրիստոսի Սրտին առջեւ դնելու ձեր ցաւալի եւ դիւրաբեկ մասերը, ձեր կեանքին այն վայրերը, ուր դուք ձեզ կը զգաք կանգ առած կամ փակուած. Հայցենք Տիրոջմէ վստահութեամբ, որ ունկնդրէ մեր աղաղակը եւ բուժէ մեզ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը ու մատնանշեց Երիքովի կոյրին, որպէս տիպար այն անձին, որ երբեք չի կորսնցնէր յոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 Յունիս 2025-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Քահանայապետութեան չորրորդ ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած մտածականը կեդրոնացուց «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրայ ու յատկապէս, Յիսուսի կեանքին մէկ հիմնական ոլորտին վրայ` այն է անոր գործադրած բուժումները։

Նախ քան ունկնդրութիւնը Սրբազան Պապը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Ս. Պետրոս հրապարակին ողջունելով եւ օրհնելով ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները ապա բարձրացաւ կեդրոնական ամպիոն որտեղէն սկիզբ տուաւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն առիթով տարբեր լեզուներով ընթերցուեցաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած Երիքովի Կոյրին` Բարտիմէոսին բուժման դրուագի հատուածը, որուն վրայ հիմնուելով է, որ Լեւոն ԺԴ. ներկայացուց խորհրդածութիւնը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Յիսուսին բուժումները` Երիքովի կոյրին բժշկութիւնը

Եղբայրներ եւ քոյրեր այսօրուայ քրիստոնէականով մեր հայեացքը կ՛ուզեմ ուղղել Յիսուսի կեանքի այլ մէկ հիմնական ոլորտի վրայ` այսինքն անոր գործած բուժումներուն` եւ ասոր համար ձեզ կը հրաւիրեմ Քրիստոսի Սրտին առջեւ դնելու ձեր ցաւալի եւ դիւրաբեկ մասերը, ձեր կեանքին այն վայրերը, ուր դուք ձեզ կը զգաք կանգ առած կամ փակուած. Հայցենք Տիրոջմէ վստահութեամբ, որ ունկնդրէ մեր աղաղակը եւ բուժէ մեզ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը ու մատնանշեց Երիքովի կոյրին, որպէս տիպար այն անձին, որ երբեք չի կորսնցնէր յոյսը։

Բարտիմէոսը

Բարտիմէոսը` մուրացկան եւ կոյր մարդ մը, որուն Յիսուս կը հանդիպի Երիքովի մէջ (հմմտ. Մարկ. 10,40-52), քաղաքը` որ կը գտնուի ծովի մակարդակէն տակ։

Աւետարանիչը կ՛ըսէ` որ Ան անշարժ է, նստած է ճանապարհի եզրին, և անոր անհրաժեշտ է մէկը, որ զինք բարձրացնէ եւ օգնէ, որպէսզի շարունակէ իր ճանապարհը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Յիսուս, Դաւթի Որդի, ողորմէ ինծի»

«Բարտիմէոսը մեզի կը սորվեցնէ դիմել մեր մէջ կրող և մեր մասնիկ հանդիսացող կենսամիջոցներուն։ Ան մուրացկան է, բայց գիտէ, թէ ինչպէս խնդրել, նոյնիսկ կարող է գոռալ։ Եթէ իսկապէս բան մը կ՛ ուզես, ամէն բան կը կատարես անոր հասնելու համար, նոյնիսկ երբ ուրիշները քեզ կը յանդիմանէն, կը նուաստացնեն և կը խրատեն որ հրաժարիս։ Բայց եթէ իսկապէս կը փափաքիս այդ մէկը շարունակէ գոռալ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «Բարտիմէոսի աղաղակը. «Յիսուս, Դաւթի Որդի, ողորմէ ինծի» կը դառնայ աղօթք, որ մենք ալ նոյնպէս կարող ենք օգտագործել. «Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, ողորմէ ինծի մեղաւորիս»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Չկայ ոչ մէկ աղաղակ զոր Աստուած չի լսեր

«Բարտիմէոսը կոյր է բայց յարակարծային իմաստով ան աւելի լաւ կը տեսնէ քան ուրիշները եւ կը ճանչնայ Յիսուսը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ինչպէս անոր աղաղակին դիմաց Յիսուս զինք կը կանչէ, «որովհետեւ չկայ ոչ մէկ աղաղակ, զոր Աստուած չի լսեր»։

Զարմանալի է` թէ ինչպէս կոյր մարդու մը ի տես Յիսուս անոր մօտ չ՛երթար եւ զինք կը մղէ ոտքի ելլելու, վերարկուն նետելու, որ անոր համար ամենաթանկագին բան էր...նոյնիսկ օրէնքը կը պաշտպանէր վերարկուն...բայց եւ այնպէս շատ անգամ այն ինչ, որ մեզի խոչընդոտ կը հանդիսանայ մեր թուացեալ վստահութիւններն են, այն բաները որ մենք դրած ենք մեր վրայ, մեզ պաշտպանելու համար, և որ, փոխարէնը, արգելք է մեր քայլերուն»ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ինչպէս Բարտիմէոսը Յիսուսին մօտ երթալու համար ի յայտ կը դնէ իր ամբողջ դիւրաբեկութիւնը, որ հիմնական անցք մըն է որեւէ բուժման ուղեւորութեան մէջ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Վերագտնել արժանապատուութիւնը

Յիսուս ապա անոր հարց կու տայ. «Ի՞նչ կ՛ուզես որ ընեմ քեզի։ Բարտիմէոսին պատասխանը շատ խոր է. «Ռաբբունի աչքերս թող բացուին»։ Ան արդարեւ չուզեր միայն պարզապէս տեսողութիւնը վերագտնել այն նաեւ արժանապատուութիւնը, նշեց Լեւոն ԺԴ. ու հաստատեց թէ այն ինչ որ Բարտիմէոսը կը փրկէ անոր հաւատքն է։

«Յիսուսը մեզ կը բուժէ, որպէսզի մենք կարողանանք ազատ դառնալ։ Ան չի հրաւիրէր Բարտիմէոսին հետևելու իրեն, այլ անոր կ՛ըսէ «Գնա հաւատքդ քեզ փրկեց»։ Այնուամենայնիւ, Մարկոսը պատմութիւնը կ՛եզրափակէ՝ նշելով, որ Բարտիմէոսը սկսաւ հետևիլ Յիսուսին. Ան արդարեւ ազատօրէն կ՛ընտրէ հետևիլ Անոր` որ Ճանապարհն է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները Յիսուսին առջեւ տանելու սեփական հիւանդութիւնները, ու նաեւ սիրելիներուն հիւանդութիւնները, ու ցաւն անոնց` որոնք իրենց զիրենք կորսուած կը զգան եւ առանց ելքի ճանապարհի։ «Աղաղակենք անոնց համար եւ վստահ  ըլլանք, որ Տէրը պիտի անսայ ու կանգ առնէ»: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2025, 10:28

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >