Սուրբ Աթոռին ծառայելու լաւագոյն միջոցը անձնական սրբութիւնը փնտռելն է․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
9 Յունիս 2025ին, Սուրբ Աթոռի Յոբելեանին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայէն ներս նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
«Այսօր ուրախութիւնն ու շնորհքն ունինք Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը նշելու Եկեղեցւոյ Մօր՝ Մարիամի յիշատակութեան օրը։ Այս ուրախ զուգադիպութիւնը լոյսի եւ ներքին ներշնչանքի աղբիւր է Սուրբ Հոգիի մէջ, որ երեկ՝ Իր Գալուստով, առատօրէն թափեցաւ Աստուծոյ ժողովրդին վրայ: Եւ այս հոգեւոր մթնոլորտէն ներս այսօր կը վայելենք առանձնայատուկ օր` Աստուծոյ Խօսքի եւ Հաղորդութեան սեղանի շուրջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին սկիզբը։
Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռի խորհուրդը հասկնալու համար, Սրբազան Քահանայապետը յղում կատարեց Գործք Առաքելոցին (1:12-14) եւ ըստ Յովհաննէսի Աւետարանին (19:25-34), ի մասնաւորի Յիսուսի մահուան պատմութեան։
«Սկսելով ամենէ կարեւորէն՝ Յիսուսի մահուան պատմութենէն», Պապը նշեց, որ Յովհաննէս՝ «Տասներկուէն միակն էր, որ ներկայ էր Գողգոթայի մէջ եւ տեսաւ ու վկայեց, որ Խաչի ոտքին, միւս կանանց հետ միասին, կար նաեւ Յիսուսին մայրը, եւ լսեց Վարդապետի՝ նախ մօրը ուղղած խօսքերը՝ «Ով կի՛ն, ահա՛ քո որդին», ապա իրեն ուղղած խօսքերը. «Ահա քո մայրը» (26-27):
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ Տիրամայրը կը դառնայ նոր Եւա՝ Խաչի խորհուրդի միջոցաւ կապուելով Յիսուսի փրկարար մահուան հետ եւ իր հետ բերելով նոր եւ յաւերժական կեանք։
Նորին Սրբութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի Յոբելեանին նուիրուած ծիսակատարութեան առանցքը դարձուց պտղաբերութիւնը, որ կը բխի Մարիամի հաւատքէն եւ սէրէն՝ արմատաւորուած Քրիստոսի Խաչի մէջ։
Կոչուած ենք քրիստոնէական կեանքով կենդանի պահել Եկեղեցւոյ պտղաբերութիւնը
«Եկեղեցւոյ պտղաբերութիւնը Մարիամի պտղաբերութիւնն է», որ ձեռք կը բերուի ապրելով Անոր օրինակով, գործելով սրբութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։ Մարիամի եւ Եկեղեցւոյ այս պտղաբերութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է Եկեղեցւոյ սրբութեան հետ, ուստի եւ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռի պտղաբերութիւնը կախում ունի անոր անդամներու սրբութենէն եւ Սուրբ Հոգիի ներկայութենէն», եղաւ Սրբազան Պապի շեշտադրումը, որ ապա հաստատեց թէ՝ «Սուրբ Աթոռին ծառայելու լաւագոյն միջոցը անձնական սրբութիւն փնտռելն է եւ իւրաքանչիւրը կոչուած է իր յանձնառութեամբ եւ քրիստոնէական կեանքով ու սիրով կենդանի պահելու ու նպաստելու Եկեղեցւոյ պտղաբերութեան»։ Այս իմաստով Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց ժամանակակից աստուածաբանի մը խօսքերը․
«Եթէ եկեղեցին խաչի փոքր մանանեխի հատիկէն բուսած ծառն է, ապա այս ծառին վիճակուած է արտադրել մանանեխի սերմեր, հետեւաբար՝ պտուղներ, որոնք կը կրկնեն խաչի ձեւը, որովհետեւ անոնք իրենց գոյութիւնը պարտական են խաչին» (H.U. von Balthasar, Cordula ovverosia il caso serio, Brescia 1969):
Մարիամը ՝ հիմնարար Եկեղեցու եւ Սուրբ Աթոռի պտղաբերութեան համար
Երկրորդ պատկերը, որուն Լեւոն ԺԴ․ յղում կատարեց քաղուած է Գործք Առաքելոցէն (1:12-14) եւ կը ներկայացնէ Մարիամը, որպէս նորածին Եկեղեցւոյ Մայր, որպէս «նախատիպային» մայրութեան օրինակ, որ անցած է Զատկի առեղծուածը։ Մարիամի մայրութիւնը հիմնարար է Եկեղեցու եւ Սուրբ Աթոռի պտղաբերութեան եւ սրբութեան համար եւ արդիական իւրաքանչիւր ժամանակի մէջ եւ վայրի համար։ Եւ ամենէն առաջ ան միշտ պտուղն է Զատկակակն Խորհուրդին, խաչուած եւ յարութիւն առած Տիրոջ շնորհքին։
Մարիամը՝ իր առաքելութեան շնորհիւ ներդաշնակ կը դարձնէ տարբերութիւնները
Իր մայրական առաքելութեան շնորհիւ, Մարիամը կը խթանէ նորածին Եկեղեցւոյ միասնութիւնը՝ «ներդաշնակեցնելով տարբերութիւնները», եւ կ’աջակցի յատկապէս Պետրոսի ծառայութեան:
«Պետրոս առաջինն է, որուն Մարիամ կ’աջակցի իր ծառայութեան մէջ։ Նոյն կերպով, Մայր Եկեղեցին Մարիամի շնորհապարգեւով կ’աջակցի Պետրոսի իրաւայաջորդներու ծառայութեան: Սուրբ Աթոռը առանձնայատուկ կերպով կ’ապրի երկու բեւեռներու՝ Մարիամի եւ Պետրոսի համակեցութիւնը: Եւ Մարիամն է, որ կ’ապահովէ Պետրոսի պտղաբերութիւնն ու սրբութիւնը՝ իր մայրութեամբ՝ Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիի պարգեւով։ Գովաբանենք Աստուած իր Խօսքին համար, ճրագ, որ կը լուսաւորէ մեր քայլերը, նաեւ մեր առօրեայ կեանքը Սուրբ Աթոռին ի սպաս ծառայութեան մէջ» ըսաւ ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ եւ հրաւիրեց աղօթել.
«Ո՛վ Հայր, թող` որ քո Եկեղեցիդ, աջակցուած Քրիստոսի սիրով, ըլլայ աւելի պտղաբեր Սուրբ Հոգիով, ուրախանայ իր զաւակներու սրբութեամբ եւ իր գիրկը առնէ ողջ մարդկային ընտանիքը» («Համաշխարհական աղօթք»):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ