Միայն խաղաղ սիրտ մը կարող է խաղաղութիւն տարածել. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի ` 8 Յունիսի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Զոհի աւարտին, Սրբազան Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, եւ նախ քան աղօթքը Ան ուզեց յատուկ ողջոյնի մը խօսք մը ուղղել բոլոր ներկաներուն ու բոլոր անոնց` որոնք հաղորդակցութեան միջոցներով կապուած էին արարողութեան, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ Կարդինալներուն ու Եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ ընկերակցութիւններու, եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն, որոնք այս օրերուն ապրեցան իրենց Յոյսի Յոբելեանը։
«Սիրելի՛ քոյրեր և եղբայրներ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ` ձեր այս Յոբելեանէն մեկնեցէք նորոգուած։ Գացէք և բոլորին տարէք Տէր Յիսուսին Յոյսը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ յիշելով նաեւ` որ Իտալիոյ եւ շատ մը այլ երկիրներուն մէջ, այս օրերուն փակումը կը կատարուի դպրոցական տարեշրջանին, եւ այս առիթով իր ողջոյնները ուղղեց բոլոր դասատուներուն ու աշակերտներուն եւ յատուկէն այն ուսանողներուն` որոնք յառաջիկայ օրերուն քննութիւններ ունին։
«Իսկ այժմ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Սուրբ Հոգիէն հայցենք խաղաղութեան շնորհքը։ Նախ եւ առաջ խաղաղութիւն մեր սրտերուն, որովհետեւ միայն խաղաղ սիրտ մը կարող է խաղաղութիւն տարածել, ընտանիքի, ընկերութեան ու միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մաղթելով, որ «Յարուցեալ Քրիստոսի Հոգին բանայ հաշտութեան ուղիներ ամէն վայրերուն մէջ ուր կայ պատերազմ։ Լուսաւորէ կառավարիչները ու անոնց պարգեւէ քաջութիւն, իրագործելու լարուածութիւններու թուլացումի և երկխօսութեան ժեստեր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ