MAP

VATICAN-POPE-JUBILEE-MASS

«Թող Աստուածամայրը մեզի օգնէ` որպէսզի միասին քալենք խաղաղութեան ուղիին վրայ». Լեւոն ԺԴ.

Լեւոն ԺԴ. ողջունեց բոլոր ընտանիքները` «փոքր տնային եկեղեցիներ, ուր այսօր Աւետարանը ընկալուած ու փոխանցուած է» մաղթելով` որ «հաւատքը, յոյսն ու սէրը մշտապէս աճին մեր ընտանիքներուն մէջ»։ Ան ապա իր ողջոյնը ուղղեց տարեցներուն` զանոնք որակելով «հաւատքի իսկական օրինակներ և ոգեշնչումի աղբիւր` երիտասարդ սերունդներուն համար» ապա յիշեց երէկ Լեհաստանի մէջ Երանելի հռչակուած կրօնաւորուհիները ինչպէս նեաւ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` մէկ Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած` Ընտանիքներուն, Մանուկներուն Պապիկ Մամիկներուն եւ Տարեցներուն նուիրուած Յոբելենական սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն առաջ ուզեց յատուկէն ողջունել պատարագի ու յոբելենական ուխտագնացութեան բոլոր մասնակցողները` որոնք եկած էին աշխարհի տարբեր շրջաններէն` 131 երկիրներու պատուիրակութիւններով։

Ողջոյնի խօսք ուխտաւորներուն

«Ուրախ եմ այստեղ ընկալելու բազմաթիւ մանուկներ որոնք կը վերակենդանացնեն մեր յոյսը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ողջոյնը ուղղելով նաեւ բոլոր ընտանիքներուն, «փոքր տնային եկեղեցիներ, ուր այսօր Աւետարանը ընկալուած ու փոխանցուած է», յարեց Ան վերյիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսքերը. «Ընտանիքը իր ծագումը ունի այն սիրոյն մէջ, որով Արարիչը կ՜ողջագուրէ ստեղծուած աշխարհը (Նամակ` Gratissimam sane, 2) եւ ասկէ մեկնելով մաղթեց` որ հաւատքը յոյսն ու սէրը մշտապէս աճին մեր ընտանիքներուն մէջ»։

Քահանայապետը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց նաեւ տարեցներուն` զանոնք որակելով «հաւատքի իսկական օրինակներ և ոգեշնչումի աղբիւր` երիտասարդ սերունդներուն համար» շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց մասնակցութեան համար ապա իր ողջոյնները տարածեց բոլոր ուխտաւորներուն։

Համբարձման տօնը եւ Լեհաստանի մէջ Երանելի հռչակուած կրօնաւորուհիները

Նորին Սրբութիւնը յիշեց այսօր շատ մը Երկիրներուն մէջ տօնախմբուած Յիսուսի համբարձման տօնը` «որ գեղեցիկ տօն մըն է ու մեզի նայիլ կու տայ երկրային մեր ճամբորդութեան նպատակին» յարեց Ան, յիշելով շաբաթ օր` Լեհաստանի Պրանիեվօ քաղաքին մէջ երանելի հռչակուած Cristofora Klomfass-ը եւ անոր 14 միաբանակից քոյրերը, Մարտիրոս եւ Կոյս Սրբուհի Կատարինէի միաբանութենէն, որոնք 1945 սպաննուեցան «կարմիր բանակի» զինուորներու կողմէ եւ որոնք հակառակ հալածանքներուն շարունակած էին ծառայել հիւանդներուն ու որբերուն։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը 

«Այս նոր Երանելի նահատակներու բարեխօսութեան կը վստահինք աշխարհի բոլոր կրօնաւորուհիները` որոնք վեհանձն օրէն կը նուիրուին Աստուծոյ Արքայութեան» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. որ յիշեց այսօր յիշատակուող Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներու գործիչներուն, որոնք «ապահովելով հաղորդագրութիւններու բարոյական որակը, կ՛օգնեն ընտանիքներուն իրենց կրթական գործին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Աղօթք առ Սուրբ Կոյսն Մարիամ

Ան ապա հայցեց` որ «Սուրբ Կոյսը օրհնէ բոլոր ընտանիքները ու անոնց թիկունք կանգնի դժուարութեան պահուն», յատուկէն մտաբերելով այն ընտանիքները, որոնք կը տառապին պատերազմի բերումով Միջին Արեւելքի մէջ, Ուքրանիոյ մէջ եւ աշխարհի տարբեր այլ վայրերուն մէջ։

«Թող` որ Աստուածամայրը մեզի օգնէ` որպէսզի միասին քալենք խաղաղութեան ուղիին վրայ» եղաւ Լեւոն ԺԴ. աղերսը որմէ ետքը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2025, 11:58

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >