MAP

The Chicago White Sox and the Archdiocese of Chicago host a public celebration of the election of MAP Leo XIV.

Լեւոն ԺԴ. Պապը երիտասարդներուն. Դարձէք լոյս փարոսներ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատկերասփռուած Պատգամը Չիքակոյի մարզադաշտին մէջ համախմբուած եւ համացանցի միջոցաւ աշխարհի բոլոր վայրերէն կապուած երիտասարդներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 14 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց, Չիքակոյի մարզադաշտին մէջ համախմբուած եւ համացանցի միջոցաւ կապուած համայն աշխարհի երիտասարդներուն։

Պատգամը կեդրոնացնելով Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին վրայ, Քահանայապետը Հրաւիրեց երիտասարդները կառուցելու իրենց ընտանիքներուն, ժողովրդապետութիւններուն եւ աշխարհի մէջ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւնը ու իրենց սիրտերուն մէջ զԱստուած Ճանչնան, Սուրբ Գիրքին եւ կեանքի փորձառութիւններուն միջոցաւ, յատուկէն համաճարակէն ետք, որ մեկուսացում եւ դժուարութիւններ յառաջացուց։

«Երբեմն կրնայ պատահիլ, որ ձեր կեանքի հանգամանքները ձեզի հնարաւորութիւն չեն տուած ապրելու ձեր հաւատքը, ապրելու որպէս հաւատքի համայնքի անդամներ, եւ ես կը փափաքիմ օգտուիլ այս առիթէն ձեզմէ իւրաքանչիւրդ հրաւիրելով նայելու ձեր սիրտին մէջ, ճանչնալու, որ Աստուած ներկայ է, գուցէ շատ տարբեր ձեւերով, Աստուած ձեզ կը փնտռէ, ձեզ կը կանչէ, կը հրաւիրէ, որ ճանչնաք Իր Որդին, Յիսուս Քրիստոսը, Սուրբ Գիրքի միջոցաւ, գուցէ ընկերոջ կամ ազգական, պապիկի կամ տատիկի միջոցաւ, որ կարող է հաւատքի մարդ ըլլայ», ըսաւ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց երիտասարդները բացայայտելու, որ Աստուծոյ սէրը կարող է բուժել եւ յոյս բերել՝ օգնելով մեզի յաղթահարելու տխրութիւնն ու միայնութիւնը հրաւիրեց նաեւ իմաստը գտնելու ուրիշներուն ծառայելու մէջ, որ կը թարգմանուի բարեկամութեան եւ հասարակութեան մէջ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ յոյսը կիսելը եւ ծառայելը, աշխարհը կը դարձնէ աւելի լաւ վայր մը ու երիտասարդները բոլորին համար յոյսի խոստում են, կանչուած տարածելու խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն ու սէր։

Մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը Քահանայապետը ընդգծեց, որ փոփոխութիւնը կը սկսի սրտէն եւ անձնական իսկութենէն՝ դառնալով յոյսի եւ լոյսի փարոսները աշխարհին մէջ, ապա խօսելով սիրտին անհանգստութեան մասին, ինչպէս նկարագրած է սուրբ Օգոստիոնոսը, հրաւիրեց Աստուած փնտռել՝ խաղաղութիւն գտնելով եւ աշխատելով մեր կեանքի եւ ուրիշներուն կեանքին մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամը եզրափակեց յիշեցնելով, որ յոյսը չի հիասթափեցներ ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Պօղոսը ու Յոյսի յոբելենական տարին կոչ մըն է` դառնալու այդ լոյսի կենդանի վկաները, խաղաղութեան կարիք ունեցող աշխարհին մէջ։

Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները բանալու իրենց սիրտերը Աստուծոյ առջեւ, ճանչնալով Անոր անշահախնդիր եւ վեհանձն սէրը ու զայն յոյսով կիսել ուրիշներուն հետ։

Քահանայապետը առ այդ իր աղօթքը վստահեցուց, բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ սէրն ու խաղաղութիւնը ու Աստուծոյ օրհնութիւնը` որպէսզի երիտասարդները միշտ դառնան յոյսի փարոսներ, յոյսի եւ խաղաղութեան նշան, համայն աշխարհին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2025, 23:01