Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց եւ քաջալերանքի խօսք ուղղեց Մարզանքի Յոբելեանի մասնակիցներուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 14 յունիսին, Հռոմի մէջ սկիզբ առաւ Մարզանքի Յոբելեանը, որ վերջ պիտի գտնէ վաղը՝ կիրակի օր, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորելիք Սուրբ Պատարագով։
Մարզանքի Յոբելեանի առթիւ աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած մարզիկներն ու մարզանքի ներկայացուցիչները այսօր՝ իրենց մասնակցութիւնը բերին Յոյսի Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով նախատեսուած Յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութեա, զոր տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ ու առիթը ունեցան ողջունելու Քահանայապետը։
Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը տարբեր լեզուներով ողջունելով հաւատացեալներն ու ուխտաւորները անգլերէն լեզուով յատուկէն ողջոյնի խօսքը ուղղեց մարզանքի յոբելեանի մասնակիցներուն ըսելով.
«Ջերմօրէն կ՝ողջունեմ ձեզ բոլորդ, որ կը մասնակցիք Մարզանքի Յոբելեանի եւ «Յոյսի թափը» նիւթով միջազգային հանդիպումին, կազմակերպուած Մշակոյթի եւ Կրթութեան համար վերատեսչութեան կողմէ։
Այս օրերուն միասին անցուցած ձեր ժամանակը թանկարժէք հնարաւորութիւն կու տայ խորհելու մարզական գործունէութեան եւ յոյսի առաքինութեան միջեւ եղած կապին մասին։ Եթէ անոր մասին ուշադրութեամբ մտածենք, մարզանքը ոգեշնչուած է յոյսով, այն իմաստով, որ մարզանքը կ՝ենթադրէ նպատակի մը ձգտումը, սեփական կարողութիւնները բարելաւելու մշտական որոնումը եւ ուրիշներուն հետ խմբային աշխատանքը սորվիլը։ Միեւնոյն ատեն, մեր խոր յոյսերը մեզի մարտահրաւէրի մը առջեւ կը դնեն՝ մարզանքի աշխարհը դարձնելու ասպարէզ մը, ուր կարելի է իրականացնել եւ ուրիշներուն փոխանցել մարդկային եւ քրիստոնէական իսկական արժէքները, աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու համար։ Հետեւաբար, այս Յոբելեանի հոգիով ձեզի եւ շարժանիւի մրցոյթի մասնակիցներուն կը քաջալերեմ, որ իւրաքանչիւրդ իր ձեւով, ըլլայ «Յոյսի միսիոնարներ» նուիրուելով աւելի բարձր համերաշխութեան, ընդունելութեան եւ եղբայրութեան» ըսաւ Սրբազան հայրը ու իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ