Լեւոն ԺԴ. Պապին Աղքատներու 9-րդ միջագային օրուան պատգամը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 13 յունիսին, հրապարակուեցաւ յառաջիկայ, 16 նոյեմբերին, նշուելիք Աղքատներուն միջազգային 9-րդ օրուան առթիւ Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը, որուն մէջ խօսքը կեդրոնացնելով յոյսի նիւթին վրայ Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, թէ ինչպէս յոյսը արմատաւորուած է հաւատքի եւ Աստուծոյ սիրոյ մէջ ու կը յայտնաբերուի Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։
Յղում կատարելով թիւ 71 սաղմոսին, Քահանայապետը կը շեշտէ, թէ նոյնիսկ կեանքի դժուարութիւններուն մէջ, հաւատացեալներուն սիրտերը կարող են մնալ անսասան եւ կայուն, վստահելով Աստուծոյ, որպէս ժայր եւ որպէս ամրոց, քանի յոյսը չի հիասթափեցնէր, որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վստահութեան վրայ ու կը յայտնուի, մեր փրկութեան համար մեռած եւ Յարութիւն առած Քրիստոսի մէջ։
Քահանայապետը պատգամին մէջ կը յիշէ Սուրբ Պօղոսին խօսքերը` որ Աստուած կը նկարագրէ, որպէս «Յոյսի Աստուած», որ մեր մէջ կը ներշնչէ վստահութիւն եւ ուժ՝ դիմակայելու համար դժուարութիւնները, մեր սիրտերը ամուր պահելով «նոր երկինքներուն» եւ «նոր երկիրներուն» ապագայ փրկութեան խոստումի վրայ։
Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէ, որ աղքատը նոյնիսկ ապրելով անկայուն պայմաններուն մէջ, կարող է ըլլայ ուժեղ եւ վստահելի վկայ, քանի որ աղքատը հիմնուած է, ոչ թէ նիւթական հարստութիւններուն վրայ, այլ Աստուծոյ վրայ, որ կը ներկայացնէ իսկական գանձը եւ Հաւատքը կը սորվեցնէ որ նիւթական հարստութիւնը վաղանցուկ եւ խաբուսիկ է, մինչդեռ իսկական երջանկութիւնը կը գտնուի Աստուծոյ մէջ։ Սուրբ Օգոստինոս կը հրաւիրէ Աստուծոյ զգալ որպէս միակ յոյսը, որովհետեւ առանց Անոր ամէն ինչ դատարկ է։
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամին մէջ կը նշէ, թէ Քրիստոնէական յոյսը խորհրդանշականօրէն ներկայացուած է խարիսխով, որ սիրտը կը կեդրոնացնէ Քրիստոսի խոստումին վրայ՝ որ պիտի վերադառնայ եւ պիտի իրականացնէ «նոր երկինք» եւ նոր երկիր»։ «Այս յոյսը կը շարունակէ մատնանշել «Նոր երկինքը» եւ «Նոր Երկիրը» (Պետ 3,13), որպէս նոր կեանքի հորիզոն, ուր բոլոր արարածներուն գոյութիւնը պիտի գտնէ իր իսկական իմաստը, քանի մեր իսկական հայրենիքը երկինքի մէջ է։ (Փիլ 3,20)։ «Աստուծոյ քաղաքը մեզ կը յանձնառու կը դարձնէ մարդոց քաղաքներուն համար։ Անոնք պէտք են սկսիլ նմանիլ Աստուծոյ քաղաքներուն։ Յոյսը, որ պահպանուած է Աստուծոյ սիրով եւ որ Սուրբ Հոգիով թափուած է մեր սիրտերուն մէջ, (Հռոմ 5,5), մարդկային սիրտը կը վերածէ բերրի հողի, ուր կարելի է ծնել սէրը աշխարհի կեանքի համար» գրեց Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ ընդգծելով, որ Քրիստոնէական յոյսը կը խթանէ աւելի արդար քաղաքներ եւ հասարակութիւններ կառուցելու յանձնառութիւնը, որոնք կ՝արտացոլացնեն Աւետարանի արժէքները, ինչպէս սէրը, զօրակցութիւն, ամենաղքատներուն նկատմամբ հոգատարութիւնը։
Սէրը, որ կը ծնի հաւատքէն եւ յոյսէն, այն սկզբունքն է որ թոյլ կու տայ մեզի դիմագրաւելու աղքատութեան կառուցուածքային պատճառները եւ ստեղծել յոյսին շօշափելի նշաններ, ինչպէս հիւանդանոցներ, դպրոցներ, աղքատներու, գաղթահկաններուն համար կեդրոններ։ Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտը կը դնէ ապա այն կարեւորութեան վրայ, թէ աղքատներուն պէտք չէ նայիլ, որպէս բարեգործութեան իրեր, այլ գործունեայ ենթականեր, իմաստութեան եւ յոյսի կրողները։
«Աղքատները եկեղեցւոյ համար ամենասիրուած եղբայրներն ու քոյրերն են, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը՝ իր գոյութեամբ, նաեւ իր խօսքերով եւ իմաստութեամբ, մեզ կը մղեն՝ ձեռքով դպչելու Աւետարանի ճշմարտութեան«։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ աղքատներու համաշխարհային օրը նպատակ ունի յիշեցնել մեր համայնքները, որ աղքատները ողջ հովուական ծառայութեան կեդրոնն են ու «Առանց բացառութեան, աղքատութեան բոլոր ձեւերը կոչ են շօշափելի կերպով ապրելու Աւետարանը եւ առաջարկելու յոյսի արդիւնաւէտ նշաններ»։
Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ Աղքատներու միջազգային օրը կոչը է, որպէսզի համայնքները ստանձնեն այս իսկական պատասխանատուութիւնը ճանչնալով աղքատներուն մէջ Քրիստոսի դէմքը։ Մինբ Յոբելինական Տարին հրաւէր է պահպանելու եւ տարածելու ստացուած աստուածային շնորհքները, խթանելով աղքատութեան դէմ պայքարի քաղաքականութիւն եւ աջակցելով ընկերային արդարութեան ձեռնակներուն, ինչպէս աշխատանքը, դպրոցը, տունը, առողջապահութիւնը, որոնք հիմնարար պայմաններ են աւելի արդար եւ մարդկային համակեցութեան համար։
«Վստահինք Ամենասուրբ Մարիամին՝ տառապեալներուն մխիթարողին ու իր հետ միասին բարձրացնենք յոյսի երգ, մեր ընելով Te Deum բառերը, Տէր Քու վրադ կը դնեմ իմ յոյսս եւ երբեք չեմ հիասթափիր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ