MAP

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին անդամներուն հետ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին անդամներուն հետ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Մարդկային անձը «Ալկորիթմի» համակարգ չէ. արարած, յարաբերութիւն ու խորհուրդ է

Lեւոն ԺԴ. Քահանայապետի պատգամը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 17 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարած են իրենց արտակարգ ժողովը։ 

Այս առիթով արտասանած ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն արտայայտեց սոյն հանդիպումին համար ընդգծելով Պապին եւ Իտալացի եպիսկոպոսներուն միջեւ առկայ յատուկ կապը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի միջեւ միաբանականութեան եւ հաղորդութեան սկզբունքները, «ինչպէս ուրուագծուած են Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովին մէջ»։

Ճառին մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը ընդգծեց հաւատքի հռչակման նկատմամբ վերանորոգուած նուիրումին կարեւորութիւնը, Քրիստոսը դնելով հովուական ծառայութեան կեդրոն եւ խթանելով աշխարհի նոր կարիքները բաւարարելու ունակ աւետարանումը։

«Պապին եւ Իտալացի եպիսկոպոսներուն միջեւ առանձնաշնորհեալ կապին շնորհիւ կը փափաքիմ նշել, որոշ հովուական ծառայութեան մտահոգութիւններ,
որ Տէրը կը դնէ մեր հաւատքին ուղեւորութեան դիմաց եւ որոնք կը պահանջեն խորհրդածութիւն, շօշափելի գործողութիւն եւ աւետարանական վկայութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու այդ ուղղութեամբ յորդորեց Յիսուս Քրիստոսը կեդրոն դնել եւ օգնել անձերուն, Տիրոջ հետ անձնական յարաբերութիւն ապրելու համար։

Խաղաղութեան նիւթին կարեւորութինը հովուած ծառայութեան մէջ

«Քրիստոսի հետ յարաբերութիւնը կոչ մըն է զարգացնելու հովուական ծառայութեան ուշադրութիւնը, խաղաղութեան նիւթին վրայ։ Տէրը, մեզ աշխարհ կ՝ուղարկէ իր պարգեւը տարածելու եւ դառնալու առօրեայ կեանքին վայրերուն մէջ արհեստաւորներ» ըսաւ Քահանայապետը ու ընդգծեց համայնքներուն, ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ խաղաղութիւնը խթանելու կարեւորութիւնը, հրաւիրելով թեմերուն մէջ մշակելու բռնութեան դէմ պայքարի, միջնորդութեան եւ հիւրընկալութեան վերաբերեալ կրթութեան դասընթացքներ, իւրաքանչիւր վայրի «Խաղաղութեան տուներ» կառուցելու համար։

Մարդկային աձնի արժանապատուութեան յարգանքը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդգծեց մարդկային անձի արժանապատուութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը, արհեստական բանականութեան նման արագ փոփոխութիւններուն ենթարկուած միջավայրերուն մէջ, յորդորելով Իտալիոյ եկեղեցիները պահպանելու մարդաբանական ուշադրութիւնը, որ կը լրացնէ մարմինը, յարաբերութիւնն ու մարդկային խորհուրդը։

«Կան մարտահրաւէրներ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն մարդկային անձի արժանապատուութեան յարգանքը։ Արհեստական բանականութիւնը, կենսագիտութիւնները, տուեալներուն տնտեսութիւնը եւ ընկերային հաղորդակցութիւնը խորապէս կը փոխակերպեն մեր կեանքի փորձառութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ.մարդկային անձը ալկորիթմի համակարգ չէ. արարած է , յարաբերութիւն, խորհուրդ է այս ուղղութեամբ մաղթանք յայտնեց որ Իտալիոյ մէջ եկեղեցիներուն ուղեւորութիւնը ներառէ մարդաբանականութեան տեսլականը, որպէս հովուական ծառայութեան զատորոշումին էական միջոց ։

Երկխօսութեան մշակոյթը

Ճառին մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց մշակելու միջ սերնդային եւ միջ մշակութային երկխօսութիւնը, որպէսզի ճշմարտութիւնը դառնայ հաւաստի՝ունկնդրութեան եւ հաղորդութեան միջոցաւ.։

«Մասնաւորապէս կը յանձնարարեմ, զարգացնել երկխօսութեան մշակոյթը։ Գեղեցիկէ է, որ բոլոր եկեղեցական իրականութիւնները՝ ծխական համայնքները, միութիւններն ու շարժումները, միջ սերնդային ունկնդրութեան, տարբեր աշխարհներուն հետ համեմատութեան, խօսքերու եւ յարաբերուեան հոգատարութեան վայրեր ըլլան»։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց հայցելով Աստուածամօր՝ Փոմփէի Տիրամօր հովանին ու շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2025, 11:22