MAP

Սուրբ Պետրոսի գմբեթը Սուրբ Պետրոսի գմբեթը  

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Հեռաձայնային զրոյցը Սպանիայի Կառավարութեան Նախագահին հետ

Խօսակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկեցին ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներ, որոնց շարքին՝ գաղթականութեան ճգնաժամը, շարունակուող հակամարտութիւնները լուծելու համար կամուրջներ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը և մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը երէկ` 11 Յունիսի երեկոյեան հրատարակած հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Սպանիայի Կառավարութեան նախագահ` Փետրօ Սանչէս Փերես Քասթէյոնի հետ, որուն ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆիլիփ Թագաւորի եւ Լեթիցիա Թագուհիի իր Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին ներկայ գտնուելուն համար:

Խօսակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկեցին ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներ, որոնց շարքին՝ գաղթականութեան ճգնաժամը, շարունակուող հակամարտութիւնները լուծելու համար կամուրջներ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը և մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը։

Վերջապէս, խօսելով Յունիսին Սիվիլիայի մէջ կայանալիք զարգացման ֆինանսաւորման Չորրորդ միջազգային համաժողովի մասին, Սպանիայի Կառավարութեան նախագահը կրկին հրաւէր ուղղեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին՝ այցելելու Երկիրը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2025, 07:58