«Պաշտպանենք իսկական սիրոյ եւ իսկական կարեկցութեան վրայ հիմնուած քաղաքակրթութիւն մը». Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անգլիոյ և Ուելսի, Սքովտիայի և Իռլանդայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերը 15 Յունիսին կը տօնախմբեն «Կեանքի Օրը» որ կը զուգադիպի Յոբելենական Յոյսի Սուրբ Տարուան որուն առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը` Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիր մը յղած է Լիվըրփուլի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Ժոն Շերրինկթոնին, որուն մէջ ակնարկած է Օրուան որդեգրած բնաբանին. «Յոյսը յուսախաբ չի թողուր։ Տառապանքին մէջ Իմաստ գտնել» նիւթին, որով կը ջանան մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել այն հանգամանքին վրայ` թէ «ինչպէս տառապանքի խորհուրդը, որ այնքան տարածուած է մարդկային պայմաններուն մէջ, կարող է շնորհքի միջոցաւ փոխուիլ ու դառնալ Տիրոջ ներկայութեան փորձառութիւն մը, որովհետեւ Աստուած միշտ մօտ է տառապողներուն եւ մեզ կ՛առաջնորդէ արժեւորելու կեանքին աւելի խոր իմաստը սիրոյ եւ մօտիկութեան մէջ» (Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հիւանդի ԻԳ օրուան առիթով)։
Նորին Սրբութիւնը կ՜աղօթէ` որպէսզի Աստուծմէ իւրաքանչիւր մարդու տրուած արժանապատւութեան ձեր այս միասնական վկայութեան ու ծանր հիւանդներու քրիստոնէական աջակցութեան ընդմէջէն բոլորը քաջալերուին «պաշտպանելու իսկական սիրոյ եւ իսկական կարեկցութեան վրայ հիմնուած քաղաքակրթութիւն մը» կը կարդանք Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրին մէջ ուր ապա Ան կը հաւաստիացնէ որ Սրբազան Քահանայապետը անոնց այս ջանքերը կը վստահի Մայր Բարի Խորհրդոյ Տիրամօր բարեխօսութեան ապա բոլոր անոնք` որոնք թիկունք կը կանգնին «Կեանքին» նուիրուած այս Օրուան կը փոխանցէ իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ