MAP

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագին քարոզը

Մարզանքը համագործակցութիւն կը սորվեցնէ, կ՛արժեւորէ միասին ըլլալու գործնականութիւնը եւ կ՛օգնէ ընկալելու մարդկային դիւրաբեկութիւնը բացուելով յոյսին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 15 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը տասին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Մարզանքի Յոբելեանի Սուրբ Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին այս օրերուն Հռոմ ժամանած մարզանքի աշխարհի դերակատարները։

Պատարագը կը զուգադիպէր նաեւ Սուրբ Երրորդութեան տօնին եւ ահա այս առնչութեամբ է, որ արարողութեան ընթացքին կարդացուած Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզը կեդրոնացուց վերոնշեալ երկու առիթներուն վրայ խորհրդածելով այն կապի մասին զոր գոյութիւն ունի հաւատքի ու մարզանքի միջփւ ընդգծելով, թէ ինչպէս մարդկային իւրաքանչիւր բարի գործունէութիւն, ներառեալ մարզանքը, կը ցոլացնէ Աստուծոյ Գեղեցկութիւնը։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը   (@Vatican Media)

Հաւատքի եւ մարզանքի միջեւ կապը

Մատնանշելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն Քահանայապետը մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի Սուրբ Երրորդութեան հայող խօսքը ուր Ան կը հաստատէ որ Սուրբ Երրորդութիւնը եւ իմաստունութիւնը իրար կապուած են մտերմաբար. «Աստուածային իմաստութիւնը յայտնուեցաւ Սուրբ Երրորդութեան մէջ եւ իմաստութիւնը մեզի միշտ կը տանի դէպի ճշմարտութիւն» հաստատեց Քահանայապետը աւելցնելով` որ Սուրբ Երրորդութիւնը՝ սիրոյ հաղորդութեան շարժականութիւն, կը յիշեցնէ յարաբերութիւններուն արժէքը, որ կ՛արտայայտուի նաեւ մարզանքի մէջ, ու ասկէն մեկնելով աւելցուց` որ «Աստուած ուրախութիւն, նուիրում եւ յարաբերութիւն է ու թէ մարզանքը եւս կը ցոլացնէ այս ոլորտը եթէ ան ապրուած ըլլայ ոչ միայն որպէս մրցակցութիւն այլ որպէս անձնուիրում ու միւսին հետ հանդիպում։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը   (@Vatican Media)

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց  ապա մարզանքի երեք յատկութիւններուն, որպէս մարդկային եւ քրիստոնէական կազմաւորումի թանկարժէք միջոց։

Համագործակցութիւն

Առաջինը այն է թէ մարզանքը համագործակցութիւն կը սորվեցնէ, այսօրուայ աշխարհը յատկանշող անհատականութեան դէմ, ու կը խթանէ «մենք« ին իմաստը.

«Մարզանքը արդարեւ կարող է դառնալ կարեւոր գործիք հանդիպումի եւ հաշտեցումի` ժողովուրդներու, հասարակութիւններու, դպրոցական ու աշխատանքային միջավայրերու եւ ընտանիքներուն մէջ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու ակնարկեց երկրորդ յատկութեան այն է շօշափելիութիւնը, գործնականութիւնը։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը   (@Vatican Media)

Գործնականութիւն

«Թուային աշխարհի մը մէջ, ուր արհեստագիտութիւնը թէեւ կը մօտեցնէ հեռաւոր մարդիկը, յաճախ կը հեռացնէ այն որ մօտիկ է, մարզանքը կ՛արժեւորէ միասին ըլլալու գործնականութիւնը, մարմնին, տարածքին, յոգնութեան ու իրական ժամանակի իմաստը...եւ կ՜օգնէ կապ պահելու բնութեան ու իսկական կեանքին հետ, որ վայր է ուր աճիլ սիրոյ մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը   (@Vatican Media)

Ընկալել մարդկային դիւրաբեկութիւնը 

Երրորդ յատկանիշը ապա այն է թէ մրցակցային ընկերութեան մը մէջ, ուր կը թուայ որ միայն աւելիով զօրաւորը եւ յաղթողները իրաւունք ունին ապրելու, մարզանքը կը սորվեցնէ նաեւ պարտութիւնը, եւ կ՛օգնէ ընկալելու մարդկային դիւրաբեկութիւնը բացուելով յոյսին։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը   (@Vatican Media)

Մարզանքը  հոգեւոր ու քաղաքացիական կազմաւորման միջոց

«Մարզիկը, որ երբեք չի սխալիր որ երբեք չի պարտուիր, գոյութիւն չունի։ Ախոյանները անսխալական մեքենաներ չեն, այլ մարդիկ և կանայք, որոնք նոյնիսկ երբ իյնան համարձակութիւնը կը գտնեն նորէն ոտքի կանգնելու» եղաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին արտայայտած մէկ միտքը` որ ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ ապագայի Սուրբ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին, որ եղած է մարզիկ եւ սրբութեան գործնական տիպար մը։ Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Սուրբ Պօղոս Զ,-ին որ մարզանքին մէջ կը տեսներ հոգեւոր ու քաղաքացիական կազմաւորման միջոց մը, յատկապէս պատերազմի ժամանակաշրջանէն ետքը։

Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը]
Մարզանքի Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին գլխաւորած պատարագը]   (@Vatican Media)

 Ըլլալ Երրորդութիւն Աստուծոյ սիրոյ ցոլքը 

«Սիրելի մարզիկներ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի  գեղեցիկ առաքելութիւն մը` ըլլալ Երրորդութիւն Աստուծոյ սիրոյ ցոլքը ձեր ու ձեր եղբայրներու բարիքին համար։ Թոյլ տուէք ներգրաւուիլ այս առաքելութեան մէջ, որպէս մարզիկներ, որպէս կազմաւորողներ, որպէս ընկերութիւն, խումբ ու որպէս ընտանիք» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին Մարիամին վերագրուած խօսքերը, որ միշտ շարժումի մէջ էր, միշտ պատրաստ մեկնելու,ինչպէս կ՛ընեն մայրերը եւ ասկէ մեկնելով Սուրբ Կոյսէն խնդրեց որ ընկերանայ մեր գործունէութեան ու զայն կողմնորոշէ միշտ դէպի աւելի լաւը մինչեւ ամենամեծ յաղթանակը որ յաւիտենականութեան յաղթանակն է. «այն անվերջ դաշտը ուր խաղը երբեք աւարտ պիտի չունենայ եւ ուրախութիւնը պիտի ըլլայ լիակատար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2025, 10:41