MAP

Աշխարհը կարիքը ունի ամուսնական դաշինքին, ճանչնալու եւ ընկալելու համար Աստուծոյ սէրը ու Անոր սիրով յաղթահարելու յարաբերութիւնները քայքայող ուժերը. Լեւոն ԺԴ

Ընտանիքներու Մանուկներու Պապիկ Մամիկներու եւ տարեցներու Յոբելենական սուրբ պատարագը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։ «Մենք այստեղ ենք՝ որպէսզի «մէկ» ըլլանք ինչպէս, որ Տէրը մեզ կ՛ուզէ «մէկ», մեր ընտանիքներուն մէջ և այնտեղ ուր կ՛ապրինք, կ՛ աշխատինք և կը սորվինք. տարբեր, բայց միևնոյն ժամանակ մէկ, շատ, բայց միևնոյն ժամանակ մէկ, միշտ, կեանքի իւրաքանչիւր հանգամանքի եւ իւրաքանչիւր տարիքի մէջ` մէկ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

131 երկիրներէն ժամանած տարբեր պատուիրակութիւններ այս օրերուն` 30 Մայիսէն մէկ Յունիս 2025-ին, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, մասնակցեցան ընտանիքներու, մանուկներու պապիկ մամիկներու ու տարեցներու Յոբելենական ուխտագնացութեան` որ եզրափակուեցաւ այսօր` Կիրակի մէկ Յունիսի առաւօտեան, ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած սուրբ պատարագով, զոր նախագահեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։

Լեւոն ԺԴ. կ՛ ողջունէ  եւ կ՛ օրհնէ հաւատացեալները
Լեւոն ԺԴ. կ՛ ողջունէ եւ կ՛ օրհնէ հաւատացեալները   (@VATICAN MEDIA)

Տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ

Նախ քան Սուրբ Զոհը Նորին Սրբութիւնը դուրս գալով Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կողքին գտնուող «Arco della Campane – Զանգակներու կամար» կոչուած մուտքէն, Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին ողջունելով եւ օրհնելով այնտեղ այս պատարագին առիթով համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորները որոնք վերոնշեալ ուխտագնացութեան առիթով վերջին այս երկու օրերու ընթացքին այցելեցին Քահանայապետական պազիլիքաները ու մասնակցեցան ուխտագնացութեան առիթով պատրաստուած տարբեր մշակութային ու հոգեւոր ձեռնարկներու, ինչպէս երէկ երեկոյեան` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Ընտանիքին նուիրուած տօնախմբութեան եւ Աղօթքի Հսկումին, որուն ընթացքին արտասանուեցաւ Սուրբ Վարդարանը` ի փակումն Մարեմեան ամսուան։

Լեւոն ԺԴ, կ՛ողջունէ եւ կ՛օրհնէ ուխտաւորները
Լեւոն ԺԴ, կ՛ողջունէ եւ կ՛օրհնէ ուխտաւորները   (@Vatican Media)

Մարեմեան ամսուայ եզրափակումը

Այս նոյն աղօթքը կատարուեցաւ նաեւ Վատիկանի պատմական ու շքեղ պարտէզներուն մէջ զետեղուած Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի մասնակցութեամբ որ աւարտին իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն հրաւիրեց զանոնք քալել միասին, Մարիամին հետ, ու Տիրոջմէ հայցելո շնորհքը` որ գիտնանք զԻնք փառաբանել ամէն օր, «կեանքով, լեզուով, սրտով ու շրթունքներով, ձայնով  և վարքով»։

Ուխտաւորներ
Ուխտաւորներ   (@Vatican Media)

Որպէսզի բոլորը մէկ ըլլան

Իսկ այսօր Սուրբ Պետրոս հրատարակին վրայ մատուցուած սուրբ Զոհի ընթացքին կատարուած աւետարանական ընթերցումէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը զայն կեդրոնացնելով օրուան Աւետարանին վրայ, որ քաղուած էր Յովհաննէսի աւետարանէն, որ կը պատմէ Յիսուսին վերջին ընթրիքին դէպքը` ու Տիրոջ Աստուծոյ ուղղուած մարդկութեան համար բարեխօսական աղօթքը` որպէսզի բոլորը մի ըլլան, ինչպէս Ինքն ու Հայրը մէկ են։

Սուրբ Պետրոս հրապարակ
Սուրբ Պետրոս հրապարակ   (@VATICAN MEDIA)

Միութիւն բայց ոչ միաձեւութիւն 

«Այս միութիւնը միաձեւութիւն չէ, այլ սիրոյ մէջ հաղորդութիւն, որ ցոլացումն Սուրբ Երրորդութեան» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, դիտել տալով` որ անիկա պարգեւ մըն է, որ կը ծնի Քրիստոսի սրտէն ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը յայտնէ Հօր Աստուծոյ անհուն սէրը. «սէր որ մեզ կանխեց ի սկզբանէ» յարեց Սրբազան Պապը

Յոյսին նուիրուած Յոբելենական պատարագ
Յոյսին նուիրուած Յոբելենական պատարագ   (@Vatican Media)

Յիսուսին աղօթքը`  բալասան ու յոյս, ներումի եւ հաշտութեան հռչակում

«Այսօր՝ ընտանիքների մանուկներու, տատիկ-պապիկներու ու տարեցներու Յոբելեանի ժամանակ, այս Աւետարանը ունկնդրելը մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ» շարունակեց Ան մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն. «Բոլոր մարդիկը զաւակներ են սակայն ոչ մէկը ընտրեց ծնիլ», եւ ոչ միայն, ըսաւ Լեւոն ԺԴ., հազիւ ծնած, մենք, ապրելու համար կարիքը ունեցանք ուրիշներուն, եւ այլ մէկ մըն է` որ մեզ փրկեց, մեզի խնամք տանելով...հետեւաբար բոլորս կ՜ապրինք շնորհիւ յարաբերութեան մը, այսինքն` մարդկութեան և փոխադարձ հոգատարութեան ազատ և ազատագրող կապի շնորհիւ» հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ նոյնիսկ «երբ մարդկութիւնը վիրաւոր կամ դաւաճանուած է` Յիսուսին աղօթքը միշտ կը մնայ որպէս բալասան ու յոյս, ներումի եւ հաշտութեան հռչակում»։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (@Vatican Media)

Եթէ մենք իրար սիրենք Քրիստոսը ունենալով որպէս հիմք, պիտի ըլլանք բոլորի համար խաղաղութեան նշան

«Մենք այստեղ ենք՝ որպէսզի «մէկ» ըլլանք ինչպէս, որ Տէրը մեզ կ՛ուզէ «մէկ», մեր ընտանիքներուն մէջ և այնտեղ ուր կ՛ապրինք, կ՛ աշխատինք և կը սորվինք. տարբեր, բայց միևնոյն ժամանակ մէկ, շատ, բայց միևնոյն ժամանակ մէկ, միշտ, կեանքի իւրաքանչիւր հանգամանքի եւ իւրաքանչիւր տարիքի մէջ` մէկ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով թէ «եթէ մենք իրար սիրենք Քրիստոսը ունենալով որպէս հիմք, մենք պիտի ըլլանք բոլորի համար խաղաղութեան նշան», այս ծիրէն ներս կարեւորելով ընտանիքը ուրտեղէն ըսաւ Ան «կը ծնի ժողովուրդներուն ապագան», ուր կը փորձարկուի միութիւնը...։

Ընտանիքներ
Ընտանիքներ   (@Vatican Media)

Ամուսնական սէրը

Ան ապա խօսեցաւ ամուսնական սիրոյ մասին` որ հիմնուած է հաւատարմութեան, պտղաբերութեան և ամբողջականութեան վրայ, այդ սիրոյն որպէս օրինակ ներկայացնելով վերջին տարիներուն սուրբ հռչակուած մի քանի զոյգեր, որոնց միջոցաւ Եկեղեցին մեզի կ՜ըսէ` թէ այսօրուայ աշխարհը պէտքը ունի ամուսնական դաշինքին, ճանչնալու եւ ընկալելու համար Աստուծոյ սէրը ու Անոր միացնող ու հաշտեցնող սիրով յաղթահարելու այն ուժերը որոնք կը քայքայեն յարաբերութիւնները եւ ընկերութիւնը»։

Սուրբ պատարագէն պահ մը
Սուրբ պատարագէն պահ մը   (@Vatican Media)

Յորդոր ծնողներուն, զաւակներուն, տարեցներուն

«Ամուսնութիւնը իտէալ մը չէ, այլ մարդու և կնոջ միջև իսկական սիրոյ կանոն՝ ամբողջական, հաւատարիմ, պտղաբեր սէր (հմմտ. Սուրբ Կողոս VI, Humanae vitae առաքելական նամակ, 9)» եւ մինչ այս սէրը ձեզ կը դարձնէ մէկ մարմին ձեզ կարող կը դարձնէ, Աստուծոյ պատկերին համաձայն, կեանք պարգեւելու» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, յորդորելով ծնողները իրենց զաւակներուն համար ըլլալու օրինակ, զանոնք դաստիարակելով ազատութեան` բարիի ու հնազանդութեան միջոցաւ։ Իսկ զաւակներուն` երախտապարտ ըլլալու կեանքի պարգեւին համար մինչ տարեցներն եւ պապիկ մամիկները խրախուսեց որ պահպանեն ընտանիքը` իմաստութեամբ համբերութեամբ ու կարեկցութեամբ։

Յոբելենական պատարագ
Յոբելենական պատարագ   (@VATICAN MEDIA)

 Ընտանիքը առանձնաշնորհեալ վայր ուր հանդիպիլ Յիսուսին

«Ընտանիքին մէջ հաւատքը կը փոխանցուի կեանքին հետ միասին՝ սերունդէ սերունդ...։ Այս մէկը ընտանիքը կը դարձնէ առանձնաշնորհեալ վայր ուր հանդիպիլ Յիսուսին, որ մեզ կը սիրէ ու մեր բարիքը կը ցանկանայ միշտ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ քարոզին աւարտին, յիշեցնելով` որ «օր մը բոլորս միացած պիտի ըլլանք Աստուծոյ յաւիտենական սիրոյն մէջ, բոլոր անոնց հետ որոնք մեզ կանխեցին Զատկուայ լոյսին մէջ» եւ որոնց այսօր կը զգանք ներկայութիւնը մեր մէջ` այս տօնախմբութեան պահուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2025, 11:05