Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ կը շարունակուին բարեսիրական աշխատանքները Ուքրանիոյ մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ի տես Ուքրանիոյ մէջ բռնկուած պատերազմին, Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ միշտ թիկունք կանգնիլ հակամարտութեան զոհ տառապող ժողովուրդին՝ անհրաժեշտ ապրանքներ, ուտեստեղէն, դեղեր եւ բարեսիրական տարբեր օգնութիւններ ապահովեցուելով անոնց։
Բարեսիրական Ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Առաքելական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնրատ Քայեւսքի նշեց, թէ Սուրբ Աթոռը նաեւ թափուր Աթոռի ժամանակ շարունակեց իր առաքելութիւնը, Պապին մօտիկութիւնը ցուցաբերելով կարիքաւորներուն, պատերազմի թիրախ զոհերուն, այս պարագային, պատերազմի զոհ Ուքրանիոյ ժողովուրդին։
Մի քանի օր առաջ ապրանքներով բեռնաւորուած բեռնակառք մը եւս մեկնելով Հռոմէն հասաւ Ուքրանիա։ Բեռնակառքը մեկնած է Հռոմի մէջ Ուքրանացիներուն, Սրբուհի Սոֆիա եկեղեցէին, որ դարձած է ամբողջ մայրաքաղաքի զօրակցութեան կեդրոնը։ Առաքելական ողորմնաշաբխ եւս այդ կեդրոն փոխադրած է Պապին պահեստներուն մէջ գտնուղ բժշկական, օգնութեան առարկաները։
«Մենք նաեւ Աթոռներ եւ սեղաններ դռինք բեռնարակարքին մէջ։ Բեռնակարռքին մէջ կան սնդեղէն,, դեղեր եւ շատ մը ապրանքներ, որոնց պէտք ունին երեխաները» ըսաւ Առաքելական ողորմնաբաշխը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ