MAP

2025.06.16 Vescovi del Madagascar

«Մատակասկարի մէջ եկեղեցիները ձեր միջոցաւ ընդունին շնորհքը` քալելու յոյսին մէջ, որ է Յիսուս Քրիստոս». Լեւոն ԺԴ. Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն

«Ձեր միասին Հռոմ ժամանելուն որոշումը գեղեցիկ նշան է միութեան» Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Յոբելենական ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 16 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ունեցած տարբեր պաշտօնական հանդիպումներու շարքին, հանդիպեցաւ նաեւ Յոբելենական ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն հետ եւ այս առիթով անոնց ուղղած ճառին սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ ունեցած այս անդրանիկ հանդիպումին համար, ապա գնահատեց անոնց` բոլորը միասին Հռոմ ժամանելուն որոշումը, որ «գեղեցիկ նշան է միութեան» ըսաւ Ան, յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2019 թուականին Մատակասկար կատարած առաքելական այցելութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ քաջալերեց ներկաները ըլլալու «յոյսի ուխտաւորներ», նախ իրենց համար, ապա իրենց ժողովուրդին համար ու հազարաւոր ընտանիքներուն, տարեցներուն, մանուկներուն ու երիտասարդներուն համար, որպէսզի «Մատակասկարի մէջ Եկեղեցիները, ձեր միջոցաւ, ընդունին շնորհքը քալելու յոյսին մէջ, որ է Յիսուս Քրիստոս» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Կենսունակ Եկեղեցի

Ան ապա իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց անոնց հովուական եւ միսիոներական վկայութեան համար, խրախուսելով զանոնք հոգ տանելու իրենց առաջին համագործակիցներուն, որ Քահանաներն են ու նաեւ կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` անոնց Եկեղեցիներու միսիոներական կենսունակութեան համար, ինչպէս նաեւ անոնց հովուական եւ առաքելական վկայութեան հանար, յիշելով Henri de Solages-ը, որ եղաւ Երկրին առաջին քարոզիչը, եւ Jacques Berthieu, որուն «թափած արիւնը եղաւ սերմ Մատակասկարի քրիստոնեաներուն համար»։

Աղքատներու դիմագիծին մէջ ճանչանալ Քրիստոս

«Թող անոնց օրինակը շարունակէ զօրացնել ձեզ Քրիստոսին և Անոր Եկեղեցիին նուիրուելու գործին մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաւէր ուղղելով նաեւ, որ անոնք իրենց հայեացքը սեւեռեն միշտ աղքատներուն վրայ, որոնք «Աւետարանի կեդրոնն են ու Բարի Լուրի առանձնաշնորհեալ հասցէատէրերը», որոնց դիմագիծին մէջ ճանչնալ Քրիստոսին դիմագիծը։

Հոգ տանիլ հասարակաց տան

Նորին Սրբութիւնը առ այդ հրաւիրեց եպիսկոպոսները հոգ տանելու նաեւ հասարակաց տան ու պաշտպանելու Մեծ Կղզիին գեղեցկութիւնը։ «Հասարակաց տան հանդեպ հոգատարութիւնը մարգարէական առաքելութեան անբաժանելի մաս է» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. յորդորելով «հոգ տանիլ արարչութեան», եւ իրենց «հաւատացեալներուն եւս սորվեցնեն արդարութեամբ ու խաղաղութեամբ զայն պաշտպանելու արուեստը»։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց հաւաստիացնելով «Սուրբ Պետրոսի յաջորդին աղօթքները» ու զանոնք յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու Մատակասկարի Երանելիներուն ու Սուրբերուն բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2025, 11:10