Հասարակական գործունէութիւնը դնել անհատի ծառայութեան ի սպաս. Լեւոն ԺԴ հանդիպումը քաղաքական գործիչներու Յոբելեանին մասնակցողներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր 21 եւ վաղը 22 Յունիսին Յոյսի Յոբելեանի ծիրէն ներս կը նշուի Կառավարիչներու ու Քաղաքական Վարչութիւններու Յոբելեանը, որուն «երկխօսութեան, պատասխանատուութեան և եղբայրութեան հոգիով» իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր Երկիրներու խորհրդարանականներ, ծերակուտականներ, Իտալական քաղաքներու քաղաքապետեր, Նահանգային Խորհրդատուներ։
Շաբաթ` 21 Յունիսի առաւօտեան յայտագիրը կը նախատեսէր Սուրբ Դուռ ուխտագնացութիւն իսկ կէսօրէն ետքը ժամը հինգին Հռոմի Քաղաքապետարանի Քամփիտոլիօ պալատի «Ճուլիօ Չեզարէ» անուամբ դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հանրային պարտքին» նուիրուած հանդիպում մը, ի ներկայութեան խորհրդարանականներու, նահանգապետերու, վարչական գործիչներու, քաղաքական և կրօնական իշխանութիւններու, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ելոյթը։
Քաղաքականութիւնը որպէս «սիրոյ ամենավսեմ ձեւ
Վերոնշեալ այս Յոբելեանին առիթով Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատի Օրհնութիւններու դահլիճն մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Յոբելեանի մասնակցող աւելի քան 600 քաղաքական ուխտաւորներուն, որոնք ժամանած էին 68 Երկրիներէ, զոր Նորին Սրբութիւնը ընկալեց ջերմ ողջունով մը, հրաւիրելլով զանոնք միասին խորհրդածելու քաղաքական գործունէութեան խոր իմաստի մասին` որպէս «սիրոյ ամենավսեմ ձեւ» ինչպէս զայն որակած էր Պիոս ԺԱ. Պապը, 8 դեկտեմբեր 1927-ին, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի Համալսարանական Դաշնութեան ուղղած իր ճառին մէջ։
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ. ուզեց ներկաներուն հետ կիսել այսօրուայ մշակութային ոլորտի երեք կարեւոր ու կեդրոնական նկատառումներ.
Հասարակաց բարիքի պաշտպանութիւնը
«Առաջինը` կը հայի ձեզի յանձնուած պարտականութեան, խթանելու եւ պաշտպանելու հասարակաց բարիքը, յատկապէս ի նպաստ աւելիով աղքատներուն ու անտեսուածներուն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս ծիրէն ներս քննադատելով տնտեսական աճող անհաւասարութիւնները ու աւելիով դիւրաբեկներուն ձայնը անլսելի ըլլալը։
Կենսամիջոցներու արդար բաշխում
«Այս անհաւասարակշռութիւնը կը ստեղծէ մշտական անարդարութեան իրավիճակներ, որոնք դիւրութեամբ կը հանգեցնեն բռնութեան և, վաղ թէ ուշ, պատերազմի ողբերգութեան», նշեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ` «ասոր փոխարէն, լաւ քաղաքական գործողութիւնը, որ կը խթանէ կենսամիջոցներու արդար բաշխումը, կարող է արդիւնաւէտ ծառայութիւն մատուցել ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան` ըլլայ ընկերային ըլլայ միջազգային մակարդակով»։
Կրօնական ազատութիւնը եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը
Սրբազան Պապին ներկայացուցած երկրորդ կէտն էր կրօնական ազատութիւնը եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, որուն մասին արտայայտուելով ընդգծեց հաւատքի կարեւորութիւնը, որպէս բարութեան շարժիչ ուժ մը մարդկութեան համար, հրաւիրելով քաղաքականութիւնը` «խթանելու պայմաններ` որպէսզի գոյութիւն ունենայ իսկական կրօնական ազատութիւն, եւ կարելի ըլլայ զարգացնել կառուցողական եւ յարգալից հանդիպում` ընդմէջ տարբեր կրօններու»։
Այս ուղղութեամբ Լեւոն ԺԴ. մէջբերեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը հայող մարդու «եսասիրական սիրոյ» որ «փակ ու կործանարար է» եւ Աստուածային սիրոյ, որ «ձրի ու անձնուէր է», եւ «հիմնական տարր մըն է կառուցելու ընկերութիւն մը, որուն հիմնարար օրէնքը սէրն է» (հմմտ De civitate Dei, XIV, 28)։
Բնական օրէնքը
Ան առ այդ յղում կատարեց բնական օրէնքին` որպէս տիեզերական բարոյական ուղեցոյց մը` քաղաքական գործունէութեան, մէջբերելով Ցիցերոնի այդ բնական օրէնքի մասին խօսքերը եւ ակնարկելով Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին, որ վաւերացուեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ 10 դեկտեմբեր 1948-ին, եւ որ «կը պատկանի մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան»։
Մարդու Իրաւունքներու հռչակագիրը
«Այդ փաստաթուղթը, միշտ արդիական, կարող է զգալիօրէն նպաստել մարդկային անհատին՝ իր անձեռնմխելի ամբողջականութեամբ, ճշմարտութեան որոնման որպէս հիմք, վերականգնելու արժանապատուութիւնը անոնց, որոնք իրենց զիրենք յարգուած չեն զգար, իրենց ներքին էութեան և իրենց խղճի պահանջներուՆ մէջ» հաստատեց ապա Լեւոն ԺԴ. եւ ակնարկեց երրորդ կէտին` Արհեստական Բանականութեան։
Արհեստական Բանականութեան մարտահրաւէրը
«Արհեստական Բանականութիւնը այսօր կը ներկայացնէ մեծ մարտահրաւէր մը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, «Ասիկա զարգացում մըն է, որ, անշուշտ, մեծ օգուտ կը բերէ հասարակութեան, սակայն այն պայմանով, որ անոր կիրառումը չհանգեցնէ մարդկային անհատի ինքնութեան և արժանապատուութեան, ինչպէս նաև անոր հիմնարար ազատութիւններու խաթարման», աւելցուց Ան անգամ մը եւս շեշտելով` որ ԱԲ գործիք մըն է ի սպաս մարդ անհատի բարիքին ու թէ անիկայ պէտք է որ ծառայէ եւ ոչ թէ իշխէ մարդուն վրայ։
«Մարդկային կեանքը շատ աւելի կ՛արժէ ալկորիթմէ մը եւ ընկերային յարաբերութիւնները կարիքը ունին մարդկային տարածքներու, որոնք շատ աւելի վեհ են քան ցանկացած սահմանափակ սխեմաներ արտադրող անհոգի մեքենայ մը» հաստատեց Քահանայապետը մէջբերելով նաեւ իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ տարի առաջ արտասանած խօսքերը Արհեստական բանականութեան վերաբերեալ Մեծ եօթնեակի նիստի ընթացքին 14 Յունիս 2024-ին։
«Պէտք չէ մոռնանք, թէ մի քանի վայրկեանի մէջ միլիոնաւոր տուեալներ պահելու և բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ տալու կարողութեան, արհեստականբանականութիւնը կը շարունակէ մնալ «անշարժ յիշողութիւն», որ ոչ մէկ կերպով կարելի է համեմատել մարդկային յիշողութեան հետ, որ, ընդհակառակը, ստեղծագործական է, դինամիկ եւ ստեղծիչ է եւ ունակ` միաւորելու անցեալը, ներկան և ապագան, իմաստի կենդանի և բեղմնաւոր որոնման մէջ՝ անորմէ բխող բոլոր բարոյական և գոյաբանական հետևանքներով»։
Ծրագրել առողջ, արդար և անվտանգ ապրելակերպ մը
«Հետևաբար, ի յայտ կու գայ էական մարտահրաւէր մը, որ կը պահանջէ մեծ ուշադրութիւն և հեռատես հայեացք դէպի ապագայ՝ նոր հեռանկարներու ոլորտէն ներս ծրագրելու առողջ, արդար և անվտանգ ապրելակերպ մը, յատկապէս երիտասարդ սերունդներու օգուտին» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. որ ճառի աւարտին յիշեց եւ որպէս քաղաքական գործիչի տիպար ներկայացուց Սուրբ Թովմաս Մորոն, մարդ` որ հետեւողականութեամբ եւ քաջութեամբ միացուց հաւատքն ու քաղաքացիական յանձնառութիւնը։
Սուրբ Թովմաս Մորոն
«Ան իր հասարակական գործունութիւնը դրաւ անհատի ծառայութեան ի սպաս, յատկապէս դիւրաբեկ եւ աղքատ անհատին։ Ան սոցիալական վէճերը կառավարեց արդարութեան նուրբ զգացումով։ Պաշտպանեց ընտանիքը և զայն պաշտպանեց եռանդուն յանձնառութեամբ։ Խթանեց երիտասարդութեան ամբողջական կրթութիւնը»(ՅՊԲ, Առաքելական Նամակ M.P. E Sancti Thomae Mori, 31 հոկտեմբեր 2000)» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսին խօսքերը ու աւելցուց. «Այն քաջութիւնը, որով Ան չյապաղեցաւ իր սեփական կեանքը զոհել՝ ճշմարտութիւնը դաւաճանելու փոխարէն, զայն այսօր կը դարձնէ ազատութեան և խղճի գերակայութեան նահատակ»։
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը խօսքը եզրափակեց մաղթելով` որ Սուրբ Թովմաս Մորոյին օրինակը իւրաքանչիւրին համար ըլլայ «ոգեկոչման և ծրագրաւորման աղբիւր» ու բոլոր ներկաներուն վրայ հայցեց երկնային օրհնութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ