Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Պենտեկոստէի Սուրբ Պատարագ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 8 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Պենտեկոստէի տօնին պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ որոնց մեծամասնութիւնը մաս կը կազմեր եկեղեցական շարժումներու, ընկերակցութիւններու ու նոր հասարակութիւններու որոնք այս օրերուն նշեցին` Յոյսի Յոբելեանի իրենց Յոբելենական ուխտագնացութիւնը։
Սուրբ Զոհէն առաջ Սրբազան Պապը դուրս գալով Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող հաւատացեալները որոնց ըստ պաշտօնական տուեալներուն կը գերազանցէին ութսուն հազարը։
Նորին Սրբութիւնը ապա գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան տօնին եւ Սուրբ Հոգիի գործունէութեան վրայ` որ Պենտեկոստէի օրը, կ՛իջնէ նորոգելու համար սրտերը, Եկեղեցին ու աշխարհը։
Նորին Սրբութիւնը քարոզը սկսաւ յիշելով Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը եւ Գործք Առաքելոցի մէջ պատմուած հոգեգալուստին դրուագը ընդգծելով Սուրբ Հոգիին մեծ բացուածքները։
«Յիսուսի մահէն յետոյ առաքեալները փակուած էին վախի և տխրութեան մէջ, բայց հիմա վերջապէս կը ստանան նոր հայեացք և սրտի բանականութիւն, որ կ՛օգնէ անոնց մեկնաբանելու տեղի ունեցած իրադարձութիւնները և ունենալու Յարութիւն արածի ներկայութեան մտերիմ փորձառութիւնը. Սուրբ Հոգին կը յաղթէ անոնց վախը, կը կոտրէ անոնց ներքին շղթաները, կը մեղմացնէ անոնց վէրքերը, կ՛ օծէ զանոնք ուժով և անոնց կու տայ քաջութիւն՝ դուրս գալու բոլորի մօտ՝ Աստուծոյ գործերը հռչակելու համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով վերնատան դռներու բացումին ու հաստատելով որ «Սուրբ Հոգին սահմանները կը բանայ»։
Նախ եւ առաջ Սուրբ Հոգին սահմանները կը բանայ մեր մէջ։ Անիկա պարգեւն է որ մեր կեանքը կը բանայ սիրոյ։ Եւ Տիրոջ այս ներկայութիւնը կը հալեցնէ մեր կարծրութիւնները, մեր փակումները, մեր եսասիրութիւնն ու մեզ կաշկանդող վախերը եւ ինքնասիրութիւնը.... Հոգին մեզի կ՛օգնէ յաղթելու առանձնութիւնը որ տարածուած է այս գերակապուածութեան դարաշրջանին մէջ ու կը խթանէ իսկական հանդիպումը մենք մեր անձին եւ Աստուծոյ հետ մեզի համոզելով որ «միայն եթէ մնանք սիրոյ մէջ կ՛ընդունինք նաեւ ուժը պահելու անոր Խօսքը ուստի նաեւ փոխուելու։ Ան սահմանները կը բանայ մեր մէջ, որպէսզի կեանքը դառնայ հիւրընկալ վայր մը» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ։
Ան ապա անդրադարձաւ այն բացուածքին զոր Սուրբ Հոգին կը կատարէ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Աստուծոյ սէրը` որ կը բնակի մեր մէջ մեզ կարող կը դարձնէ իսկական յարաբերութիւններու, յաղթահարելով կարծրութիւնը, նախապաշարումները, անհասկացողութիւնները ու նաեւ բռնութիւնները, ինչպէս ան որ կը հանգեցնէ կանանց նկատմամբ բռնութեան։ Հոգին մեր մէջ կը հասունցնէ պտուղները, որոնք մեզի կ՛օգնեն ապրելու իսկական ու բարի փոխյարաբերութիւնները, «Սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն (Գաղ. 5,22)։
«Մենք իսկապէս Յարուցեալի Եկեղեցին ենք ու Պենտեկոստէի աշակերտները միայն եթէ մեր միջեւ չկան ոչ սահմաններ եւ ոչ ալ բաժանումներ, եթէ Եկեղեցւոյ մէջ մենք գիտենք իրար հետ զրուցել ու զիրար ընկալել փոխադարձաբար, ընդելուզելով մեր տարբերութիւնները, եթէ որպէս Եկեղեցի կը դառնանք հիւրընկալող վայր բոլորի նկատմամբ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ.։
Ի վերջոյ Սուրբ Հոգին սահմանները կը բանայ նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ. Պենտեկոստէի տօնին օրը առաքեալները կը խօսին այն անձանց լեզուներով որոնք կը հանդիպին եւ Բաբելոնի քաոսը վերջապէս կը դադրի...այդ տարբեր լեզուները կը դառնան հաղորդակցուին եւ ներդաշնակութիւն։ «Սուրբ Հոգին կը յաղթահարէ Բաբելոնի բաժանումները, կը տապալէ ատելութեան եւ անտարբերութեան պատերը, եւ մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսին խօսքերը մեր սրտին մէջ դրոշմելով սիրոյ պատուիրանը, որ Տէրը դասեց ամէն բանի գագաթնակէտ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող աշխարհի մէջ տարածուած անհամաձայնութիւններուն ու բաժանումներուն ։
«Մենք բոլորս կապուած ենք, բայց միևնոյն ժամանակ կը զգանք, որ անջատուած ենք մէկը միւսէն, անտարբերութեամբ տանջուած և առանձնութեան մէջ ճնշուած» (Քարոզ, 28 մայիսի, 2023թ.)» ըսած էր արդարեւ հանգուցեալ Քահանայապետը, որմէ ներշնչուելով Լեւոն ԺԴ. հայցեց «սիրոյ ու խաղաղութեան Հոգիին» միջամտութիւնը, որպէսզի բանայ սահմանները, տապալէ պատերը, փարատէ ատելութիւնը ու մեզի օգնէ ապրելու որպէս զաւակները միակ Հօր որ Երկինքն է»։ Ան ապա քարոզը աւարտեց հայցելով` որ «Սուրբ Հոգին բանայ մեր սրտերուն սահմանները ու թիկունք կանգնի մեր ջանքերուն կառուցելու համար աշխարհ մը ուր կ՛իշխէ խաղաղութիւնը» այս բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ