Մեր սիրտը պատշաճեցնենք Քրիստոսի, Բարի Հովիւի Սրտին. Լեւոն ԺԴ. քահանաներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր 27 Յունիսին կը յիշատակուի Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին տօնը, որուն կը զուգադիպի նաեւ Քահանաներու Սրբացման աղօթքի համաշխարհային օրը, որ հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ 1995 թուականին եւ այս տարի կը բոլորէ 30 ամեակը։
Օրը նպատակ ունի Քահանաներուն յիշեցնելու որ «մարդիկը կը փափաքին քահանային մէջ տեսել Քրիստոսին դիմագիծը», անիկա առիթ է նաեւ միասին խորհրդածելու՝ քահանայական կոչումի պարգեւի մասին, Քահանան որ այլ ոմն Քրիստոս է, որուն յանձնուած է Աստուծոյ Ժողովուրդի հովութիւնը ու անոր դէպի երկինք առաջնորդելու պարտականութիւնը։
Ահա այս տօնախմբութիւններու եւ Յոյսի Յոբելեանի ծիրէն ներս Քահանաներու Յոբելեանին առթիւ է, որ ուրբաթ` 27 Յունիսի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Քահանաներու սրբացման օրուան նուիրուած պատարագը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 5500 քահանաներ որոնք կը գտնուէին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ եւ այլ երեք հազարը Հրապարակին վրայ։ Սուրբ Զոհի ընթացքին Սրբազան Պապը քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհեց աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած 32 կղերականներու։
Մեր Յոյսը կը հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ որ Տէրը երբեք մեզ չի թողուր
Ան ապա արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը յայտնեց, թէ Յիսուսի Սրտին մասին խօսիլը կը նշանակէ խօսիլ համայն մարդեղութեան Խորհուրդի մասին, որ «յատուկէն յանձնուած է մեզի, որպէսզի զայն ներկայ դարձնենք աշխարհին մէջ» ըսաւ Ան եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց կղերականները նորոգելու իրենց քահանայական կոչումը մխրճուելով Քրիստոսի Սրտին մէջ։
Ան ապա մատնանշեց Սուրբ Գրային ընթերցումներուն, որոնք քաղուած էին Եզեկիէլ Մարգարէէն որ Աստուծոյ մասին խօսելով զայն կը ներկայացնէ որպէս Հովիւը որ հոգ կը տանի ոչխարներուն, առանց բացառելու ոչ մէկը, յիշեցնելով` որ Տիրոջ սէրը անսահման է ու թէ անոր աչքերուն համար տեղ չկայ բաժանումի եւ ատելութեան։
Հուսկ Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակին մէջ (Հռովմ. 5,5-11) առաքեալը կը յայտնէ` որ Աստուած մեզ հաշտեցուց ու մեզ փրկեց երբ տակաւին տկար ու մեղաւոր էինք ու մեզ կը հրաւիրէ յանձնուիլ Անոր Հոգիի կերպարանափոխող ներգործութեան, առօրեայի դարձի ուղեւորութեան մը մէջ։
«Մեր Յոյսը կը հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ որ Տէրը երբեք մեզ չի թողուր, Ան մեզի կ՛ընկերանայ միշտ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելեցնելով որ «մենք սակայն կանչուած ենք անոր հետ համագործակցելու մեր կեանքին կեդրոն դնելով Սուրբ Հաղորդութիւնը», Խորհուրդները, աղօթքն ու բարեսիրութիւնը, որոնք գործիքներ են որոնք կ՛օգնեն նմանելու Քրիստոսին։
Քահանայական առաքելութիւնը սրբացման ու հաշտեցումի առաքելութիւն
Մեկնաբանելով հուսկ Ղուկաս Աւետարանիչէն (Ղուկ. 15,3-7) քաղուած Աւետարանական հատուածը, ուր կը խօսուի Աստուծոյ ուրախութեան մասին իւրաքանչիւր մեղաւորի համար, որ դարձի կու գայ, Սրբազան Պապը նշեց, թէ այդ ուրախութիւնը ուրախութիւնն է նաեւ իւրաքանչիւր Հովիւի, «որ կը սիրէ Քրիստոսի Սրտին համաձայն», նշելով թէ քահանաները կոչուած են «ապրելու այս հովուական սէրը», այնպէս ընելով , որ «ոչ մէկը կորսուի», «դառնալով եղբայրներու միջեւ հաշտութեան սերմ», «մեր ուսերուն վրայ կրելով ան` որ կորսուած է», «ներում շնորհելով անոր` որ սխալած է», ու «փնտռելով ան որ հեռու է»...։
«Արդարեւ Քահանայական առաքելութիւնը սրբացման ու հաշտեցումի առաքելութիւն է ի նպաստ Եկեղեցւոյ միութեան ու Քահանաները պէտք է իրար միջեւ միացած ըլլան ու միացած նաեւ եպիսկոպոսին հետ վկայելու համար հաղորդութեան ու հաշտեցումի Եկեղեցի մը», նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը այս առնչութեամբ մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը «Ձեզի համար եպիսկոպոս եմ, ձեր հետ մասին քրիստոնեայ», խօսելով հաղորդութեան ուրախ պտուղի մը մասին որ միացնէ հաւատացեալները, քահանաներն ու եպիսկոպոսները, որ իր արմատը կը գտնէ այն զգացումին մէջ որ բոլորն ալ իրենք զիրենք կը զգան փրկագործուած նոյն շնորհքով եւ նոյն ողորմութեամբ։
Միացած Եկեղեցի մը` որ ըլլայ նշան միութեան եւ հաղորդութեան
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա իր Քահանայապետութեան սկիզբի քարոզին, որուն մէջ փափաք յայտնած էր ունենալ «Միացած Եկեղեցի մը որ ըլլայ նշան միութեան եւ հաղորդութեան., ու դառնայ թթխմոր հաշտուած աշխարհի մը համար» ու նորոգեց այս կոչը հրաւիրելով քահանաները միասին քալելու Քրիստոսի հետքերուն վրայ «աշխարհին տանելով Յարուցեալին խաղաղութիւնը եւ այն ազատութիւնը, որ կը բխի այն գիտակցութենէն թէ սիրուած, ընտրուած ու առաքուած են Հօրմէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Սիրել Աստուած եւ եղբայրները
Ան ապա խօսքը ուղղեց նորօծ Քահանաներուն խրախուսելով զանոնք սիրել Աստուած ու եղբայրները, ըլլալ առատաձեռն, եռանդուն աղօթքի, Խորհուրդներու մատակարարման եւ առաքելութեան մէջ, ըլլալ մօտիկ ժողուվրդին, ժամանակ յատկացնելով բոլորին ներշնչուելով Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ սուրբ քահանաներու օրինակէն եւ ոչ թէ աշխարհի անցողի տիպարներով եւ ի վերջոյ առօրեայ առաքելութեան մէջ մշակել հաւատարմութիւննու հեզութիւնը։
«Մեր աշխարհը չափազանց յաճախ կ՛ առաջարկէ յաջողութեան և հեղինակութեան կասկածելի և անհամապատասխան տիպարներ։ Թոյլ մի տաք անոնցմով հրապուրուիլ։ Այլ նայեցէք յաճախ թաքնուած և համեստ առաքելութեան ամուր օրինակին և պտուղներուն, անոնց որոնք իրենց կեանքին մէջ հաւատքով ու նուիրուածութեամբ ծառայեցին Տիրոջ և իրենց եղբայրներուն, և շարունակեցէք անոնց յիշատակը ձեր հաւատարմութեամբ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին` որպէսզի օգնէ իւրաքանչիւրը, սեփական սիրտը յարմարեցնելու Քրիստոսի, Բարի Հովիւի Սրտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ