Ափրիկեցի նահատակը օրինակ՝ «զինաթափուած եւ զինաթափող» խաղաղութեան․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 16 Յունիսի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Քլեմենտինա դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութենէն Հռոմ ժամանած շուրջ 200 ուխտաւորներուն, որոնք Սան Փաոլօ Ֆուորի Լէ Մուրա Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ երեկ՝15 Յունիսին մասնակցեցան իրենց հայրենակից եւ Սանդ’Էճիտիօ հասարակութեան գործընկեր Ֆլորիպէր Պուանա Չուիի երանացման արարողութեան։
Ամէն տեսակ չարին ընդդիմանալու ոյժը
Անոնց ջերմօրէն ողջունելէն եւ Ֆլորիպէրի մասին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքերը յիշեցնելէն ետքը ՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապը յատուկէն նկատել տուաւ, որ այդ երիտասարդ ափրիկեցին՝ «ամէն տեսակ բռնութեան ընդունակ կաշառակերութիւնը» դիմագրաւելու համար, ոյժ քաղած է աղօթքէն եւ իր եղբայրներու հետ հաղորդակցմամբ ձեւաւորուած խիղճէն․
«Որպէս քրիստոնեայ՝ ան աղօթեց, մտածեց ուրիշներու մասին եւ ընտրեց ազնիւ ըլլալ՝ «ոչ» ըսելով կաշառակերութեան կեղտին», «մաքուր պահելով ձեռքերը»։
Արժէքներ եւ հոգեւորութիւն.
Ապրելով Սանդ’Էճիտիօ հասարակութեան հոգեւորութեամբ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ամփոփած էր «աղօթք, աղքատներ, խաղաղութիւն բառերուն մէջ», Ֆլորիպէր կը սիրէր աղքատները եւ կը մտահոգուէր անոնց մարդկային եւ քրիստոնէական ձեւաւորմամբ, ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․ Պապը եւ աւելցուց․
«Ան խաղաղասէր մարդ էր եւ «չարին չի յանձնուեցաւ» անգամ Քիվուի պէս բռնութենէ յօշոտուած եւ տառապող տարածաշրջանին մէջ։ Ընդհակառակը՝ գիտակցելով, որ ծնած է «մեծ գործեր ընելու, պատմութեան վրայ ազդելու եւ իրականութիւնը փոխելու համար»՝ «սնուեցաւ Աւետարանի խօսքերով եւ Տիրոջ հետ մօտիկութեամբ»։
Չյուսահատիլ եւ վստահութիւն տածել ապագայի նկատմամբ
Ֆլորիպէր կը հրաւիրէր նաեւ իր ընկերները չյուսահատելու եւ վստահութիւն տածելու ապագայի նկատմամբ․
«Տէրը նոր աշխարհ կը պատրաստէ, որտեղ պատերազմ այլեւս պիտի չըլլայ, ատելութիւնը պիտի ջնջուի, բռնութիւնն այլեւս պիտի չերեւայ գիշերուայ մէջ գողի պէս… մանուկները պիտի մեծնան խաղաղութեան մէջ: Այո, ասիկա մեծ երազանք մըն է: Ուրեմն եկէք չապրինք անարժէք բանի մը համար: Փոխարէնը եկէք ապրինք այս մեծ երազանքի համար»:
Աշխարհականներու եւ երիտասարդներու վկայութեան արժէքը
Աւարտելով իր պատգամը Լեւոն ԺԴ․ նշեց թէ՝ ափրիկեցի նահատակը «զինաթափուած եւ զինաթափող» խաղաղութեան թթխմոր ըլլալու օրինակ է ՝ երիտասարդներով հարուստ մայրցամաքի մը մէջ։ Շեշտելով ապա աշխարհականներու եւ երիտասարդներու վկայութեան թանկարժէք արժէքը, մաղթեց, որպէսզի Մարիամ Աստուածածնի եւ երանելի Ֆլորիպէրի միջնորդութեամբ, շուտով իրականանայ բաղձալի խաղաղութիւնը Քիվուի, Քոնկոյի եւ ողջ Ափրիկէի մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ