MAP

Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատը Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատը 

Լեւոն ԺԴ. ամառուայ շրջանին կը փոխադրուի Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոց

Քահանայապետական տան հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն կը փոխադրուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց ու թէ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը համարուին անոր որոշ գործունէութիւնները, մինչ այդ կը շարունակուին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Կիրակի 6 յուլիսին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կարճ ժամանակուան համար հանգիստի համար պիտի փոխադրուի Քասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց», այս կը կարդանք Քահանայապետական տան հոգաբարձութեան այսօր` 17 Յունիսին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Արդարեւ սովորութիւն է որ Քահանայապետերը ամարային շրջանը անցնէին Քահանայապետական ամարանոցին մէջ որ կը գտնուի Վատիկանէն գրեթէ 44 քմ հեռու, Հռոմի արուարձան «Castelli Romani – Հռոմի Բերդեր» շրջանին մէջ։ Այս սովորութիւնը ընդհատուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին օրով որ ամարնային շրջանը կը շարունակէր ապրիլ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա իր ընտրած բնակարանին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ յուլիս ամսուան ընթացքին, պիտի դադրին Քահանայապետին առանձնական ունկնդրութիւնները ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի օրերուն՝ 2, 9, 16 եւ 23 Յուլիսի հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք կը վերսկսին չորեքշաբթի, 30 յուլիսին։

Ապա` Կիրակի 13 յուլիսի, առաւօտեան ժամը 10ին, Սրբազան Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Սուրբ Թովմաս ժողովրդապետութեան մէջ պիտի մատուցէ սուրբ Պատարագ եւ ժամը 12ին, Առաքելական Պալատին կից գտնուող Ազատութեան հրապարակէն պիտի գլխաւորէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9,30ին, Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ալպանոյի պազիլիքային մէջ, ապա կէսօրին, պիտի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ Ազատութեան հրապարակէն, զոր ինչպէս նշեցինք կը գտնուի Առաքելական պալատին կից։

Իսկ 15 օգոստոսին, Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 9ին սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Քասթել Կանտոլֆոյի ժողովրդապետութեան մէջ եւ կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը կ՛արտասանէ Ազատութեան հրապարակէն։

Կիրակի 17 Օգոստոսին, Նորին Սրբութիւնը Քասթել Կանտոլֆոյի Ազատութեան հրապարակէն արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, յետմիջօրէին կը վերադառնայ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2025, 13:23