MAP

2025.06.13 San Ignazio Maloyan

Յայտարարուեցաւ Մարտինի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Նահատակ Մալոյանի սրբադասման թուականը` 19 Հոկտեմբերին

Այսօր` 13 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան` Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի նախագահութեամբ Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ գումարուած Կարդինալական սովորական ժողովի մը ընթացքին հաստատուեցան մի քանի սուրբերու սրբադասման դատերու գործընթացքը ու անոնց սրբադասման արարողութեան թուականները։ Անոնց շարքին էր 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երբեմնի Առաջնորդ` Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը։ Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի պատգամը.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասկէ 110 տարիներ առաջ` 24 Ապրիլ 1915-ին, սկիզբ կ՛առներ հայոց կոտորածը, այն ոճիրը` որ պիտի ճանչցուէր որպէս քառասներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւ։ Եւ ահա այդ օրերուն`  30 ապրիլ 1915, թուրք զինուորներ կը պաշարէին Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը  տեղւոյն առաջնորդը մեղադրելով` թէ առաջնորդարանը դարձուցած էր  զէնքի արհեստանոց։ Անոնք սակայն ոչ մէկ բան գտնելով կը սկսին քանդել ու այրել առաջնորդարանի մէջ պահուած արխիւներն ու փաստաթուղթերը։  Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան կայքէջին մէջ հրատարակուած Գերապայծառ Իգնատիոս Արք. Մալոյանի կենսագրականին մէջ` Հայ Կաթողիկէ առաջնորդը, որ Խորաններու պատուոյն արժանացաւ 7 հոկտեմբեր 2001-ին, դառնալով Երանելի, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի օրով, եւ Հայ ազգի քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով։ 

Նոյն աղբիւրը ապա կը տեղեկացնէ որ «Մալոյանը եղած է Մարտինի հայերուն եպիսկոպոս և նահատակ այդ տարածաշրջանին մէջ հաւատքի հալածողներու կողմէն քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ժամանակ։ Հրաժարելով այլ կրօն մը ընդունելէն՝ Ան բանտին մէջ հացը օծեց իր բանտարկեալ ընկերներու հոգևոր թարմացման համար։ Աւելի ուշ գնդակահարուելով շատ այլ քրիստոնեաներու հետ միասին՝ իր արիւնը թափեց ու արժանացաւ յաւերժական խաղաղութեան մրցանակին»։

Երանացման արարողութիւնէն 14 տարիներ ետք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին ու նաեւ Մարտինի Երանաշնորհ Արքեպիսկոպոսի մահուան 110-րդ տարեդարձին առիթով, ահա Տիեզերական Եկեղեցին զայն կը դասէ Սուրբերու շարքին։ Արդարեւ այսօր ուրբաթ, 13 Յունիսի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած Կարդինալական սովորական ժողովի մը ընթացքին, ի շարունակութիւն երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին սկիզբ տուած գործընթացին, որով անցեալ 28 Մարտին վաւերացուցած էր անոր սրբադասման դատը, որոշուեցաւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երբեմնի առաջնորդ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյանի սրբադասման արարողութիւնը կատարել յառաջիկայ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, այլ Երանելիներու հետ միասին։

Այսօրուան Սուրբերու Դատերուն հայող Կարդինալական սովորական ժողովը եղաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին իր ընտրութենէն ետք գլխաւորած անդրանիկ ժողովը, եւ մեծ պատիւ է հայ ազգին որ ճիշտ այս ժողովի ընթացքին խօսուեցաւ ու նաեւ վաւերացուեցաւ հայ նահատակ հոգեւորականին սրբադասման դատի գործընթացի այս փուլը` այսինքն սրբադասման արարողութեան թուականը։ 

Ուրբաթ` 13 Յունիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին  նախագահութեամբ  կայացած վերոնշեալ Կարդինալական հաւաքը,  սկիզբ առաւ  Երրորդ Ժամու ժամասացութեամբ, որմէ ետքը քուէարկում կատարուեցաւ մի քանի Երանելիներու սրբադասման դատերու գործընթացին եւ անոնց սրբադասման արարողութեան թուականներու մասին։  

Բացի Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսէն` սրբադասուելիք սուրբերն են   Փիթըր Թօ Ռոդը, աշխարհական կրօնուսոյց ու մարտիրոս, Վինչենցա Մարիա Փոլոնի, Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնդարուհին, Մարիա Տէ Մոնթէ Քարմելօ Ռենտիլէս Մարթինէսը` Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադրուհին, Մարիա Թրոնքաթթի, Օգնական Մարիամի դուստրեր Միաբանութեան կրօնաւորուհի, Խօսէ Կրեկորիօ Հերնանտէս Չիզներոս` աշխարհական հաւատացեալ, Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի` Տոմինիքեան միաբանութեան երրորդ կարգի աշխարհական հաւատացեալ եւ Պարթոլօ Լոնկօ` հաւատացեալ, որ հիմնադիրը եղած է Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին։

«Կարդինալական վերոնշեալ Հաւաքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը որոշեց, որ Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին եւ Երանելի Քարլօ Աքուդիսի Սրբադասման արարողութիւնը ու հետեւաբար անոնց Սուրբերու Դասին մէջ դասելը կատարուի Կիրակի` 7 սեպտեմբեր 2025-ին մինչ Երանելի Իգնատիոս Շուքրալլա Մալոյեանի, Փիթըր Թօ Ռոթի, Վինչենցա Մարիա Փոլոնիի, Մարիա Տէ Մոնթէ Քարմելօ Ռենտիլէս Մարթինէսի, Մարիա Թրոնքաթթիի եւ Խօսէ Կրեկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսի ու Պարթոլօ Լոնկոյի սրբադասման արարողութիւնը կատարուի Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2025-ին» կը կարդանք ժողովի աւարտին հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։ 

 

Երանելի եւ յառաջիկայ ամիսներուն Սուրբ Իգնատիոս Մալոյանի սրբադասման թուականի յայտարարութեան ի լուր Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքի անձնակազմը կապ հաստատեց Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւոր Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի հետ որ մեզի փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Գերապայծառ Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանի վկայութիւնը



 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2025, 10:03