Մարեմեան Աղօթք. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կոչերը` խաղաղութեան, կառուցողական երկխօսութեան եւ արդարութեան ի սպաս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 15 Յունիսին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ Երրորդութեան տօնի եւ մարզանքի Յոբելեանին նուիրուած պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը դուրս եկաւ պազիլիքայէն ու Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին, ուր համախմբուած էին բազմահազար հաւատացեալներ։
Արդարեւ այսօրուան պատարագը նախատեսուած էր հրապարակին վրայ սակայն Հռոմի մէջ ջերմ կլիմայի պատճառաւ ան տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի ներքոյ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 3 հազար հինգ հարիւր ուխտաւորներ, մինչ երեսուն հազարէ աւելի հաւատացեալներ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ սպասեցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին դուրս գալը ու պատարագի հետեւեցան այնտեղ տեղադրուած խոշոր պաստառներուն միջոցաւ։
Մարզանքը խաղաղութիւն կառուցելու ճանապարհ
Նորին Սրբութիւնը ապա բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած կեդրոնական ամպիոն, ուր ողջունելէ եւ զրուցելէ ետք խումբ մը մարզիկներու հետ կեդրոնական ամպիոնէն ներկաներուն ուղղեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ յիշեց քիչ առաջ մատուցած սուրբ պատարագը եւ խօսքը ուղղեց բոլոր մարզիկներուն խրախուսելով զանոնք մարզանքը ապրելու միշտ «առատաձեռնութեան» եւ «խաղային» հոգիով, բառին ազնիւ իմաստով, քանի` որ խաղի և առողջ զուարճանքի մէջ մարդ անհատը կը նմանի իր Արարչին։
Ան ապա ընդգծեց` թէ մարզանքը խաղաղութիւն կառուցելու ճանապարհ է որովհետեւ «անիկայ յարգանքի եւ հաւատարմութեան դպրոց է, որ կ՛աճեցնէ հանդիպումի մշակոյթը եւ եղբայրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու քաջալերեց բոլոր մարզիկները «գիտակցաբար կիրառելու այս ոճը՝ դէմ հանդիսանալով բռնութեան և ճնշման բոլոր ձևերուն»։
̸իանմար
«Այսօրուան աշխարհը մեծ կարիքը ունի անոր։ Արդարեւ շատ են զինեալ հակամարտութիւնները» շարունակեց Սրբազան Պապը յիշելով `̸իանմարը, ուր «հակառակ կրակմարին կը շարունակուին բախումները, ծանր վնասներ պատճառելով քաղաքացիական ենթակառոյցներուն» եւ հրաւէր ուղղեց կողմերուն յանձն առնելու ներառող երկխօսութեան ուղին, որ «միակն է կարող առաջնորդելու խաղաղ ու կայուն լուծումի մը»։
Նիճերիա
Սրբազան Քահանայապետը յիշեց ապա անցեալ 13էն 14 յունիս երկարող գիշերուայ ընթացքին Նիճերիոյ Պենիւ նահանգի, Կումայի Ելվեթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահռելի սպանդը` որուն զոհը եղան երկու հարիւր անձեր, որոնց մեծամասնութիւնը ներքին տեղահանուածներ էին ու հիւրընկալուած էին տեղական կաթողիկէ առաքելութեան մօտ։
«Կ՛աղօթեմ, որ անվտանգութիւնը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը գերակայէն Նիճերիոյ սիրելի երկրին մէջ, որ այդքան տուժած է բռնութեան տարբեր ձևերէն» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը յատուկ աղօթքներ վստահեցնելով Պենիւ նահանգի գիւղական քրիստոնէական համայնքներուն, որոնք «անդադար բռնութեան զոհը դարձած են»։
Սուտանի մէջ սպաննուած Հայր Լիւք Եումունի համար աղօթք
Ան մտաբերեց նաեւ Սուտանի հանրապետութեան մէջ երկու տարիէ ի վեր տիրող բռնութիւնները, որոնց հետեւանքով սպաննուեցաւ նաեւ Հայր Լիւք Եումուն` Էլ Ֆշերի ժողովրդապետը, անոր հոգւոյն հանգստեան ու բոլոր զոհերուն ապահովեցնելով իր աղօթքները ապա նորոգեց կոչը բոլոր զինեալներուն դադարեցնելու գործողութիւնները, պաշտպանելու քաղաքացիական անձերը ու սկիզբ տալու խաղաղութեան ի սպաս երկխօսութեան։
Աղօթք Միջին Արեւելքի ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար
«Ես կոչ կ՛ընեմ միջազգային հանրութեան աշխուժացնելու բոլոր ջանքերը՝ լուրջ մարդասիրական ճգնաժամէն լրջօրէն տուժած բնակչութեան առնուազն անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու համար» եղաւ Լեւոն ԺԴ.-ի սրտաբուխ կոչը, որ ապա հրաւիրեց շարունակելու աղօթել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար, ու նաեւ Ուքրանիոյ ու համայն աշխարհին մէջ։
Երանելի Ֆլորիպէր Պվանա Շուի
Սրբազան Պապը յիշեց ապա թէ այսօր կէսօրէն ետք Սուրբ Պօղոսի անուան քահանայապետական պազիլիքային մէջ տեղի ունենալիք երանացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին երանելի պիտի հռչակուի 26 տարեկանին սպաննուած Ֆլորիպէր Պվանա Շուին, քոնկոլացի երիտասարդ նահատակ, որ «որպէս քրիստոնեայ կը հակառակէր անարդարութեան ու կը պաշտպանէր փոքրիկներն ու աղքատները» յարեց Սրբազան Պապը մաղթելով, որ անոր վկայութիւնը քաջալերանք եւ յոյս ըլլայ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան ու համայն Ափրիկէի երիտասարդներուն։
Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու ժամադրութիւն տալով բոլոր երիտասարդներուն մէկ ամիսէն մասնակցելու Երիտասարդներու Յոբելեանին, ապա Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրեց` որ բարեխօսէ մեզի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ