MAP

Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» Մարեմեան սրբավայրը

Քահանայապետը այսօր կէսօրէն ետք առանձնական այցելութիւնը տուաւ Հռոմի արուարձային շրջանի մէջ գտնուող Ճենածանօ քաղաքի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» Մարեմեան սրբավայրը, ուր պահպանուած է Ալպանիայէն եկած Սուրբ Կոյս Մարիամին պատկերը։ Հռոմ վերադրաձին Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, նախ քան Վատիկան երթալը, այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած աւագ տաճարը, ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին դամբանը, ուր վար մը զետեղեց ապա աղօթեց լռելեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Վատիկանէն դուրս գալու իր առաջին անակնկալ այցելութեան համար Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ընտրեց խորհրդանշական վայր մը, Հռոմէն դուրս գտնուող սրբավայր մը որ շատ սիրելի է Օգոստինեան միաբանութեան, որ այնտեղ կը գտնուին 1200 տարիէն ի վեր` Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայրը։ Սրբազան Պապը այդ վայրը այցելեց այսօր կէսօրէն ետքը ժամը 4-ի ժամանակները, առանձնական այցելութեամբ։

Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր
Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր

Սրբավայրը կը գտնուի Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան կրօնաւորներու մատակարարութեան տակ, ու սրբավայրին մէջ պահպանուած է Ալպանիայի Սքուդարի քաղաքէն բերուած Սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հին պատկեր մը, որ շատ թանկ նշանակութիւն ունի Օգոստինեան միաբանութեան և Լևոն ԺԳ Պապի յիշատակին համար, Քահանայապետը որ երբեք չէր կարողացած այցելել այդ վայրը, բայց 1903 թուականին սրբավայրը բարձրացուցած էր փոքր պազիլիքայի պատիւի։

Այլ Քահանայապետեր` ինչպէս Յովհաննէս ԻԳ-ը 1959 թուականին և Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը 1993 թուականին, կարելիութիւնը ունեցան այցելելու Սրբավայրը, եւ այսօր ահա նորընտիր Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը եւս առիթը ունեցաւ այցելելու իր միաբանութեան հսկողութեան տակ գտնուող այս իրեն սրտին խօսող սոյն սրբավայրը, ուր Ան 25 ապրիլ 2024-ին որպէս Կարդինալ պատարագ մատուցած էր ու այդ առիթով արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրած էր հաւատացեալները ներշնչում քաղելու Մարիամէն որպէսզի ամենուրէք աշխարհին մէջ տարածեն խաղաղութիւն ու հաշտութիւն։

Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր
Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր

Լեւոն ԺԴ Սրբավայր հասաւ «Volkswagen» տիպի ինքնաշարժով ու դիմաւորուեցաւ տեղի բնակչութեան կողմէ, որոնք զԱյն ընկալեցին ծափողջոյններով եւ «Լեւոն, Լեւոն» աղաղակելով, մինչ սրբավայրին մօտ գտնուող պողոտաները ի լուր Քահանայապետի ժամանումին սկսան լեցուիլ հաւատացեալներով։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ Սրբավայրին մէջ ողջունեց իր նախկին եղբայրակիցները ապա աղօթեց Եկեղեցւոյ մէջ Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, ապա ներկաներուն հետ միասին աղօթեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» նուիրուած աղօթքը։

/hy/pope/news/2025-05/hy-visita-papa-leone-xiv-santuario-madonna-buon-consiglio.html
/hy/pope/news/2025-05/hy-visita-papa-leone-xiv-santuario-madonna-buon-consiglio.html

Աւարտին` Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքէն եւ Ողջ լեր Թագուհի Մարեմեան տաղէն ետքը, Սրբազան Պապը ողջունելով ներկաները նշեց թէ ինք շատ փափաքեցաւ սայնտեղ գալ իրեն յանձնուած իր նոր Առաքելութեան այս առաջին օրերուն, յառաջ տանելու համար առաքելութիւնը` որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, եւ յիշելով նաեւ նոյն սրբավայրին իր կատարած նախորդ մէկ այցելութիւնը երբ ընտրուեցաւ Օգոստնեան Միաբանութեան Աբբահայր, Լեւոն ԺԴ վերահաստատեց իր «վստահութիւնը «Մայր Բարի Խորհրդոյ» Տիրամօր, յիշելով Սուրբ Կոյ Մարիամին Կանայի հարսանիքի ընթացքին արտասանած խօսքերը` «ինչ որ խնդրէ ձեզմէ կատարեցէք»։

Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր
Լեւոն ԺԴ այցելեց Իտալիոյ Ճենածանոյի «Մայր Բարի Խորհրդոյ» սրբավայր

Լեւոն ԺԴ Պապը հուսկ սրբավայրի հասարակութեան հետ միասին մտաւ վանքի ներքին սրահ ու անոնց հետ ունեցաւ առանձնական հանդիպում։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը դուրս գալով Սրբավայրէն, Եկեղեցւոյ մուտքին, ողջունեց բոլոր ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնելով այս ուխտագնացութիւնը կատարած ըլլալուն համար` «Մայր Բարի Խորհրդոյ» Տիրամօր, որ ըսաւ Ան «մեծ պարգեւ մըն է» Ճենածանոյի բնակիչներուն, որմէ սակայն կը բխի մեծ պատասխանատուութիւն մը. «Այնպէս ինչպէս Մայրը իր զաւակները երբեք չի լքեր, դուք ալ պէտք հաւատարին ըլլաք Մօր» ըսաւ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, ապա ողջոյն մը ուղղեց երիտասարդներուն խրախուսելով զանոնք ուրախութեամբ հետեւելու Յիսուսին, Մարիամի օրինակով։

/hy/pope/news/2025-05/hy-visita-papa-leone-xiv-santuario-madonna-buon-consiglio.html
/hy/pope/news/2025-05/hy-visita-papa-leone-xiv-santuario-madonna-buon-consiglio.html   (ANSA)

Ան ապա սրբավայրէն հրաժեշտ առնելէ առաջ օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Հռոմ վերադրաձին Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, նախ քան Վատիկան երթալը, այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած աւագ տաճարը, ու յատկապէս Ֆրանչիսկոս Պապին դամբանը, ուր սպիտակ վարդ մը զետեղեց ապա աղօթեց լռելեան։ Լեւոն ԺԴ կանգ առաւ եւ աղօթեց նաեւ` Ֆրանչիսկոս Պապին այնքան սրտին խօսող  Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերին առջեւ 

Լեւոն ԺԴ-ին աղօթքը Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին առջեւ
Լեւոն ԺԴ-ին աղօթքը Ֆրանչիսկոս Պապի շիրիմին առջեւ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2025, 18:49