Լեւոն ԺԴ.ի առաջին թուիթը` «Խաղաղութիւն Ամենեցուն»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Խաղաղութիւն ամենեցուն։ Այս է Յարուցեալ Քրիստոսի առաջին ողջոյնը. Բարի Հովիւը։ Ես ալ կ՛ուզեմ որ այս ողջոյնը մուտք գործէ ձեր սրտերուն մէջ, հասնի ձեր ընտանիքներուն, բոլոր մարդոց, ուր ալ որ գտնուին, բոլոր ժողովուրդներուն, համային երկրին»։ Այս եղաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի հրապարակած առաջին թուիթը` այսօր չորեքշաբթի 14 մայիս 2025-ին, իր ընտրութենէն գրեթէ մէկ շաբաթ ետքը։ Արդարեւ ինք եւս որոշեց պահպանել իր նախորդներուն սկսած աւանդութիւնը ու ներկայ մնալ ընկերային ցանցերու վրայ, եւ այս մէկը ըրաւ ճիշտ այն օրը երբ ուրախութիւնը ունեցաւ իր առաջին ունկնդրութիւններէն մին նուիրելու Արեւելեան Եկեղեցիներու ուխտաւորներուն, որոնց հետ հանդիպում ունեցաւ առաւօտեան անոնց փոխանցելով իր Քահանայապետի առաջին պատգամներէն մին։
Արդարեւ նոյն օր հրատարակուած երկրորդ թուիթի պարունակութիւնը քաղուած է Անոր ճառէն որուն մէջ ակնարկած էր Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին, որմէ առաւ իր անունը, որ նկատած էր թէ «արեւելեան ծէսերու պահպանումը կարեւոր է աւելի քան մեր մտածածը» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ու կոչ ուղղեց պաշտպանելու ու խթանելու քրիստոնեայ Արեւելքը, յատկապէս սփիւռքի մէջ։
Լեւոն ԺԴ.-ի Հրապարակած երրորդ թուիթն ալ կը խօսի «քրիստոնեայ Արեւելքի հոգեւորականութեան մասին, որ Քահանայապետը կ՛որակէ, «դեղորայք»։ «Անոր մէջ մարդկային թշուառութեան իմաստը կը ձուլուի աստուածային ողորմածութեան զարմանքի հետ, այնպէս որ մեր փոքրութիւնները յուսահատութիւն չի յառաջացնեն, այլ հրաւիրեն ընկալելու շնորհքը» կը կարդանք Քահանայապետական X ցանքին վրայ ուր հրատարակուեցաւ նաեւ չորրորդ թուիթ մը միշտ որպէս ներշնչում ունենալով Լեւոն ԺԴ. Արեւելեան Եկեղեցիներուն ուղղած ճառը որուն մէջ Ան կրկնեց Քրիստոսին «Խաղաղութիւն ձեզի» կոչը։
«Քրիստոսի խաղաղութիւնը հակամարտութենէ ետք գերեզմանային լռութիւնը չէ, ան ճնշման արդիւնքը չէ, այլ պարգև է, որ կը նայի մարդոց և կը վերակենդանացնէ անոնց կեանքը։Աղօթենք այս խաղաղութեան համար, որ հաշտութիւն, ներում, ու էջը դարձնելու եւ վերսկսելու քաջութիւն է» եղաւ Լեւոն ԺԴ չորեքշաբթի 14 Մայիսին հրատարակած հինգերորդ թուիթին պարունակութիւնը որուն հետեւեցաւ վեցերորդն ու եօթներորդը դարձեալ քաղուած Քահանայապետի առաւօտեան արտասանած ճառէն, ուր ընդգծուած է որ Սուրբ Աթոռը տրամադիր է այնպէս ընելու որ թշնամիները իրարու հանդիպին, որմէ կը բխի ապա Լեւոն ԺԴ կոչը ուղղուած ժողովուրդներու պատասխանատուներուն. «Հանդիպինք, խօսինք, բանակցինք»։
«Պատերազմը անխուսափելի չէ երբեք, զէնքերը կարող ու պէտք է լռեն, որովհետեւ անոնք հարցերը չեն լուծեր, այլ զանոնք կ՛աւելցնեն. Որովհետեւ պատմութեան մէջ պիտի մնայ ոչ թէ զոհ դիզողը այլ խաղաղութիւն սերմանողը, որովհետեւ միւսները նախ եւ առաջ թշնամի չեն այլ մարդկային էակներ, որոնց հետ խօսիլ» եղաւ արդարեւ Լեւոն ԺԴ.ի 14 մայիսին հրատարակած թուիթներէն վերջինը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ