Հեռախօսազրոյց Մելոնիի եւ Լեւոն ԺԴ. միջեւ. Իտալիան թիկունք կը կանգնի Սուրբ Աթոռի խաղաղութեան ջանքերուն
Ռոպէր Աթթարլան - Վատիկան
Լևոն ԺԴ. Քահանայապետի և Իտալիայի Վարչապետ Ճորճա Մելոնիի միջև տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց. Լուրը տարածեց Իտալիոյ Վարչապետական պալատը ու հաստատեց Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակը։
Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, որ Վարչապետ Ճորճա Մելոնին Սրբազան Պապին անգամ մը եւս փոխանցած է իր անձնական և Իտալիայի կառավարութեան շնորհաւորանքները՝ Պետրոսի գահին ընտրուելուն համար, և ընդգծած է այն անխզելի կապը, որ կը միաւորէ Իտալիան Քրիստոսի փոխանորդի հետ»։
«Իտալիան կը գնահատէ եւ կ՛աջակցի Սուրբ Աթոռին ջանքերուն ի նպաստ խաղաղութեան ու հակամարտութիւններու դադրեցումին բոլոր տագնապներու թատերաբեմերուն վրայ, ուր զէնքերը փոխարինեցին երկխօսութիւնը եւ համեմատութիւնը»։
Մելոնին վերահաստատեց նաեւ «Իտալիայի պատրաստակամութիւնը շարունակելու աշխատիլ Սուրբ Աթոռի հետ արհեստական բանականութեան մարդու բարոյական զարգացման և ծառայութեան համար»։ Մարտահրաւէր մը` որ կիզակէտը եղած է G7 իտալական նախագահութեան, որուն կեդրոնականութիւնը` մարդ անհատի արժանապատւութիւն, արդարութիւն ու աշխատանքի պաշտպանութիւն, ընդգծուեցան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի կողմէ անցեալ 10 Մայիսին Կարդինալական դասին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ