MAP

«Արցունքներու սենեակը» ուր կարդինալը Պապ կը դառնայ

«Արցունքներու սենեակին» մէջ նոր Պապը կը հասկնայ, որ իր դերը աւելի մեծ է իր անձէն ու ամէն օր պէտք է մեռնի ներքնապէս Քրիստոսի փոխանորդը դառնալու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Արցունքներու սենեակը», Վատիկանի խորհրդանշական եւ հոգեւոր սենեակներէ մին է, որ յայտնի է քահանայապետին պաշտօնի տուչութեան ժամանակ՝ իր խոր նշանակութեամբ։ Սկզբնապէս անիկա փոքր, պարզ սենեակ է՝ մի քանի անհրաժեշտ կահոյքով եւ մեծ արժէք ներկայացնող որմանկարներով, որոնց շարքին Միքելանճելոյի եւ Փերուճինոյի որմանկարներով, որոնք կը պատկերացնեն կրօնական տեսարաններ եւ պապական պատկերագրութիւններ։

Սենեակը կը խորհրդանշէ գիտակցութեան եւ անցումային պահ. Այնտեղ նոր Պապերը, մի քանի օր տեւած Քոնկլաւէն ետք կը պատրաստուին ու կը հագնին պապական զգեստները, որոնք կը խորհրդանշեն իրենցմէ մեծ առաքելութիւնը ու կը համեմատուին իրենց հոգեւոր դերի ծանրութեան հետ։

Սենեակի մէջ զետեղուած յուշատախտակները կը յիշեցնեն Հռոմի պապ՝ Գրիգոր ԺԴ, որ լացաւ իր ընտրութեան ժամանակ եւ Սիքստոս Դ որ ծունկի եկած Տիրամօր ոտքերուն մօտ, կ՝ընդգծէ Պապականութեան առաքելութիւնն ու խաչը։

Սենեակը կը խորհրդանշէ գիտակցութեան պահ մը, Հռոմի Պապը կը հասկնայ որ իր դերը աւեքի մեծ է քան իր անձը եւ ամէն օր պէտք է «մեռնի» իր անձին մէջ՝ Քրիստոսի փոխանորդը դառնալու համար։

Այս սենեակէն անցնիլ կը նշանաւորէ անդառնալի փոփոխութիւն, անցում մարդկայինէն դէպի աստուածային, խոր ինքնադիտարկման եւ հաւատքի պահ խորհրդանշուած հագուստի փոփոխութեամբ եւ սրբազան ու համընդհանուր առաքելութեան մէջ մտնելու գիտակցութեամբ։

Արցունքներուն սենեակը հրաւէր է մտածելու քահանայապետի պաշտօնի տուչութեան հոգեւոր արժէքի, ծառայութեան գերբնական չափին եւ այս անցումին իմաստը հասկանալու համար հաւատքի հայեացքի անհրաժեշտութեան շուրջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2025, 12:48