MAP

Քահանայապետին մատանի Քահանայապետին մատանի  (ANSA)

Քահանայապետական Եմիփորոնի եւ մատանիին իմաստը

Նոր Քահանայապետի ընտրութեան պարագային երկու կարեւորագոյն նշաններուն իմաստը, զոր Ան կը կրէ երբ կը յայտնուի աշխարհին։ Առաջինը Եմիփորոնն է եւ երկրորդը Մատանին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այս բացատրութիւնները քաղուած են երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետութեան սկիզբին առիթով արտասանած քարոզէն որուն մէջ բացատրեց Նոր Քահանայապետի ընտրութեան պարագային  անոր կրած երկու կարեւորագոյն նշաններուն իմաստը։

Քահանայապետական Եմիփորոնը

Մաքուր բուրդէ հիւսուած Եմիփորոնը կը դրուի Պապին ուսերուն վրայ։  Այս մէկը չորրորդ դարէն սկսած շատ հին նշան է, որ Հռոմի եպիսկոպոսը կը կրէ իր ուսերուն վրայ եւ կարելի է համարել, Քրիստոսի բեռը, որ Հռոմի եպիսկոպոսը՝, Աստուծոյ ծառաներուն ծառան կը կրէ իր ուսերուն վրայ։ 

Աստուծոյ Լուծը Աստուծոյ կամքն է` որ մենք կ՝ընդունինք եւ այս կամքը արտաքին բեռ չէ, որ ճնշէ մեր վրայ կամ խլէ մեզ ազատութենէն։ 

Եմիփորոնը` որ հիւսուած է գառնուկի բուրդով, կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը կամ ալ տկար եւ հիւանդ ոչխարը, որ հովիւը իր ուսերուն վրայ կը դնէ եւ կը տանի դէմ կեանքի ջուր։

Կորսուած ոչխարին առակը, որ հովիւը կը փնտռէ անապատին մէջ, եկեղեցւոյ հայրապետներուն համար Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ խորհուրդին պատկերն էր։

Մարդկութիւնը՝ մենք բոլորս, անապատին մէջ կորսուած ոչխարներ ենք, որ ճանապարհը չի գտներ։ Աստուծոյ Որդին չի ձգեր մարդկութիւնը անմխիթար վիճակի մէջ։ Աստուած բարի հովիւն է, որ իր կեանքը կը նուիրէ ոչխարներուն համար։

Եմիփորոնը նախ եւ առաջ կ՝արտայայտէ, որ Քրիստոս մեզ կը կրէ իր ուսերուն վրայ։ Սակայն միեւնոյն ժամանակ ան մեզ կը հրաւիրէ զիրար գրկելու։ Այդպէսով եմիփորոնը կը դառնայ հովիւի առաքելութեան խորհրդանիշը։

Երկրորդ նշանը` ձկնորսի մատանին

Սուրբ Պետրոսի  հովիւ դառնալու կոչումին, կը յաջորդէ  առատ ձկնորսութեան դրուագը։ Արդարեւ այն գիշերուընէ ետք, երբ առաքեալները անյաջողութեամբ նետեցին իրենց ուռկանները ու ծովու ափին վրայ տեսան Յարուցեալ Յիսուսը, Ան  անոնց կը հրամայէ,  որ դարձեալ նետեն այդ ուռկանները ու այս հրահանգին վրայ տեղի կ՛ունենայ առատ ձկնորսութիւնը։ 

Այս դրուագը, որ Յիսուսին աշխարհի մէջ ուղեւորութեան վերջինն էր, կը համապատասխանէ նաեւ Յիսուսին իր աշակերտներուն հետ ունեցած հանդիպումին։ Այդ ժամանակ Ան Պետրոսին ըսած էր որ դարձեալ բացերը երթար եւ ուռկանները նետէր, եւ Պետրոս հնազանդած էր Անոր եւ վերադարձին Յիսուս Անոր կ՛ըսէ. Այսօրուընէ ետք մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։

Այսօր եւս եկեղեցւոյ եւ առաքեալներու յաջորդներուն կ՝ըսուի, որ դուրս գան պատմութեան ծովէն եւ նետեն իրենց ուռկանները, ժողովուրդը՝ Աւետարանին, Աստուծոյ, Քրիստոսի, իսկական կեանքի առաջնորդելու համար։

Այո՛, մենք գոյութիւն ունինք զԱստուած մարդոց ցոյց տալու համար։ Եւ միայն այնտեղ, ուր Աստուած կ՛ երևի, կեանքն իսկապէս  կը սկսի։ Միայն այն ժամանակ, երբ մենք հանդիպինք կենդանի Աստուծոյն Քրիստոսի մէջ, կը հասկանանք, թէ ինչ է կեանքը։ Մենք  բարեշրջումի անիմաստ արդիւնք չենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ մտքին պտուղն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2025, 11:57