Կարդինալ Կուճերոթթի. Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունկնդրենք բռնութեան ենթարկուած կեանքին ճիչը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս, ուրբաթ 2 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը հինգին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի եօթներորդ Սուրբ Պատարագը գլխաւորեց Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութեան երբեմնի վերատեսուչ, կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։
Անոր հետ համապատարագեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներ ու եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերական դասի անդամներ, Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւորն ու սաները, քոյր եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւորհուին ու միաբանակից Քոյրերը ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ բոլորը միասնաբար համախմբուած աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան համար։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ի շարս արեւելածէս շարականներու ու մեղեդիներու, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ լսելի դարձաւ հայկական «Տէր Ողորմեա» ն կատարողութեամբ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի աւագ նորընծաներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան համար մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Կարդինալ Կուճերոթթին անդրադառնալով մարդկութեան եւ Երկրի ցաւի ճիչին նշեց, որ այդ ցաւերը մեղմացնելու եւ անարդարութեան արձագանքելու համար, հարկ է որ զանոնք բարձրացնենք ու ներկայացնենք Հօր Աստուծոյ, այնպէս ինչպէս խնդրած էր, Ֆրանչիսկոս Պապը։
«Եկէ՛ք, հաւաքենք՝ ինչպէս մեզի սորվեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը «բռնաբարուած կեանքի ճիչը, երկրի ճիչը եւ ատելութեամբ տապալուած մարդկութեան ճիչը, որ կեանքի արժէքի խոր արժեզրկման պտուղն է, ու զանոնք յանձնենք հօր Աստուծոյ, ըսաւ Ծիրանաւորը
Կարդինալ Կուճերոթթի քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ ինչպէս օրուան աւետարանի մէջ նշուած Յիսուսի Յարութիւնը, բնական իրողութիւն մը չէ այլ Աստուծոյ պարգեւն է, որ իրականացաւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ու դատապարտեց այն իրողութիւնը, թէ ինչպէս այսօր արարչագործութիւնն ու մարդկային անձը արժեզրկուած է։ «Արարչագործութիւնը, մարդկութեան ճանապարհորդութեան ուղեկիցն է, կոչուած է համերաշխութեան եւ յարգանքի», նիւթ մը որ շատ սիրելի էր Ֆրանչիսկոս Պապին։
Կարդինալ Կուճերոթթի բարձր գնահատեց արեւելեան եկեղեցիներուն հոգեւորականութիւնն ու Աստուածաբանական ժառանգութիւնը, որ յաճախ քիչ յայտնի է ԱրեւմուտքիՆ մէջ , ընդգծելով թէ ինչպէս անոնց կապը քրիստոնէական ծագումին եւ նահատակութեան հետ հարստացուց համընդհանուր եկեղեցին։ Ան յիշեց նաեւ հաղորդութեան պատմական դժուարութիւնները, որոնք յաճախ սխալ ընկալուած կամ թերագնահատուած են։
Վերջապէս կարդինալ Կուճերոթթին յիշեցնելով իր եղբայրակից կարդինալները, որ կը մօտենայ այն օրը «երբ մենք կանչուած են Նոր Պապը ընտրելու», հրաւիրեց կրկնել Սուրբ Հոգիին կոչը, որ մեծ արեւելեան հայրապետ՝ Սուրբ Սիմէսն Նոր Աստուածաբանը գրած իր շարականներու սկիզբը. «Ե՛կ, ճշմարիտ լոյս, ե՛կ, յաւիտենական կեանք, ե՛կ անանուն գանձ։
Կարդինալ Կուճերոթթին պատարագը աւարտելէ առաջը շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր ներկաներուն, կաթողիկէ արեւելքի Հովուապետներուն, ու նաեւ ոչ կաթողիկէ եղբայրներուն, իրենց մասնակցութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ