MAP

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Յիսուսին Խօսքը բոլորին է բայց իւրաքանչիւրի մէջ կը գործէ տարբեր ձեւով

«Յիսուսն է Խօսքը, Սերմը։ Եւ սերմը, որպէսզի պտուղ տայ պէտք է մեռնի։ Եւ ահա այս առակը մեզի կ՛ըսէ, որ Աստուած պատրաստ է մեզի համար «մսխելու ինքզինք» ու Յիսուս պատրաստ է մեռնելու՝ մեր կեանքը փոխակերպելու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ուրախ եմ ձեզ ընկալելու այս իմ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան», այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. ընկալեց աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները, որոնք մեծ թիւով հասան Սուրբ Պետրոս հրապարակ մասնակցելու համար նորընտիր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի առաջին հրապարակային ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց չորեքշաբթի 21 Մայիս 2025-ի առաւօտեան։

«Կը վերսկսիմ Յոբելենական քրիստոնէականի «Յիսուս Քրիստոս, մեր Յոյսը» թեմայով շարքը, որ սկսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը» ըսաւ ապա Փրեվոսթ Սրբազան Պապը նշելով, որ պիտի շարունակէ խորհրդածել Յիսուսի առակներու մասին, «որոնք մեզի կ՛ օգնեն վերագտնելու յոյսը, որովհետեւ մեզի ցոյց կու տան թէ ինչպէս Աստուած կը գործէ պատմութեան մէջ»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանին մէջ պատմուած սերմնացանի առակին վրայ «որ տեսակ մը բոլոր առակներուն նախաբանն է» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը որով կարող ենք հասկնալ Յիսուսի հաղորդակցութեան ոճը։

«Իւրաքանչիւր առակ կը պատմէ առօրեայ կեանքէն վերցուած պատմութիւն մը, բայց ան կ՛ուզէ մեզի աւելին պատմել... Առակը մեր մէջ հարցեր կը յառաջացնէ, ան մեզ կը հրաւիրէ չսահմանափակուիլ արտաքին տեսքով» նշեց հուսկ Լեւոն ԺԴ բացատրելով որ առակ բառը կը գայ Յունարէն «փարապալլէյն» բառէն որ կը նշանակէ «նետել բանի մը առջեւ»։ «Ան արդարեւ մեզ կը ներէ խօսքի մը առջեւ որ մեզ կը մղէ մենք մեզի հարցեր տալու» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով սերմնացանին առակը, որ կը խօսի ճիշտ Աստուծոյ Խօսքի շարժականութեան ու անոր թողած հետեւանքներու մասին։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (ANSA)

«Արդարեւ Աւետարանի իւրաքանչիւր խօսք նման է սերմի մը որ կը նետուի մեր կեանքի արտին մէջ։ Յիսուս շատ անգամ կ՛օգտագործէ սերմին պատկերը, տարբեր իմաստներով։ Մատթէոս Աւետարանի 13-րդ գլխուն մէջ պատմուած սերմնացանի առակը սկիզբ կու տայ շարք մը այլ փոքր առակներու, որոնցմէ մի քանիները ճշգրտօրէն կը խօսին հողին մէջ տեղի ունեցածի մասին՝ ցորենն ու որոմները, մանանեխի հատիկը, դաշտին մէջ թաքնուած գանձը»։

«Ի՞նչ է ուստի այս դաշտը», հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց. «Անիկա մեր սիրտն է, բայց նաեւ աշխարհը, հասարակութիւնը, Եկեղեցին։ Աստուծոյ խօսքը, ըստ էութեան, կը պարարտացնէ եւ կը հրահրէ իւրաքանչիւր իրականութիւն» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.ը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

«Յիսուսին խօսքը ուղղուած է բոլորին բայց տարբեր ձեւով կը գործէ իւրաքանչիւրին մէջ» շարունակեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ինչպէս սերմնացանն ալ դուրս գալով չի մտահոգուիր թէ ուր կ՛իյնան սերմերը։ Ան ամէն տեղ կը նետէ զանոնք, նոյնիսկ վայրերու մէջ ուր անհաւանական է որ պտուղ տան. Ճամբուն եզրին, փուշերուն մէջ,, քարերուն վրայ...բայց ի՞նչու հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու բացատրեց. «Մենք վարժուած ենք ամէն բանի հաշիւը կատարելու - եւ շատ անգամ անհրաժեշտ է – բայց այս մէկը վաւեր չէ սիրոյ համար։ Պատկերը` որով սերմնացանը կը նետէ սերմերը պատկերն է ձեւին, որով Աստուած կը սիրէ։

Լեւոն ԺԴ.
Լեւոն ԺԴ.   (@Vatican Media)

Ճիշտ է, որ սերմի ճակատագիրը կախուած է նաև այն բանէն, թէ ինչ ձեւով զայն կ՛ընդունի հողը եւ ինչ իրավիճակի մէջ կը գտնուի եւ առակին մէջ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ որ Աստուած իր խօսքի սերմը կը ցանէ ամէն տեսակի հողի վրայ, այսինքն՝ մեր ցանկացած իրավիճակի մէջ. երբեմն մենք աւելի մակերեսային ենք և շեղուած, երբեմն թոյլ կու տանք, ոգևորուիլ, երբեմն ճնշուած ենք կեանքի հոգերով, բայց կան նաև պահեր, երբ մենք հասանելի ենք և ընկալող»։

«Աստուած կը յուսայ որ ուշ թէ կանուխ սերմը ծիլ տայ։ Ան այսպէս է` որ մեզ կը սիրէ, չի սպասեր, որ դառնանք պարարտ հող մը, առատօրէն մեզի կը պարգեւէ իր խօսքը։ Եւ մի գուցէ տեսնելով, որ Ան մեր վրայ կը վստահի մեր մէջ արթննայ իղձը դառնալու աւելի լաւ հող մը» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ այս է յոյսը, հիմնուած Աստուծոյ ողորմութեան ու վեհանձնութեան ժայռին վրայ»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

«Յիսուսն է Խօսքը, Սերմը։ Եւ սերմը, որպէսզի պտուղ տայ պէտք է մեռնի։ Եւ ահա այս առակը մեզի կ՛ըսէ, որ Աստուած պատրաստ է մեզի համար «մսխելու ինքզինք» ու Յիսուս պատրաստ է մեռնելու՝ մեր կեանքը փոխակերպելու համար» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մտաբերելով «Van Gogh»ի «Սերմնացանը մայրամուտին» գեղեցիկ ստեղծագործութիւնը, որ կը խօսի նաեւ գիւղացիի յոգնութեան մասին, որուն ետին «Van Gogh» գծագրած է արդն հասուն ցորենը, որ կը ներկայացնէ յոյսին պատկերը, դիտել տուաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ այդ ստեղծագործութեան կիզակէտին, որ սերմնացանը չէ այլ արեւը, որ մեզի կը յիշեցնէ` որ «Աստուած է պատմութիւնը շարժողը, նոյնիսկ երբ երբեմն մեզի կը թուայ, որ հեռու կամ բացակայ է։ Արևն է, որ տաքցնէ հողի կոյտերը և կը հասունցնէ սերմը» հաստատեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու թէ «ո՞ր կացութեան մէջ է, որ այսօր Աստուծոյ խօսքը մեզի կը հասնի» ու նաեւ Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը մշտապէս ընկալելու անոր խօսքը։

«Եւ եթէ անդրադառնանք, որ մենք բերրի հողմը  չենք, չի յուսահատինք, այլ խնդրենք Անորմէ, որ աւելի շատ աշխատի մեր վրայ, որպէսզի մենք դառնանք աւելի լաւ հող մը» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2025, 10:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >